Ծառայութեան Ժողովներ Նոյեմբեր Ամսուան Համար
Նոյեմբեր 1–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 32
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։ Նկատի առէք՝ «Տեսէ՛ք Աստուածաշունչին Զօրութիւնը» շրջագիծը։
15 վյրկ. «Քարոզչութիւնը Մեզ կը Զատորոշէ»։ Բացման խօսքերը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլան, որմէ ետք նիւթը նկատի առէք որպէս հարցում–պատասխան։ Գիտութիւն գիրքը գործածելով, էջ 173, պարբերութիւն 8, հակիրճօրէն խօսեցէք թէ ի՛նչ կրնանք ըսել Աստուածաշունչի աշակերտ մը քաջալերելու համար, որպէսզի ծառայութեան մէջ բաժին բերելու ջանք թափէ։
20 վյրկ. «Որո՞նք Հաւանաբար Աստուածաշունչի Ուսումնասիրութիւն մը Ընդունին»։ Դասախօսութիւն եւ ցուցադրութիւններ։ 4–րդ պարբերութեան համաձայն, մեր գրականութեանց պարունակութիւնը գիտնալու նկատմամբ հետաքրքրութիւն արթնցնելու համար զանազան կերպեր թելադրեցէք։ Երկու հակիրճ ցուցադրութիւններ ներկայացուցէք, ցոյց տալով թէ ասիկա ի՛նչպէս կրնայ ըլլալ։ Ներկաները հրաւիրեցէք որ պատմեն թէ ի՛նչպէս կրցան յաջողիլ ուսումնասիրութիւններ սկսելու մէջ։
Երգեցողութիւն թիւ 162 եւ փակման աղօթք։
Նոյեմբեր 8–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 204
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագրութիւն։ Եղբայրներուն յիշեցուցէք որ յաջորդ շաբթուան համար նախապատրաստուին, նկատի առնելու համար Նոյեմբերի յաւելուածականին առաջին 18 պարբերութիւնները։
15 վյրկ. Հարցումի Տուփ։ Դասախօսութիւն։ Թագաւորութեան Սրահը մաքուր ու լաւ վիճակի մէջ պահելու համար ձեր ժողովքի կարգադրութիւններուն մասին խօսեցէք։
20 վյրկ. «Մահմետականի մը Ի՞նչ Պիտի Ըսէիք»։ Հարցում–պատասխան։ Ուրիշ մշակոյթներու պատկանող մարդոց հետ խօսելու համար ներատեսութեան կարիքը ընդգծեցէք։ Լաւ պատրաստուած ներկայացում մը ցուցադրեցէք։ Իսլամութեան մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, տես՝ Փետրուար 1998 Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին յաւելուածականը. Պատճառաբանել գիրքը, էջ 23-24. եւ Մարդկութիւնը Աստուած կը Փնտռէ, գլուխ 12։
Երգեցողութիւն թիւ 63 եւ փակման աղօթք։
Նոյեմբեր 15–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 55
8 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Նոյեմբեր 25–ի համար դաշտի ծառայութեան մասնաւոր կարգադրութիւնները ընդգծեցէք։
25 վյրկ. «Ինթըրնէթի Գործածութեան Վտանգներուն Նկատմամբ Արթուն Եղէք»։ Հարց պատասխանով նկատի առէք 1-18–րդ պարբերութիւնները։ Կարդացէք 4-7, 12, 16, 17–րդ պարբերութիւնները։ Բոլորը քաջալերեցէք որ յաջորդ շաբաթ 19-36–րդ պարբերութիւնները նկատի առնելու համար նախապատրաստուին։
12 վյրկ. Ո՛վ Ծնողներ, Ընտանեկան Կանոնաւոր Ուսումնասիրութիւն մը կը Վարէ՞ք։ Դասախօսութիւն եւ ներկաներուն հետ խօսակցութիւն։ Բացատրեցէք թէ ընտանիքները ինչո՛ւ պէտք է միասնաբար ուսումնասիրեն։ (Տես՝ Դպրոցի Ուղեգիրք, էջ 37-38) Ընտանեկան ուսումնասիրութեան համար հետեւեալ արգելքները ներկայացուցէք. (1) այն զգացումը թէ զաւակները օգտուելու համար շատ փոքր են, (2) այն մտածելակերպը թէ ժողովներու ներկայ գտնուիլը բաւարար է, (3) խճողուած յայտագիրներու պատճառաւ յոգնած զգալը, եւ (4) հեռատեսիլ դիտելով զբաղած ըլլալը։ (Տես՝ Դիտարան 1 Օգոստոս 1994, էջ 23) Ընտանիքի գլուխները հրաւիրեցէք որ պատմեն թէ ընտանեկան ուսումնասիրութեան լաւ սովորութիւն մը պահպանելու համար ի՛նչպէս յաղթահարած են արգելքները։ Ընդգծեցէք թէ ասիկա ինչո՛ւ ջանք, վճռակամութիւն եւ համագործակցութիւն կը պահանջէ։
Երգեցողութիւն թիւ 129 եւ փակման աղօթք։
Նոյեմբեր 22–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 10
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ դաշտի ծառայութեան փորձառութիւններ։
10 վյրկ. Նշանակումներու Հանդէպ Ի՞նչ Տեսակէտ Ունիք։ Երէցի մը կողմէ դասախօսութիւն։ Ժողովք մը գործունեայ պահելու համար անհրաժեշտ աշխատանքներու երկար ցանկ մը կայ. նշանակումներու յայտագիր պատրաստել. ուրիշներ ժողովներու կամ ծառայութեան տանիլ. տարեցներուն աջակցիլ. նաեւ՝ Թագաւորութեան Սրահին մաքրութիւնը, նորոգութիւնը ու հոգատարութիւնը, մէջը ըլլալով մարգագետնին հոգատարութիւնը եւ ձիւնը մաքրելը։ Երբ ձեզմէ կը խնդրուի օգնել, ի՞նչպէս կ’ընդառաջէք։ Ոմանք թերեւս մերժեն, ուրիշներ վարանին ընդունիլ, կամ զայն լման կերպով չկատարեն։ Խօսեցէք թէ նշանակումներ ընդունիլն ու կատարելը ինչո՛ւ ուրախ առանձնաշնորհում մըն է։ Ժողովքի բոլոր անդամները քաջալերեցէք որ յօժարակամ ու կամաւոր հոգի մը ցուցաբերեն։—Սաղմ. 110։3, ՆԱ, ստորանիշ. Եսայ. 6։8
25 վյրկ. «Ինթըրնէթի Գործածութեան Վտանգներուն Նկատմամբ Արթուն Եղէք»։ Հարց պատասխանով նկատի առէք 19-36–րդ պարբերութիւնները։ Կարդացէք 23-25 եւ 34-36–րդ պարբերութիւնները։
Երգեցողութիւն թիւ 172 եւ փակման աղօթք։
Նոյեմբեր 29–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 28
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հրատարակիչներուն յիշեցուցէք որ Նոյեմբեր ամսուան դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները ներկայացնեն։
15 վյրկ. Նորեկները Քաջալերեցէք որ Ժողովներու Ներկայ Գտնուին։ Երէցի մը եւ մէկ կամ երկու օգնական ծառաներու միջեւ խօսակցութիւն, հիմնուած՝ Եհովայի Վկաները—Միացած՝ Աստուծոյ Կամքը Կատարելու Համար Համայն Աշխարհի Մէջ գրքոյկին վրայ, էջ 14-15։ Խօսեցէք թէ ինչո՛ւ կենսական է որ նորեկները ժողովներու ներկայ գտնուին։ Հոն անոնք պիտի ստանան իրենց դաստիարակութեան, քաջալերութեան եւ օգնութեան գլխաւոր բաժինը։ Վերաքաղ ըրէք շաբթուան հինգ ժողովները, իւրաքանչիւրին օգուտներուն մասին խօսելով։ Նկատի առէք թէ ժողովները ի՛նչպէս աստուածային վարմունք կը քաջալերեն, հոգեւորապէս կը կերտեն, մեզ կազմակերպութեան կը մօտեցնեն, կ’օգնեն մեզի որ ուրիշներու հետ սերտ կապեր զարգացնենք եւ մեր ծառայութեան նպատակը հասկնանք։ Ներկաները քաջալերեցէք որ այս գրքոյկը գործածեն նորեկները մղելու համար որ ժողովներու գան։
20 վյրկ. Մենք Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւն–ը կ’Ընտրենք։ Դասախօսութիւն եւ ցուցադրութիւններ։ Կրօնական կազմակերպութիւններուն մէջ, մերը անզուգական է, քանի որ կը հրատարակենք, կը գործածենք եւ կը բաշխենք Աստուածաշունչի թարգմանութիւն մը որ Եհովայի օծեալ երկրպագուներուն կողմէ պատրաստուած է։ Մեր նպատակը նիւթական շահեր ապահովել, կամ աղանդային հաւատալիքներ տարածել չէ։ Այլ, մեր շարժառիթն է Աստուծոյ անունը պատուել եւ ուրիշներուն օգնել որ զինք աւելի լաւ ճանչնան։ Ուրիշ թարգմանութիւններ Աստուծոյ Խօսքը յաճախ դժուարահասկնալի կերպով կը թարգմանեն, ուստի վերաքաղ ըրէք Նոր Աշխարհի Թարգմանութեան յատկանշական առաւելութիւնները։ (Տես՝ «Բոլոր Գիրքը», էջ 327-331։ 3–րդ պարբերութեան մեկնաբանութիւնները նկատի առէք, 6–րդ պարբերութեան մէջի բարելաւուած թարգմանութեան օրինակները նշեցէք, եւ 22-23–րդ պարբերութիւններուն մէջի օգտակարութիւնները աչքառու դարձուցէք։) Երկու հակիրճ ցուցադրութիւններ ներկայացուցէք, որոնք թելադրութիւններ կու տան թէ ի՛նչպէս կրնանք ընդառաջել երբ ուրիշներ ըսեն՝ «Դուք ձեր Աստուածաշունչը ունիք»։—Տես՝ Պատճառաբանել գիրքը, էջ 279-280 (կամ՝ էջ 103-104, Արաբ.)։
Երգեցողութիւն թիւ 123 եւ փակման աղօթք։