Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 3/01 էջ 2
  • Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2001)
  • Ենթավերնագիրներ
  • Մարտ 12–ով Սկսող Շաբաթ
  • Մարտ 19–ով Սկսող Շաբաթ
  • Մարտ 26–ով Սկսող Շաբաթ
  • Ապրիլ 2–ով Սկսող Շաբաթ
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2001)
թծ 3/01 էջ 2

Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր

Մարտ 12–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 112

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։

15 վյրկ. Տեղական կարիքներ։

20 վյրկ. «Ապրիլ Ամիսը՝ ‘Ծանր Աշխատելու եւ Ջանք Թափելու’ Ժամանակ մը»։ (Պարբերութիւն՝ 1-13) Վերակացու տեսուչը նիւթը նկատի թող առնէ։ Խանդավառ զրոյց մը թէ Ապրիլին ի՛նչ կ’ուզենք իրագործել։ Ժողովքի բոլոր անդամները քաջալերեցէք որ այդ ամիս ծառայութեան մէջ ժողովքին 100 տոկոսով մասնակցութիւն ունենալու նպատակակէտին հասնելու մէջ իրենց բաժինը բերեն։

Երգեցողութիւն թիւ 129 եւ փակման աղօթք։

Մարտ 19–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 14

8 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագրութիւն։

17 վյրկ. 2001–ի Տարեգիրք–էն Լաւագոյնս Օգտուեցէք։ Դասախօսութիւն եւ ներկաներուն հետ զրոյց։ Վերաքաղ ըրէք «2000–ի Ընդհանուր Գումարները», էջ 31–ի վրայ։ Նկատի առէք «Նամակ մը՝ Կառավարիչ Մարմինէն», էջ 3-5։ Հրաւիրեցէք որ ներկաներէն ոմանք նոր Տարեգիրք–էն տեղեկագրութիւն մը կամ փորձառութիւն մը պատմեն, որ յատկապէս քաջալերական եւ հաւատք զօրացնող եղած է։ Ընտանիքները քաջալերեցէք որ լման Տարեգիրք–ը միասին կարդան, ինչպէս որ համաշխարհային Պէթէլի ընտանիքը տարուան ընթացքին կ’ընէ։ Աչքառու դարձուցէք էջ 255–ի վրայ գտնուող հարցումները, որոնք կրնան գործածուիլ վերաքաղի համար։ Թելադրութիւններ խնդրեցէք թէ Տարեգիրք–ը ի՛նչպէս կրնայ գործածուիլ Աստուածաշունչի աշակերտներուն օգնելու, որ Եհովայի կազմակերպութիւնը եւ անոր մէկ մասը ըլլալու առանձնաշնորհումը աւելի լաւ կերպով գնահատեն։

20 վյրկ. «Ապրիլ Ամիսը՝ ‘Ծանր Աշխատելու եւ Ջանք Թափելու’ Ժամանակ մը»։ (Պարբերութիւն՝ 14-30) Ծառայութեան տեսուչը նիւթը նկատի կ’առնէ որպէս դասախօսութիւն, իսկ կարգ մը ընտրուած հատուածներ՝ հարց–պատասխանով։ Բոլորն ալ պէտք է գործնական յայտագիր մը պատրաստեն, որպէսզի Ապրիլի ընթացքին ծառայութեան մէջ կարելի եղածին չափ շատ մասնակցութիւն բերեն։ Ուրուագծեցէք այդ ամսուան համար ծրագրուած դաշտի ծառայութեան հաւաքավայրերուն լման յայտագիրը։ Քաջալերեցէք որ բոլոր անոնք որոնք կրնան օժանդակ ռահվիրաներ ըլլալ, ժողովէն ետք դիմումնագիր մը առնեն։

Երգեցողութիւն թիւ 123 եւ փակման աղօթք։

Մարտ 26–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 204

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Բացատրեցէք թէ Ապրիլ ամսուան համար օժանդակ ռահվիրայութեան դիմումնագիր մը ներկայացնելու համար շատ ուշ չէ։ Բոլորը քաջալերեցէք որ Ապրիլ 3–էն մինչեւ 8, Յիշատակատօնի համար յայտագրուած Աստուածաշունչի ընթերցանութեան հետեւին, ինչպէս ուրուագծուած է Աստուածաշունչը Քննենք Ամէն Օր—2001 գրքոյկին մէջ։ Ծանուցանեցէք թէ Յիշատակատօնի շաբթուան Դիտարան–ի Ուսումնասիրութիւնը ե՛րբ տեղի պիտի ունենայ։ Մի՛ մոռնաք այս Կիրակի օրուան՝ Ապրիլ 1–ին, հանրային մասնաւոր դասախօսութիւնը, որու խորագիրն է՝ «Ո՞վ Կրնայ Փրկուիլ»։ Բոլորը յորդորեցէք որ այդ օրը ծառայութեան մասնակցին, Ապրիլ ամսուան լաւ սկիզբ մը տալով։

20 վյրկ. «Թող որ Բոլորս Եհովան եւ Իր Որդին Պատուենք»։ Երէցի մը կողմէ սուրբ գրային մղիչ դասախօսութիւն մը։ Բոլորը քաջալերեցէք որ կարելի եղածին չափ լիովին մասնակցին Ապրիլի համար ծրագրուած մասնայատուկ գործունէութեան եւ մարդոց Յիշատակատօնի հրաւիրելու համար յաւելեալ ջանք թափեն։

15 վյրկ. Պարբերաթերթի Մեր Ներկայացումները Պատրաստենք։ Ապրիլի ընթացքին Դիտարան–ը պիտի ներկայացնենք։ Վերաքաղ ըրէք Հոկտեմբեր 1996–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն էջ 8, պարբերութիւն 3 եւ 10։ Աչքառու դարձուցէք (1) յօդուած մը, (2) խօսակցելու յարմար կէտ մը, (3) հետաքրքրութիւն խթանող հարցում մը, եւ (4) ժամանակայարմար համար մը որ կրնայ ազդուօրէն գործածուիլ, ընթացիկ պարբերաթերթերէն իւրաքանչիւրը ներկայացնելու համար։ Շարունակեցէք Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը կամ Գիտութիւն գիրքը գործածել, հետաքրքրուած անհատներու հետ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար։ Եզրափակեցէք լաւ պատրաստուած ցուցադրութեամբ մը, որ ցոյց կու տայ թէ ասիկա ի՛նչպէս կրնանք ընել առաջին հանդիպումին։

Երգեցողութիւն թիւ 63 եւ փակման աղօթք։

Ապրիլ 2–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 150

9 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հրատարակիչներուն յիշեցուցէք որ Մարտ ամսուան դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները ներկայացնեն։ Վերաքաղ ըրէք «Յիշատակատօնի Վերաբերեալ Վերյիշեցումներ» շրջագիծը։

18 վյրկ. «Սէրը Մեզ կը Մղէ Քարոզելու»։ Յօդուածին մէջ յիշուած համարները աչքառու դարձուցէք։ Պարփակեցէք գաղափարներ, առնուած՝ Խորաթափանց Ակնարկ, Հատոր Բ., էջ 673, պարբերութիւն 1–էն։ Հրաւիրեցէք երկար տարիներէ ի վեր գործունեայ եղող հրատարակիչ մը, որ պատմէ թէ ի՛նչպէս Աստուծոյ սէրը կը մղէ զինք Թագաւորութեան գործին մէջ յարատեւելու։ Բոլոր հրատարակիչները յորդորեցէք որ Ապրիլին եւ անոր յաջորդող բոլոր ամիսներուն ընթացքին վկայութեան գործին մասնակցին։

18 վյրկ. «Ուրիշներուն Օգնեցէք որ Ժողովներուն Ներկայ Գտնուին»։ Յունիս 1996–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկի յաւելուածականին, 14-16–րդ պարբերութիւնները, Աստուածաշունչի աշակերտները կազմակերպութեան ուղղելու մասին յաւելեալ թելադրութիւններ կու տան։ Ցոյց տուէք թէ ի՛նչպէս Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը (դաս 5, պարբերութիւն 7) եւ Գիտութիւն գիրքը (գլուխ 5, պարբերութիւն 22) սկիզբէն իսկ կրնան գործածուիլ աշակերտը քաջալերելու որ ժողովներու յաճախէ։ Ասիկա ցոյց տալու համար, լաւ պատրաստուած ցուցադրութիւն մը ներկայացուցէք, որու մէջ ատակ հրատարակիչ մը ջերմօրէն կը քաջալերէ աշակերտը որ լրջօրէն մտածէ ժողովներու գալու մասին։

Երգեցողութիւն թիւ 47 եւ փակման աղօթք։

[Ստորանիշ]

Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց պատասխանով շարունակեցէք։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել