Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 9/99 էջ 7
  • Հարցումի Տուփ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Հարցումի Տուփ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1999)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Հիմակուընէ պատրաստուէ բժշկական անակնկալ պարագայի
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2023)
  • ՁԵՐ ԶԱՒԱԿՆԵՐԸ ԱՐԵԱՆ ՆԵՐԱՐԿՈՒՄԷՆ ՊԱՀՊԱՆԵՑԷՔ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1992)
  • Արեան նկատմամբ Աստուծոյ տեսակէտը
    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն. Սուրբ Գիրքի դասընթացք
  • Հարցումի Տուփ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1995)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1999)
թծ 9/99 էջ 7

Հարցումի Տուփ

◼ Անակնկալ պարագայի մը համար պատրաստուա՞ծ էք։

Արդի աշխարհին մէջ, «ժամանակ ու դիպուած» յաճախ ձեռք ձեռքի տուած բժշկական անակնկալ պարագայ մը կը ստեղծեն, ի ներառեալ արեան ներարկում ընդունելու ճնշում մը։ (Ժող. 9։11) Այսպիսի հաւանականութեան մը պատրաստ գտնուելու համար, Եհովա իր կազմակերպութեան միջոցաւ բազմաթիւ կերպերով օգնութիւն հայթայթած է, բայց ան կ’ակնկալէ որ մենք ալ մեր բաժինը ընենք։ Ստորեւ ցանկ մը կու տանք ձեզի օգնելու համար։

• Ամէն ժամանակ ձեր հետ ունեցէք Բժշկական Կանխայայտ Ցուցմունք/Անպարտագիր ընթացիկ քարտը։

• Վստահ եղէք որ ձեր զաւակները իրենց վրայ կը կրեն ընթացիկ Անձնագիրը։

• Վերաքաղ ըրէք Սեպտեմբեր 1992–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին յաւելուածականը, փորձեր ընելով թէ ձեր զաւկին դարմանումին նկատմամբ բժիշկներու եւ դատաւորներու հետ ի՛նչպէս պիտի պատճառաբանէք։

• Վերաքաղ ըրէք արեան մասնիկներուն եւ արեան փոխընտրութիւններուն մասին յօդուածներ։ (Կը յանձնարարուի հետեւեալը. Դիտարան 1 Հոկտեմբեր 1994, էջ 31 (Անգլերէն). 1 Յունիս 1990, էջ 30-31 (Անգլերէն). 1 Մարտ 1989, էջ 30-31 (Անգլերէն). Զարթի՛ր 8 Դեկտեմբեր 1994, էջ 23-27. 8 Օգոստոս 1993, էջ 22-25. 22 Նոյեմբեր 1991, էջ 10. եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը, Սեպտեմբեր 1992 եւ Նոյեմբեր 1990–ի յաւելուածականները։ Զանոնք թղթածրարի մը մէջ դրէք, որպէսզի ձեռքի տակ ունենաք։)

• Խղճմտօրէն որոշեցէք թէ արիւնը մարմնէն դուրս շրջագայեցնող գործիքներու գործածութիւնը կ’արտօնէ՞ք, կամ թէ արեան մասնիկներ պարունակող բաղադրութիւններ կ’ընդունի՞ք։ (Եթէ բժշկական հոգատարութեան մնայուն լիազօրութեան փոխանորդագրի պատճեն մը լեցնէք, որ յանձնարարելի է, պիտի տեսնէք թէ պատճենին վրայ բաժին մը կայ ուր կրնաք գրել դարմանումի ձեր իրազեկ ընտրութիւնը։)

• Եթէ կարելի է, հիւանդանոց չգացած երէցները տեղեակ պահէք, որպէսզի կարենան ձեզի նեցուկ կանգնիլ եւ եթէ հարկ ըլլայ Հիւանդանոցի Յարակցութեան Յանձնախումբին (HLC) հետ կապ պահեն։ Անչափահասի մը պարագային, երէցներէն խնդրեցէք որ այս Յանձնախումբը նախապէս տեղեակ պահեն։

Արեան Մերժումը Բացայայտ Ըրէ՛ք. Տեղեկագրութիւններ ցոյց կու տան թէ եղբայրներէն ու քոյրերէն ոմանք մինչեւ վերջին վայրկեան կը սպասեն գործողութիւն ընող բժիշկին ըսելու համար թէ արիւն չեն ուզեր։ Ասիկա բժշկական անձնակազմին հանդէպ անիրաւութիւն է եւ անհատը արեան ներարկումի վտանգին կ’ենթարկէ։ Եթէ բժիշկները գիտնան թէ ձեր համոզումներուն ու փափաքներուն թիկունք կանգնող ստորագրուած փաստաթուղթեր կան, որոնք ձեր կողմէ տրուած մասնայատուկ ուղղութիւններ կը բովանդակեն, ասիկա կ’օգնէ որ անյապաղ գործի լծուին եւ առանց արիւնի բժշկական խնամք մատակարարելու յաւելեալ փոխընտրութիւններ ունենան։

Քանի որ բժշկական անակնկալ պարագայ մը որեւէ ժամանակ կրնայ պատահիլ եւ սովորաբար երբ չակնկալուիր՝ հիմա՛ իսկ քայլեր առէք որ դուք ձեզ ու ձեր զաւակները պաշտպանէք արեան ներարկումէ։—Առ. 16։20. 22։3

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել