Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 9/99 էջ 8
  • Հինտուի մը Ի՞նչ Պիտի Ըսէք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Հինտուի մը Ի՞նչ Պիտի Ըսէք
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1999)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Բոլոր Լեզուներու եւ Կրօնքներու Պատկանող Մարդոց Վկայենք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1998)
  • Այս գրքոյկները կը գործածե՞ս
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2012)
  • Օգնել անոնց՝ որոնք տակաւին պատրաստ չեն «Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ» գիրքը սերտելու
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2013)
  • Դաշտի Ծառայութեան Համար Թելադրուած Ներկայացումներ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2002)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1999)
թծ 9/99 էջ 8

Հինտուի մը Ի՞նչ Պիտի Ըսէք

1 Հաւանաբար տեղեակ էք որ մեծ թիւով Հինտուներ կ’ապրին զանազան երկիրներու մէջ, ինչպէս նաեւ այս երկրին մէջ։ Ասիկա կը նշանակէ թէ ուշ կամ կանուխ, ձեր ծառայութեան մէջ կրնաք Հինտուի մը հանդիպիլ։ Եթէ ասիկա պատահի, այցելութիւնը ի՞նչպէս ձեռք պիտի առնէք։

2 Այս Կէտերը Յիշեցէք. Հինտուներու վկայելու մէջ յաջողութիւն գտած միսիոնարներ կ’ըսեն թէ ազդու վկայութիւն մը տալու համար, Պրահմանականութեան մասին խորունկ ուսումնասիրութեան մը հարկ չկայ։ Ճշմարտութիւնը պարզ ու փափկանկատ կերպով ներկայացնելը յաճախ դրական արդիւնքներ կու տայ։ Նախ՝ խնդրեցէք տան գլուխին հետ խօսիլ։ Եթէ ան դրականօրէն ընդառաջէ, ընտանիքի միւս անդամներուն վկայելը աւելի դիւրին պիտի ըլլայ։ Սկիզբը, խուսափեցէք տանտիրոջ ըսելէ թէ պատգամ մը ունիք, որ իր հաւատացածէն գերազանց է, կամ՝ կը փափաքիք խօսիլ միակ ճշմարիտ Աստուծոյ կամ ամենահին սրբազան գրութիւններուն մասին։ Որովհետեւ Հինտուներէն շատեր Աստուածաշունչը Արեւմտեան գիրք մը կը նկատեն, կրնաք կանխադատողութիւնը չէզոքացնել անոնց բացատրելով թէ անիկա գաղթագործութիւնը չի քաջալերեր կամ ցեղ մը ուրիշէ մը գերազանց չի դասեր։

3 Շիտակ Գործիքները Գործածեցէք. Երկու գրքոյկներ պատրաստուած են յատկապէս Հինտուները ի մտի ունենալով։ Ինչո՞ւ Պէտք Է Սիրով ու Ճշմարտութեամբ Աստուած Պաշտենք, Կուճարաթի եւ Փունճապի լեզուներով հրատարակուած։ Ո՞վ Պիտի Օգնէ Մեզի որ Մեր Խնդիրները Լուծենք, հրատարակուած՝ 11 հնդկական այլ լեզուներով։ Այս երկու գրքոյկներն ալ Անգլերէնով մատչելի են։ «Ահա Ամէն Բաները Նոր կ’Ընեմ» եւ Աստուած Իրապէս Հոգ կը Տանի՞ Մեզի գրքոյկներն ալ փաստած են ազդու ըլլալ, Հինտու ենթահող ունեցող անհատներու վկայելու համար։ Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը եւ Գիտութիւն գիրքը յաջողութեամբ կրնան գործածուիլ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարելու համար։

4 Հասարակաց Գետին մը Պատրաստեցէք. Հինտուներուն հետ հասարակաց գետին մը պատրաստելը դժուար չէ։ Անոնք կը հաւատան թէ կ’ապրինք ժամանակի մը մէջ, երբ ամբարշտութիւնը իր գագաթնակէտին հասած է, եւ թէ Աստուած աշխարհի խնդիրներուն վերջ պիտի դնէ մեծ աղէտի մը միջոցաւ, որու պիտի յաջորդէ ճշմարտութեան դարաշրջան մը։ Կրնաք նկատել թէ այս հաւատալիքները որքան լաւ կերպով կրնան առնչուիլ վերջին օրերու, մեծ նեղութեան եւ մօտալուտ նոր աշխարհի մասին Աստուածաշունչի ուսուցումներուն հետ։ Որովհետեւ Հինտուներու մեծամասնութիւնը կեանքը կը նկատէ անլուծելի խնդիրներու շարան մը, անոնք հետաքրքրուած են ընտանեկան կեանքի, ոճիրի ու ապահովութեան, նաեւ մահուան ատեն ինչ կը պատահի նիւթերով։ Հետեւեալ երկու ներկայացումները որպէս նմոյշ կրնաք գործածել։

5 Ասիկա կրնայ ընտանիքի տէր անհատ մը հետաքրքրել.

