Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր
Սեպտեմբեր 10–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն Թիւ 14
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։
13 վյրկ. Տեղական կարիքներ։
22 վյրկ. «Ձեր Ծառայութիւնը Լիովին կը Կատարէ՞ք»։ Ներկաներուն հետ 1-3–րդ պարբերութիւնները նկատի առնելէ ետք, ցուցադրեցէք երկու հակիրճ ներկայացումներ, մէկը՝ գործածելով Դիտարան 15 Սեպտեմբեր թիւը, իսկ միւսը՝ Զարթի՛ր 22 Սեպտեմբեր թիւը։ 4–րդ պարբերութիւնը քննարկելէ ետք, թելադրուած ներկայացումը ցուցադրեցէք, գործածելով՝ Գիտութիւն գիրքը։
Երգեցողութիւն Թիւ 123 եւ փակման աղօթք։
Սեպտեմբեր 17–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն Թիւ 63
15 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիր։ «Ցանկ–ին Մէջն Է»։ Ցոյց տուէք թէ ի՛նչպէս ներկայացումներ կարելի է գտնել Ընտանիք գրքին համար։
15 վյրկ. Անցեալ Տարի Ի՞նչ Իրագործեցինք։ Ծառայութեան տեսուչին կողմէ դասախօսութիւն։ 2001–ի ծառայութեան տարուան ժողովքի տեղեկագրութենէն աչքառու կէտեր յիշեցէք։ Իրագործուած լաւ բաներուն համար հրատարակիչները գովեցէք։ Կեդրոնացէք ժողովներու ներկայութեան, դաշտի ծառայութեան մէջ կանոնաւոր ըլլալու, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարելու առնչութեամբ ժողովքին իրագործած բաներուն վրայ, բարելաւուելու նկատմամբ գործնական թելադրութիւններ ընդգծելով։ Յառաջիկայ տարուան համար հասանելի նպատակակէտեր դրէք։
15 վյրկ. Հարցումի Տուփ։ Դասախօսութիւն։ Վերաքաղ ըրէք ժողովքին դաշտի ծառայութեան ժողովներու շաբաթական յայտագիրը։ Բացատրեցէք թէ ի՛նչպէս բոլոր ներկայ գտնուողներն ալ կրնան նպաստել, որ այս ժողովները արդիւնաբեր ըլլան։ Ժողովքը քաջալերեցէք որ ծառայութեան այս կարգադրութիւններուն թիկունք կանգնին։
Երգեցողութիւն Թիւ 129 եւ փակման աղօթք։
Սեպտեմբեր 24–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն Թիւ 55
15 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ «Պարբերաթերթերուն Մասին Ի՛նչ Ըսենք» յօդուածին մէջ ներկայացուած թելադրութիւնները գործածելով, երկու ներկայացումներ ցուցադրեցէք, մէկը՝ գործածելով Դիտարան 1 Հոկտեմբեր թիւը, իսկ միւսը՝ Զարթի՛ր 8 Հոկտեմբեր թիւը։
30 վյրկ. Աստուա՛ծ Սիրենք՝ եւ Ո՛չ թէ Աշխարհի Բաները։ (Ա. Յովհ. 2։15-17) Դասախօսութիւն եւ ներկաներուն հետ զրոյց, վերաքաղ ընելով անցեալ ծառայութեան տարուան ընթացքին տեղի ունեցած շրջանային համաժողովի յայտագիրը։ Հրատարակիչները հրաւիրէ որ մեկնաբանութիւններ տան իրենց սորված բանալի կէտերուն մասին եւ թէ ի՛նչպէս կրցան զանոնք անձնապէս եւ ընտանեօք կիրարկել։ (Կարելի է նախապէս նշանակել։) Աչքառու դարձուցէք յայտագրին հետեւեալ մասերը. (1) «Աստուծոյ Հանդէպ Սէրը Մեզ Ծառայութեան կը Մղէ»։ Այսպիսի սէր մը մեզի կ’օգնէ բացասական զգացումներու հետ գլուխ ելլելու, ինչպէս՝ երկչոտութիւնը, անատակութեան զգացումները, մարդու վախը, որոնք կրնան մեր քարոզելուն արգելք հանդիսանալ։ (2) «Եհովան Սիրողները կ’Ատեն Ինչ որ Չար Է»։ (դ99 10/1 28-31) Աստուծոյ հետ յարաբերութիւն ունենալը կախեալ է իր ատած բաներուն հանդէպ ատելութիւն ունենալէն, ո՛չ միայն բացայայտօրէն չար եղող բաները, այլ նաեւ՝ թաքուն թուող սխալները։ (3) «Սիրոյ Գերազանց Ճամբան Հետապնդենք»։ (դ92 10/1 28-31) Ա. Կորնթացիս 13։4-8–ն ցոյց կու տայ թէ ինչո՛ւ համբերութեամբ կը տանինք ուրիշներու անկատարութիւնները, կը խուսափինք անձնակեդրոնութենէ եւ մրցակցութենէ, բամբասանք չենք տարածեր, եւ Աստուծոյ կազմակերպութեան հանդէպ հաւատարիմ կը մնանք։ (4) «Աշխարհի Մէջ Եղած Բաները Ի՞նչպէս կը Դիտենք»։ Պէտք չէ աշխարհի մէջ եղած բաները սիրենք, մարմնի ցանկութիւններու տեղի տանք, աչքի ցանկութիւններով հրապուրուինք, կամ երկրաւոր ինչքերով հպարտանանք։ (5) «Աշխարհի Մէկ Մասը Չըլլալը կը Պաշտպանէ Մեզ»։ Բ. Կորնթացիս 6։14-17–ն ցոյց կու տայ թէ կարգ մը հաւատալիքներ եւ սովորութիւններ ի՛նչպէս կրնան մեզ Աստուծոյ անընդունելի դարձնել։ Պէտք է նշմարենք եւ խուսափինք Բանսարկուին լարած ծուղակներէն։ (6) «Աստուածային Խոստումներ՝ Աստուած Սիրողներուն Համար»։ (դ86 11/1 28-29) Եհովայի օրհնութիւնը մեր կեանքը աւելի ուրախ կը դարձնէ եւ մեզ հոգեւորապէս կը հարստացնէ։—Ա. Տիմ. 6։17-19
Երգեցողութիւն Թիւ 160 եւ փակման աղօթք։
Հոկտեմբեր 1–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն Թիւ 10
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հրատարակիչներուն յիշեցուցէք որ Սեպտեմբեր ամսուան դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները ներկայացնեն։
15 վյրկ. Դպրոցին Մէջ Ի՞նչպէս Կրնամ Նիշերս Բարելաւել։ Երէց մը ու իր կինը, կամ օգնական ծառայ մը ու իր կինը կը խօսակցին իրենց դպրոցական զաւկին հետ։ Անոնք մտահոգ են, քանի որ իրենց զաւակը իր դասերը լաւ չի սորվիր։ Անոնք վերաքաղ կ’ընեն Պատանիներ գրքին, 18–րդ գլուխին մէջ տրուած խրատը, եւ կը խօսակցին թէ զաւակը ի՛նչ պէտք է ընէ բարելաւուելու համար։ Ծնողները հիմնական լաւ ուսում մը ձեռք ձգելու կարեւորութիւնը կը շեշտեն, որպէսզի զաւակը իր լման կարողութիւնը գործածէ սրբազան ծառայութիւն հետապնդելու համար։
20 վյրկ. «Անիկա Քարոզչութեան Խոչընդո՞տ Մըն Է»։ Աշխարհային գործին մէջ հաւասարակշռուած ըլլալու կարիքը շեշտեցէք, հաստատելով նախապատուութիւններ, որոնք Թագաւորութեան շահերը առաջնակարգ տեղը կը դնեն։ Ժողովքին մէջ, ընտանիքի գլուխ եղողներէն ոմանք հրաւիրեցէք որ պատմեն, թէ ի՛նչպէս գլուխ կ’ելլեն իրենց ընտանիքին նիւթական կարիքները հոգալու մարտահրաւէրին հետ, առանց իրենց հոգեւոր կարիքները զոհելու։
Երգեցողութիւն Թիւ 34 եւ փակման աղօթք։
[Ստորանիշ]
Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց պատասխանով շարունակեցէք։