Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 2/01 էջ 8
  • Եհովա Ոյժ կու Տայ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Եհովա Ոյժ կու Տայ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2001)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Եհովա կը զօրացնէ յոգնածները
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2000
  • Եհովան եւ իր ոյժը փնտռենք
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2000
  • Եհովան քեզի ոյժ պիտի տայ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2021
  • Եհովա յոգնածին ոյժ կու տայ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1996
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2001)
թծ 2/01 էջ 8

Եհովա Ոյժ կու Տայ

1 Պօղոս առաքեալ ի՞նչ տպաւորութիւն ձգած է ձեր վրայ։ Մինչ Գործք Առաքելոց գիրքը կը կարդանք, կը նկատենք թէ ան Եհովայի ծառայութեան մէջ որքա՜ն ժրաջան էր։ Պօղոս ի՞նչպէս կրցաւ այս բոլորը իրագործել։ Ան ըսաւ. «Ամէն բանի կարող եմ անով՝ որ զիս զօրացուց»։ (Փիլ. 4։13) Մե՛նք ալ կրնանք Եհովայի տուած զօրութենէն օգտուիլ։ Ի՞նչպէս։ Հոգեւորապէս վերակազդուրուելու եւ զօրանալու համար մեզի ի նպաստ իր ըրած վեց հայթայթումները օգտագործելով։

2 Աստուծոյ Խօսքը. Ճիշդ ինչպէս որ մեր ֆիզիքական ոյժը պահպանելու համար կերակուր պէտք է ուտենք, նոյնպէս ալ հոգեւորապէս ողջ մնալու համար պէտք է Աստուծոյ Խօսքով կերակրուինք։ (Մատթ. 4։4) Աստուածաշունչը մեզ կազդուրող ոյժը կը հայթայթէ։ Ճշմարտութեան հանդէպ մեր եռանդը եւ խանդավառութիւնը պահպանելու համար, պէտք է իմաստալից կերպով անձնական ուսումնասիրութիւն ընենք եւ խոկանք, եթէ կարելի է՝ ամէ՛ն օր։—Սաղմ. 1։2, 3

3 Աղօթքը. Կարեւոր է Եհովայի մօտենալ, մանաւանդ երբ մասնայատուկ կարիք մը ունինք։ Իր հոգիին միջոցաւ կազդուրիչ ոյժ կու տայ, զայն աղօթքով իրմէ խնդրողներուն։ (Ղուկ. 11։13. Եփ. 3։16) Սուրբ Գրութիւնները կը քաջալերեն մեզ որ «ստէպ աղօթքի կենանք»։ (Հռովմ. 12։12) Ասիկա կ’ընէ՞ք։

4 Ժողովքը. Ոյժ եւ քաջալերութիւն կը ստանանք ժողովքային հանդիպումներէն, եւ՝ հոն եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ մեր վայելած ընկերակցութենէն։ (Եբր. 10։24, 25) Երբ խռոված ըլլանք, անոնք մեզ կը քաջալերեն եւ սիրալիր կերպով կ’օգնեն մեզի։—Առ. 17։17. Ժող. 4։10

5 Դաշտի Ծառայութիւնը. Ծառայութեան կանոնաւոր մասնակցութիւնը մեզի կ’օգնէ որ Թագաւորութեան եւ անոր օրհնութիւններուն վրայ կեդրոնացած մնանք։ Կ’ոգեւորուինք երբ ուրիշներու օգնենք Եհովայի մասին սորվելու։ (Գործք 20։35) Բոլորս չենք կրնար փոխադրուիլ ծառայելու համար հոն ուր կարիքը աւելի է, ոչ ալ կրնանք բոլորս լիաժամ ծառայութեան մասնակցիլ, սակայն, բոլո՛րս ալ կրնանք ուրիշ կերպերով ծառայութեան մէջ իմաստալից մասնակցութիւն ունենալ։—Եբր. 6։10-12

6 Քրիստոնեայ Տեսուչները. Երէցներուն հայթայթած քաջալերութենէն եւ օգնութենէն կ’օգտուինք։ Եհովա զանոնք նշանակած է որ իրենց հոգատարութեան յանձնուած Աստուծոյ հօտը հովուեն։ (Ա. Պետ. 5։2) Ճամբորդող տեսուչներ իրենց ծառայած ժողովքները կը կերտեն, ճիշդ ինչպէս որ Պօղոս կ’ընէր իր օրերուն։—Հռովմ. 1։11, 12

7 Հաւատարիմներուն Օրինակը. Վաղեմի եւ արդի հաւատարիմ գործակիցներու դրական օրինակները նկատի առնելը կազդուրիչ է։ (Եբր. 12։1) Երբ վերակազդուրուելու կարիքը ունենաք, ինչո՞ւ չկարդաք մեր պարբերաթերթերուն բովանդակած քաջալերական կենսագրութիւններէն մէկը, Տարեգիրք–էն առնուած կերտիչ տեղեկագրութիւն մը, կամ Ծանուցանողներ գրքէն Եհովայի Վկաներու արդի պատմութեան կարգ մը ոգեւորիչ դրուագները։

8 Ներկայիս 90–ը անց եղբայր մը, ճշմարտութիւնը ընդունեց երբ դեռատի էր։ Երբ տակաւին պատանի մըն էր, իր հաւատքը փորձի ենթարկուեցաւ։ Նախ, ժողովքին կարգ մը գործունեայ անհատները Եհովայի կազմակերպութիւնը լքեցին։ Նաեւ կար տունէ տուն ծառայութիւնը, որ ան դժուար բան մը կը նկատէր։ Այսուհանդերձ, ան միշտ Եհովայի ապաւինեցաւ։ Ժամանակ մը ետք, ան սկսաւ ծառայութենէն հաճոյք առնել։ Իսկ հիմա ի՞նչ։ Հակառակ իր տկար առողջութեան, ան տակաւին Պրուքլինի Պէթէլի ընտանիքին մէկ անդամն է, եւ կը ծառայէ Կառավարիչ Մարմինին մէջ։ Ան Եհովայի կազմակերպութեան կառչած մնալուն համար չի զղջար։

9 Բրիտանիոյ Պէթէլի ընտանիքի անդամներէն քոյր մը, 13 տարեկանին մկրտուած էր։ Յաջորդ տարին, իր եղբօր հետ սկսաւ ռահվիրայութիւն ընել, իսկ տարի մը ետք, հայրը բանտարկուեցաւ, Բ. Աշխարհամարտին ընթացքին իր բռնած չէզոք դիրքին պատճառաւ։ Ան շարունակեց զօրութեան համար Եհովայի ապաւինիլ, նաեւ շարունակեց ճշմարիտ Աստուծոյ ծառայել։ Ժամանակ մը ետք, ան հաւատարիմ եղբօր մը հետ ամուսնացաւ, եւ միասնաբար շարունակեցին Եհովայի կամքը կատարել։ 35 տարի ետք, ամուսինը յանկարծամահ եղաւ։ Դարձեալ Եհովա իրեն ոյժ տուաւ, եւ մինչեւ այսօր ան կը շարունակէ Անոր ծառայել, եւ ակնկալութիւնը ունի յաւիտեան ծառայելու որպէս Եհովայի երկրային ընտանիքին մէկ անդամը։

10 Եհովա իր հաւատարիմ ծառաներուն կ’օգնէ եւ զանոնք կը կազդուրէ։ «Անիկա է յոգնածին ոյժ տուողը ու կարողութիւն չունեցողին շատ զօրութիւն հասցնողը»։ Կրնանք ոյժի այս անհատնում աղբիւրէն օգտուիլ, վերոյիշեալ վեց հայթայթումներէն լիովին օգտուելով։ Յիշեցէ՛ք. «Տէրոջը ապաւինողներուն ոյժը պիտի նորոգուի . . . պիտի վազեն ու չթուլնան, պիտի քալեն ու չյոգնին»։ (Եսայ. 40։29-31) Պօղոս ոյժի համար լիովին Եհովայի ապաւինեցաւ, մե՛նք ալ նոյնը պէտք է ընենք։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել