Թող որ Բոլորս Եհովան եւ Իր Որդին Պատուենք
Բոլոր Անոնք Որոնք Ապրիլ 8–ին՝ Յիշատակատօնին Ներկայ կ’Ըլլան, Ի՛նչպէս Կրնան Լիովին Օգտուիլ
1 Ներկայիս որո՞նց մասնայատուկ պատիւ կը տրուի։ Անոնց որոնց իրագործումները աշխարհի կողմէ մեծարանքով կը դիտուին։ Սակայն, յաճախ անոնց արարքները շուտով կը մոռցուին։ Բայց ի՞նչ կրնանք ըսել այն արարքներուն մասին, որոնք մարդկութեան իսկական օգուտներ կը բերեն։ Ասոնց մեծագոյնին մօտէն ուշադրութիւն պիտի ընծայենք, մինչ Տէրունական Ընթրիքը կը տօնակատարենք, 8 Ապրիլ 2001–ին, արեւնամուտէն ետք։
2 Ո՞վ մեծագոյն պատիւը ստանալու արժանի է։ Աստուածաշունչը կը պատասխանէ. «Արժանի ես, Տէ՛ր, փառք ու պատիւ եւ զօրութիւն առնելու, վասն զի ամէն բան դուն ստեղծեցիր եւ քու կամքովդ եղան ու ստեղծուեցան»։ (Յայտ. 4։10բ) Որպէս Ստեղծիչ, Եհովա տիեզերքի Գերիշխանն է։ Անոր պատուի արժանի ըլլալը երբեք վերջ պիտի չգտնէ։—Ա. Տիմ. 1։17
3 Աստուծոյ Որդին՝ Յիսուս Քրիստոս, արժէքաւոր արարքներ կատարեց, որոնք մարդկութեան անվերջ օրհնութիւններ պիտի բերեն։ Ան կատարելապէս իր Հայրը ընդօրինակեց։ (Յովհ. 5։19) Իր անթերի հնազանդութիւնը եւ հաւատարիմ ծառայութիւնը զինք «արժանի [ըրին] զօրութիւն ու հարստութիւն եւ իմաստութիւն ու կարողութիւն եւ պատիւ ու փառք եւ օրհնութիւն առնելու»։ (Յայտ. 5։12) Իր Հայրը պատուեց զինք՝ որպէս Թագաւոր գահակալելով։ (Սաղմ. 2։6-8) Իսկ ինչ կը վերաբերի մեզի, պատեհութիւնը պիտի ունենանք թէ՛ Հայրը եւ թէ Որդին պատուելու, մինչ 8 Ապրիլ 2001–ին Տէրունական Ընթրիքը կը տօնակատարենք։
4 Դժբախտաբար, մարդկային պատմութեան մէջ յարաբերաբար քիչեր Եհովան ու իր Որդին պատուած են։ Երբեմն, նոյնիսկ Աստուծոյ վաղեմի ժողովուրդը՝ Իսրայելացիները, միա՛յն ձեւական ծառայութիւն մատուցած են Եհովայի։ Ասիկա բացայայտօրէն անյարգալից էր։ (Մաղ. 1։6) Պատշաճ յարգանքը հաւատարիմ հնազանդութիւն կը պահանջէ, հիմնուած՝ սիրոյ եւ գնահատութեան վրայ, այն բոլոր բաներուն հանդէպ որ Եհովա ու իր Որդին մեզի համար ըրած են։ Այսպիսի պատիւ եւ յարգանք տալը, աստուածավախութիւն եւ ակնածանք ցուցաբերել կը նշանակէ, մեր բոլոր ճամբաներուն մէջ Եհովան ու Յիսուսը ճանչնալով։ Քրիստոնէական ժողովքը կը ջանայ ուրիշներուն սորվեցնել եւ օգնել որ նոյնը ընեն։
5 Պատուելու Մասնայատուկ Առիթ մը. Յիշատակատօնի տօնակատարումը Եհովայի ժողովուրդին համար տարուան ամենէն յատկանշական հանդիպումն է։ Եհովայի ծառայելու եւ զինք պատուելու փափաք ունեցող ամէն ոք ներկայ պէտք է գտնուի։ (Ղուկ. 22։19) Կ’ակնկալենք որ 6 միլիոն գործունեայ Վկաները եւ հետաքրքրուած անհատներ ներկաներուն թիւը հասցնեն աւելի քան 14 միլիոնի։ Մեր երկնաւոր Հայրը պատուելու ի՜նչ լաւ պատեհութիւն մը։ Մինչ տօնակատարութիւնը Յիսուսի վրայ կը կեդրոնանայ, իր իրագործած բանին հանդէպ ցոյց տրուած պատիւն ու յարգանքը զինք ղրկող Հայրը կը փառաբանէ։—Յովհ. 5։23