◼ «Կ’այցելեմ անհատներու որոնք բազմաթիւ երկիրներու մէջ ընտանեկան կեանքի վիճակով հետաքրքրուած են։ Ըստ ձեզի ի՞նչ բան կ’օգնէ որ ընտանեկան կապերը զօրաւոր ըլլան։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Ոմանք գիտեն թէ Հինտու գրութիւնները ի՛նչ կ’ըսեն ընտանիքին մասին, սակայն անոնք երբեք առիթ չեն ունեցած զայն բաղդատելու այդ նիւթին շուրջ Աստուածաշունչի ըսածներուն հետ։ Կը փափաքիմ Կողոսացիս 3։12-14–ի մէջ յիշուած այս գաղափարը ձեր հետ բաժնել»։ Համարը կարդալէ ետք, Գիտութիւն գրքին 15–րդ գլուխը տանտիրոջ ցոյց տուէք, ապա ըսէք. «Ուրախ պիտի ըլլայի եթէ այս գլուխը միասնաբար կարդալու համար քիչ մը ժամանակ տրամադրէիք»։

6 Անչափահաս անհատ մը կրնայ ընդառաջել հետեւեալ մօտեցումին.

◼ «Անկասկած Աստուծոյ կը հաւատաք։ Ըստ ձեզի, արդեօք Աստուած ի՞նչ նպատակ ունի մեզի համար»։ Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։ Ապա կարդացէք Ծննդոց 1։28 ու ըսէք. «Շատ մը շրջաններու մէջ, երկիրը գերբնակուած եւ խնդիրներով լեցուն է։ Կը խորհի՞ք որ Ստեղծիչը կը փափաքի մեզի օգնել որ մեր խնդիրները լուծենք»։ Պատասխանը լսելէ ետք, յարմար հրատարակութիւն մը ներկայացուցէք։

7 Դրական Արդիւնքներ Վայելեցէք. 22 տարեկան Հինտու երիտասարդ մը շուկայի մը մէջ վկայող քրոջ մը մօտեցաւ եւ իրմէ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը խնդրեց։ Ան բացատրեց թէ ութը տարի առաջ իր մօր եւ այս քրոջ միջեւ դարձած սուրբ գրային խօսակցութեան մը ականջ տուեր էր։ Թէեւ ան մարդկային խնդիրներուն շուրջ Աստուածաշունչի գործնական պատասխաններով տպաւորուած էր, բայց մայրը չէր հետաքրքրուած, իսկ ինք խորհած էր թէ տակաւին շատ փոքր էր ճշմարտութեան մէջ առանձին քայլ առնելու համար։ Այժմ, որպէս չափահաս, ան կ’ուզէր աւելին սորվիլ։ Երիտասարդը ժամանակ չկորսնցուց։ Միայն 23 օրուան մէջ, Գիտութիւն գրքին ուսումնասիրութիւնը ամբողջացուց եւ շուկային մէջ այդ քրոջ հանդիպելէն միայն չորս ամիս ետք մկրտուելու իր փափաքը յայտնեց։

8 Եղբայր մը շոգեկառքին մէջ Հինտու մարդու մը հետ ծանօթացաւ ու անոր հետ ուսումնասիրութիւն մը սկսաւ։ Մարդը ամուսնական խնդիրներ ունէր եւ ինքզինք խմիչքի տուած էր։ Ան համաձայնեցաւ որ Վկան իրեն այցելէ ու ընտանեկան կեանքի շուրջ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած խրատներ տայ։ Աստուածաշունչի բարոյական ուսուցումները իրեն հաճելի թուեցան եւ համաձայնեցաւ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել։ Ան սկսաւ իր ընտանիքին հետ միասին ժողովներուն ներկայ գտնուիլ։ Հետագային, անոնք ճշմարտութիւնը բարեկամներու ու ազգականներու հետ բաժնեցին։ Մինչեւ օրս, այս անհատներէն վեց հոգի ճշմարտութիւնը ընդունած են։

9 Աստուծոյ կամքն է որ «բոլոր մարդիկ փրկուին ու ճշմարտութիւնը ճանչնան»։ (Ա. Տիմ. 2։4) Ասոնց մէջ կան Քրիստոնեայ չեղող կրօնքի՝ ինչպէս Պրահմանականութեան՝ պատկանող կիներ ու տղամարդիկ։ Եթէ ձեր թաղամասին մէջ Հինտուներ կան, ինչո՞ւ շուտով անոնց չայցելէք եւ այս յօդուածին մէջ ներկայացուած թելադրութիւնները չգործածէք։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել