Ճշմարիտ Պաշտամունքը կը Տարածուի Արեւելեան Եւրոպայի Մէջ
1 Առաջին դարու Քրիստոնեաները Թագաւորութեան նախանձախնդիր քարոզիչներ էին։ Անոնք կ’ուրախանային երբ «օրէ օր [ժողովքներուն] թիւը կ’աւելնար»։ (Գործք 16։5) Անոնց խիզախ քարոզչութիւնը, ճշմարիտ պաշտամունքը հասցուց մինչեւ Ասիա, Ափրիկէ ու Եւրոպա, հաւատացեալներու ճոխ հունձք մը մէջտեղ բերելով։
2 Այս վերջին ժամանակին մէջ, ճշմարիտ պաշտամունքը կը շարունակուի տարածուիլ, յատկապէս Արեւելեան Եւրոպայի երկիրներուն մէջ։ Մինչեւ 1990–ական տարիներուն սկիզբը կառավարական արգելքներու տակ եղող երկիրներու մէջ, ներկայիս աչքառու յաւելումներ կ’արձանագրենք։ 1999–ի Տարեգիրքը ցոյց կու տայ թէ այսպիսի երկու երկիրներ՝ Ռուսաստան եւ Ուգրանիա, իւրաքանչիւրը 100,000–է աւելի հրատարակիչներ տեղեկագրեց դաշտի ծառայութեան մէջ։ Նախկին Սովետական Միութեան 15 հողամասերուն մէջ, 1991–էն ի վեր աւելի քան 220,000 անհատներ իրենց անձերը Եհովայի նուիրած ու մկրտուած են։ Այս արագ աճը անհրաժեշտ դարձուցած է որ բազմաթիւ նոր Թագաւորութեան Սրահներ ու Համաժողովի Սրահներ կառուցուին, ինչպէս նաեւ մասնաճիւղերէն ոմանք ընդարձակուին։
3 Ինչպէս ծանուցուեցաւ Մարտ 1997–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին մէջ, Ընկերութեան՝ Թագաւորութեան Սրահներու Հիմնադրամին մէկ մասը ներկայիս փոխ կը տրուի հայթայթելու համար այն երկիրներու մէջ գտնուող ժողովքներուն, ուր յաւելեալ Թագաւորութեան Սրահներու ստիպողական կարիքը կայ, սակայն՝ սահմանափակ եկամուտ ու տնտեսական խիստ պայմաններ կան։ 1996 Մարտէն 1998 Հոկտեմբերի միջեւ, Ընկերութիւնը՝ Արեւելեան Եւրոպայի 11 երկիրներու վրայ հսկող մասնաճիւղերու հաւանութիւն տուաւ, 359 Թագաւորութեան Սրահներու համար փոխառութիւն տալու։ Այս նուիրատուութիւնները կը գործածուին նոր Թագաւորութեան Սրահներ կառուցելու նպատակաւ հող եւ հարկ եղած նիւթեր գնելու համար, նաեւ՝ ժողովքներու օգնելու որ արդէն գոյութիւն ունեցող սրահները վերանորոգեն։ Հոս ցոյց տրուած պատկերները գաղափար մը կու տան, թէ ի՛նչպէս Միացեալ Նահանգներու եւ ուրիշ երկիրներու մէջ Ընկերութեան Թագաւորութեան Սրահներու Հիմնադրամին յատկացուած նուիրատուութիւններէն օգտուած են Արեւելեան Եւրոպայի մեր եղբայրները։
4 1998–ի ընթացքին, Պուլկարիա 12 առ հարիւր յաւելում ունեցաւ, իսկ եղբայրները ուրախացան երբ այդ տարուան Ապրիլին, իրենց առաջին Թագաւորութեան Սրահին բացումը ըրին։ Խրուաթիա 4 առ հարիւր յաւելում ունեցաւ, իսկ ներկայիս եղբայրները հոն յաւելեալ Թագաւորութեան Սրահներ կը կառուցանեն, ճշմարիտ պաշտամունքը յառաջ տանելու համար։ Հունգարիոյ մէջ, շուրջ 80 Թագաւորութեան Սրահներ կը գործածուին 144 ժողովքներու կողմէ։ Ասիկա կը նշանակէ թէ այդ երկրին մէջ, 235 ժողովքներուն 61 առ հարիւրը իրենց պաշտամունքի անձնական վայրը ունին։ Մակեդոնիոյ մէջ, Թագաւորութեան Սրահներու կառուցման յայտագիրը երկու նոր սրահներ ամբողջացուցած է եւ աւելի սրահներ կառուցման վրայ են։ 1999–ի ամրան, Սգոբյէ մայրաքաղաքին մէջ զոյգ Թագաւորութեան Սրահ մը ամբողջացաւ։ Այս Սրահը առնուազն վեց ժողովքներու ծառայելու կարելիութիւնը ունի։
5 Ռուսաստանի մէջ, անցեալ տարի, ամէն շաբաթ միջին հաշուով աւելի քան 260 անհատներ մկրտուեցան։ Ռուսաստանի մասնաճիւղը, ուրիշ երկիրներու օրինակին հետեւելով, ներկայիս 12 Տեղական Շինարարութեան Յանձնախումբեր կազմակերպած է իրենց ամբողջ հողամասի տարածքին, Թագաւորութեան Սրահներու կառուցման ապագայ ծրագիրներու նեցուկ կանգնելու համար։ Սէնթ Փէթէրզպուրկի հիւսիսային մասին մէջ, այդ երկրին առաջին Համաժողովի Սրահը կառուցման ընթացքի մէջ է, որ 1,600 նստարաններ պիտի ունենայ։ Այդ կառոյցը նաեւ հինգ Թագաւորութեան Սրահներ պիտի պարփակէ, իւրաքանչիւրը՝ 200 նստարաններով։ Ուգրանիոյ մէջ մեր եղբայրներուն ու բազմաթիւ հետաքրքրուած անհատներուն հոգեւոր կարիքներուն ծառայելու համար, 84 Թագաւորութեան Սրահներ ամբողջացուած են, իսկ 80 հատ ալ կառուցման ընթացքի մէջ են։
6 Արեւելեան Եւրոպայի մէջ այս յաւելումը իրապէս մեր սիրտը չուրախացնե՞ր։ Ուր որ ալ ապրինք, ճշմարիտ պաշտամունքի ընդարձակուիլը մեզի կը յիշեցնէ թէ Աստուած անաչառ է եւ թէ իր համբերութիւնը «մեծ բազմութեան» համար փրկութիւն պիտի նշանակէ։ (Յայտ. 7։9. Բ. Պետ. 3։9) Ի՜նչ մեծ առանձնաշնորհում է պզտիկ չափով նպաստել ուրիշներու հոգեւոր աճման, նոյնիսկ հեռաւոր երկիրներու մէջ։ Առակաց 28։27 մեզ կը հաւաստիացնէ թէ «աղքատին տուողը կարօտ չ’ըլլար»։ Կառուցման այս ծախսերը գոցելու մեր պատրաստակամութիւնը պատճառ կ’ըլլայ որ նիւթական բաներու «հաւասարութիւն» ըլլայ, կարող դարձնելով որ բոլորս տալէն յառաջ եկող ուրախութիւնը, եւ ճշմարիտ պաշտամունքի համաշխարհային ընդարձակումը տեսնելու ուրախութիւնը վայելենք։—Բ. Կորն. 8։14, 15. Գործք 20։35
[Նկար՝ էջ 3]
Սասելէ, Ռումանիա
[Նկար՝ էջ 3]
Մաարտու, Էսթոնիա
[Նկար՝ էջ 3]
Սեւնիքա, Սլովենիա
[Նկար՝ էջ 3]
Թիսզավասվարի, Հունգարիա
[Նկար՝ էջ 4]
Յուրմալա, Լաթվիա
[Նկար՝ էջ 4]
Թորաժ, Լիթուանիա
[Նկար՝ էջ 4]
Թալին, Էսթոնիա
[Նկար՝ էջ 5]
Փրիվիծա, Սլովաքիա
[Նկար՝ էջ 5]
Մաթեսզալքա, Հունգարիա
[Նկար՝ էջ 5]
Պելկրատ, Եուկոսլաւիա
[Նկար՝ էջ 6]
Ռումա, Եուկոսլաւիա
[Նկար՝ էջ 6]
Վրանով նատ Թոփլու, Սլովաքիա
[Նկար՝ էջ 6]
Թորնագալնզ, Լաթվիա