6 Ի՞նչպէս կրնանք նեցուկ կանգնիլ այս մասնայատուկ առիթին։ Կրնանք նոր հետաքրքրուած անհատներուն օգնել որ լիովին օգտուին։ Զանոնք յորդորեցէք որ ներկայ գտնուին եւ երբ հարկը կայ, ազնուօրէն առաջարկեցէք անոնց օգնել։ Դասախօսութեան նպատակը բացատրեցէք։ Զանոնք ուրիշներուն ծանօթացուցէք։ Անոնց տեսածն ու լսածը կրնան զիրենք մղել որ Եհովան պատուելու մէջ մեզի միանան։
7 Յայտագրին ձգած ազդեցութիւնը մի՛ թերագնահատէք։ Համալսարանական մը հետեւեալ հակազդեցութիւնը ունեցաւ. «Բազմաթիւ անգամներ եկեղեցիիս մէջ Պատարագի ներկայ գտնուած եմ, բայց ասիկա բոլորովին տարբեր է։ Կը տեսնեմ թէ ասիկա ճիշդ Աստուածաշունչին ըսածին համաձայն է, եւ կը խորհիմ թէ դուք ճշմարտութիւնը ունիք»։ Ան սկսաւ կանոնաւորաբար ժողովներու յաճախել եւ շատ չանցած մկրտուեցաւ։
8 Նորեկներուն Օգնեցէք որ Յառաջդիմեն. Յիշատակատօնին ներկայ եղող նորեկները ի մտի ունեցէք եւ շուտով անոնց այցելեցէք, անոնց սորված եւ տեսած թարմացուցիչ բաներուն մասին խօսելու համար։ Անոնց խօսեցէք միւս ժողովներուն մասին, ուր կրնան իրենց Աստուածաշունչի գիտութիւնը աւելցնել։ Գիտութիւն գրքին՝ «Աստուծոյ Ժողովուրդին Մէջ Ապահովութիւն Գտէք» խորագրով՝ 17–րդ գլուխը վերաքաղ ընելը, անոնց ցոյց պիտի տայ ժողովքին ներկայացուցած հոգեւոր հայթայթումներուն հսկայ այլազանութիւնը, որոնք իսկոյն մատչելի են իրենց։ Կարգադրութիւն ըրէք որ Եհովայի Վկաներ—Այս Անուան Ետին Գտնուող Կազմակերպութիւնը պատկերիզը դիտեն, որպէսզի կարենան իրենց աչքերով տեսնել Եհովայի ժողովուրդին միութիւնը, ուրախութիւնը, եւ նախանձախնդրութիւնը։
9 Կարեւոր է որ հետաքրքրուած անհատներ սորվին թէ ի՛նչպէս կրնան անձնապէս Եհովայի հանդէպ պատիւ եւ յարգանք ցոյց տալ։ Բացատրեցէք թէ սրտագին աղօթքը Եհովան կը հաճեցնէ եւ հոգեւոր թարմացումի յարատեւ աղբիւր մըն է։ (Ա. Յովհ. 5։14) Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկին 8–էն 12–րդ դասերը գործածելով, Եհովան պատուող վարուելակերպը բացատրեցէք։ Եհովայի Վկաներ գրքոյկին էջ 30-31–ի մէջ գտնուող տեղեկութիւնը նկատի առնելով, նորեկները քաջալերեցէք որ անձնապէս քարոզչութեան մասնակցելով Եհովան պատուելու հաւանականութեան մասին մտածեն։
10 Յիսուսի զոհագործութեան եւ որպէս իր աշակերտները ծառայելու մեր առանձնաշնորհումին հանդէպ գնահատութիւնը, Հայրը կը պատուէ եւ ուրիշներու օրհնութիւններ կը բերէ։ Յիսուս խոստացաւ. «Եթէ մէկը ինծի կը ծառայէ, Հայրը պիտի պատուէ զանիկա»։—Յովհ. 12։26