Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 12/95
  • Հարցումի Տուփ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Հարցումի Տուփ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1995)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Հարցումի Տուփ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1999)
  • Հիմակուընէ պատրաստուէ բժշկական անակնկալ պարագայի
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2023)
  • Աստուծոյ տուած նուէրը՝ կեանքը արժեւորենք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2023
  • ՁԵՐ ԶԱՒԱԿՆԵՐԸ ԱՐԵԱՆ ՆԵՐԱՐԿՈՒՄԷՆ ՊԱՀՊԱՆԵՑԷՔ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1992)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1995)
թծ 12/95

Հարցումի Տուփ

◼ Մկրտուած բոլոր հրատարակիչները պէ՞տք է առողջապահական փոխանորդագրի թղթիկները լեցնեն, զորս Ընկերութիւնը անցեալ տարի բոլոր ժողովքներուն յղեց։

«Ժամանակ ու դիպուած» կրնան յանկարծ մեզ մատնել Եհովայի հանդէպ մեր ուղղամտութիւնը փորձող վիճակներու։ (Ժող. 9։11) Այսպիսի մարտահրաւէրներու համար առաջուընէ պատրաստուիլը պիտի նուազեցնէ Սատանայի պատեհութիւնը որ մղէ մեզ զիջում ընելու։ (Առ. 22։3. Ա. Պետ. 5։8) Մեր ուղղամտութեան վրայ Սատանայէ ներշնչուած յարձակումներու մէկ օրինակն են բժշկական աննախատեսելի ստիպողական վիճակները, որոնք ‘արիւնէ ետ կենալ’ու մեր որոշումին ասպարէզ կը կարդան։—Գործք 15։28, 29

Այսպիսի բժշկական վիճակներու մէջ օգնութիւն ստանալու համար, Դեկտեմբեր 1994–ին Ընկերութեան օրինական բաժինին կողմէ Միացեալ Նահանգներու մէջ բոլոր ժողովքները առողջապահական փոխանորդագրի թղթիկներ ստացան։ Նահանգային ու դաշնակցային յարմար օրէնքներ գործածելով, այս թղթիկները կ’ակնկալեն վերոյիշեալ բժշկական ստիպողական վիճակները եւ օրինական հեղինակութեան կ’ակնարկեն, այն դատաւորներու եւ հիւանդանոցի փաստաբաններու համար որոնք արեան մեր մերժումը կը հարցաքննեն կամ անոր ասպարէզ կը կարդան։ Ասկէ զատ, այս թղթիկները բժշկական մանրամասն տեղեկութիւններ կը ներկայացնեն արեան մասնիկներուն, փոխընտրական անարիւն դարմանումին եւ կեանքին վերջ դնելու որոշումին մասին։

Մկրտուած բոլոր հրատարակիչները պէ՞տք է առողջապահական փոխանորդագրի թղթիկները լեցնեն։ Ինչպէս Դեկտեմբեր 1994 Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին ծանուցումը ըսաւ, «Հրատարակիչները այս թղթիկները լեցնելու պարտաւորուած չեն»։ Արդ, անիկա անձնական որոշում մըն է, զոր ամէն մէկս պէտք է առնէ։ Սակայն, Ընկերութեան այս կարգադրութեան առնչութեամբ որոշում առնելու ատեն, պէտք է վստահ ըլլանք որ մեր լաւագոյնը ըրած ենք Աստուած անպատուող արեան ներարկումէն մենք մեզ հեռու պահելու։—Առ. 9։9

Ինչպէս նշուած է Դեկտեմբեր 1994 Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին մէջ, հրատարակիչները իրենց ժողովքի քարտուղարէն կրնան այս փոխանորդագրի թղթիկները ձեռք ձգել, ինչպէս նաեւ՝ տպուած յարակից հարցումներ ու պատասխաններ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել