Ամչկո՞տ Էք
1 Չենք զարմանար երբ տեսնենք երախայ մը, որ իր մօրը կամ հօրը ետեւ պահուըտած՝ մեզ կը դիտէ։ Մանկութեան սկզբնական շրջանին ամչկոտութիւնը բնական բան մըն է։ Նոյնիսկ չափահասութեան շրջանին, շատեր բնոյթով ամչկոտ են։ Եթէ ամչկոտութիւնը ծառայութեան մէջ ձեր մասնակցութեան կ’ազդէ, ի՞նչ կրնաք ընել։
2 Ամչկոտութեան Հետ Գլուխ Ելլել. Կարեւոր է «սրտին ծածուկ մարդ»ուն ուշադրութիւն ընծայել։ (Ա. Պետ. 3։4) Եհովայի եւ ձեր ընկերին հանդէպ ձեր սէրը զօրացուցէք։ Լիովին համոզուած եղէք թէ քարոզչութեան յանձնարարութիւնը կատարելը, անձնուէր սէր ցուցաբերելու լաւագոյն կերպերէն մէկն է։ Անձնական ուսումնասիրութեան եւ ժողովներու ներկայ գտնուելու լաւ սովորութիւն մը զարգացուցէք։ Կանոնաւորաբար եւ յատկապէս՝ Եհովայի օգնութեան համար, աղօթեցէք։ Զօրաւոր կերպով իրեն հաւատալն ու ապաւինիլը ձեր վստահութիւնը պիտի կերտեն եւ ‘ա՛լ աւելի համարձակութիւն պիտի տան որ Աստուծոյ խօսքը խօսիք առանց վախի’։—Փիլ. 1։14
3 Անատակ ըլլալու զգացումին դէմ պայքարեցէք։ Կը թուի թէ Տիմոթէոս ասիկա ընելու կարիքը ունէր։ Պօղոս քաջալերեց Տիմոթէոսը որ ‘չըլլայ թէ մէկը իր երիտասարդութիւնը անարգէ’, անոր յիշեցնելով որ «Աստուած մեզի երկչոտութեան հոգի չտուաւ, հապա զօրութեան»։ (Ա. Տիմ. 4։12. Բ. Տիմ. 1։7) Տիմոթէոս լիովին գործածուեցաւ Եհովայի կողմէ, Ան ձեզ ալ պիտի գործածէ, եթէ ամբողջովին Իրեն վստահելով առաջ նետուիք։—Սաղմ. 56։11
4 Մատթէոս 10։37–ի նման համարի մը մասին խորհրդածելը օգնեց քրոջ մը, որու երկչոտութիւնը պատճառ կ’ըլլար որ իրեն հակառակող ամուսինէն վախնար։ Բայց երբ յարատեւեց, ծառայութիւնը իրեն համար դիւրացաւ եւ ի վերջոյ իր ամուսինը, մայրը եւ եղբայրները ճշմարտութիւնը ընդունեցին։
5 Նախապատրաստութիւնը Կենսական Է. Ձեր վստահութիւնը պիտի աւելնայ եթէ ծառայութեան համար ամբողջական պատրաստութիւն մը տեսնէք։ Պատճառաբանել գրքէն, կամ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին հին թիւերէն պարզ ներկայացումներ ընտրեցէք, զանոնք լաւ սորվեցէք եւ փորձեր ըրէք։ Փոխանակ անտեղիօրէն մտահոգուելու, դրականօրէն մտածեցէք։ Ուրիշներու հետ սերտօրէն աշխատելով, քաջութիւն հաւաքեցէք։ Ի մտի ունեցէք, թէ դռներուն առջեւ ձեր հանդիպած անհատներէն շատեր ձեզի պէս ամչկոտ են։ Բոլորն ալ Թագաւորութեան պատգամին կարիքը ունին։
6 Եթէ ամչկոտ էք, մի՛ յուսահատիք։ Մինչ ջանք կը թափէք, Եհովա պիտի օգնէ ձեզի որ բարի լուրի ազդու քարոզիչ մը ըլլաք։ Ա՛յն ատեն ձեր ծառայութեան մէջ ուրախութիւն պիտի գտնէք։—Առ. 10։22