Աստուծոյ Մարգարէական Բոլոր Խօսքերը Պիտի Կատարուին
1 Եհովայի Վկաները Աստուածաշունչի մարգարէութիւններուն հանդէպ միշտ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած են։ Ուստի, ուրախացանք գիտնալով թէ այս տարուան նահանգային համաժողովի բնաբանը պիտի ըլլար՝ «Աստուծոյ Մարգարէական Խօսքը»։ Անձկալից էինք գիտնալու թէ Եհովա մեզի համար ի՛նչ վերապահած էր, որպէս ‘ատենին կերակուր’։ (Մատթ. 24։45) Ան մեզ յուսախաբ չըրաւ։
2 Համաժողովի Աչքառու Կէտերը. Ուրբաթ օրուան գլխաւոր դասախօսութիւնն էր՝ «Աստուծոյ Մարգարէական Խօսքին Ուշադրութիւն Ընծայենք», որ այլակերպութեան մասին լուսաբանութիւն տուող բացատրութիւն մը պարփակեց։ (Մատթ. 17։1-9) Անիկա ընդգծեց թէ հիմա՛ լաւագոյն ժամանակներու սեմին կը գտնուինք, քանի որ վերջին ժամանակը շատ յառաջացած է, իսկ նոր դրութիւնը ճիշդ մեր դիմաց է։ Աստուծոյ Խօսքին ուշադրութիւն ընծայելու կարեւոր կերպերէն մէկն է կանոնաւորաբար զայն կարդալ։ «Աստուծոյ Խօսքը Կարդալէն Հաճոյք Առէք» յօդուածաշարքը գործնական թելադրութիւններ տուաւ, Աստուածաշունչի մեր ընթերցանութիւնը աւելի օգտաշատ եւ հաճելի դարձնելու համար։
3 Շաբաթ յետմիջօրէին, կարգ մը պատճառներ վերաքաղ ըրինք թէ ինչո՛ւ համոզուած պէտք է ըլլանք թէ վերջին օրերուն մէջ կ’ապրինք։ Այս բոլորը կը յիշէ՞ք։ Կիրակի առաւօտ, Ամբակումի մարգարէութիւնը կեանք ստացաւ, երբ սորվեցանք թէ մեր օրերը ճիշդ կը նմանին իր օրերուն եւ թէ շուտով նշանակալից դէպքեր տեղի պիտի ունենան, երբ Եհովա չարերը պիտի կործանէ ու արդարները փրկէ։ Յակոբի ու Եսաւի մասին եղած թատերախաղին բուն կէտը ըմբռնեցի՞ք։ Պէտք է եռանդուն կերպով Եհովայէ եկած օրհնութիւնները փնտռենք, թուլութեան ու անտարբերութեան հոգիին դէմ պայքարելով։
4 Հետաքրքրաշարժ Նոր Գիրք մը. Որքա՜ն խայտացինք երբ նոր գիրքը ստացանք՝ Ուշադրութիւն Ընծայեցէ՛ք Դանիէլի Մարգարէութեան։ Անկասկած արդէն կը կարդաք այս գրաւիչ հրատարակութիւնը։ Զայն ծանուցանող դասախօսը ըսաւ. «Բացի կարգ մը մանրամասնութիւններէ, Դանիէլ գրքի մարգարէութիւններուն բոլորն ալ կատարուած են»։ Ասիկա մեր ժամանակներուն ստիպողականութիւնը ցոյց չի՞ տար։
5 Համաժողովի յայտագիրը մեծապէս ամրապնդեց մեր համոզումը, թէ Աստուծոյ տակաւին չկատարուած բոլոր խոստումները պիտի կատարուին։ Խթանուեցանք որ շարունակենք Աստուծոյ մարգարէական խօսքը ուրիշներուն ծանուցանել։