Ձեր Ծառայութիւնը Լիովին կը Կատարէ՞ք
1 Գործք Առաքելոց գրքին մէջ, մեզի կ’ըսուի թէ Յիսուսի աշակերտները իրենց ծառայութիւնը կատարեցին, մարդոց «լիակատար վկայութիւն» տալով։ (Գործք 2։40, ՆԱ. 8։25. 28։23) Վստահաբար այս էր Պօղոս առաքեալի նպատակակէտը։ (Գործք 20։24) Որպէս բարի լուրի քարոզիչ, ասիկա ձեր նպատակակէտը չէ՞։ Ասիկա ի՞նչպէս կրնաք իրագործել։
2 Ձեր Ներկայացումը Պատրաստեցէք. Վստահ ըլլալու համար թէ ծառայութեան մէջ լաւ վկայութիւն մը կու տաք, նախապատրաստութիւնը կարեւոր է։ Ասիկա յատկապէս շիտակ է երբ պարբերաթերթերը կը ներկայացնենք, քանի որ անոնց պարունակած նիւթերը միշտ կը փոխուին։ Մեզ աւելի լաւ կերպով զինելու համար, Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին այս թիւը նոր երեսակ մը կը ներկայացնէ՝ ձախին գտնուող սիւնակը, որ ներկայացումի նմոյշներ կը պարունակէ, Դիտարան ու Զարթի՛ր պարբերաթերթերու ընթացիկ թիւերուն վերաբերեալ։ Իւրաքանչիւր թիւին համար ուշագրաւ պիտի դարձուի այժմէական նիւթ մը, որ շատերուն ուշադրութիւնը պիտի գրաւէ։ Այս հակիրճ ներկայացումները ի՞նչպէս կրնաք զարգացնել։
3 Թելադրութիւն մը ընտրեցէք որ կը խորհիք թէ ձեր թաղամասին մէջ շատ ազդու պիտի ըլլայ։ Ուշադրութեամբ կարդացէք առաջարկուած յօդուածը, եւ նկատի առէք մասնայատուկ կէտեր, որոնք հաւանաբար հետաքրքրութիւն արթնցնեն։ Պարբերաթերթին մէջ յիշուած համար մը ընտրեցէք, որ կրնաք տանտիրոջ հետ ձեր ունեցած խօսակցութեան մէջ գործածել։ Աւելցուցէք հակիրճ եզրափակութիւն մը, որ կը քաջալերէ ձեր ունկնդիրը պարբերաթերթը կարդալու, նաեւ, եթէ յարմար է, հակիրճ խօսքը մը՝ թէ տանտէրը կրնայ Եհովայի Վկաներու համաշխարհային գործին համար նուիրատուութիւն մը ընել։ Ապա, ձեր ներկայացումը փորձ ըրէք։
4 Ծրագրեցէք Աստուածաշունչը Գործածել. Լաւ ծրագրելով, յաճախ կարելի է ձեր ներկայացման մէջ սուրբ գրային համար մը պարփակել։ Օրինակ, շատ մը տեղեր փորձառու հրատարակիչներ յաջողութիւն կը գտնեն՝ Աստուածաշունչը բռնած դուռը զարնելով, տանտիրոջ բարեւելով, ապա ըսելով.
◼ «Մարդոց կը հարցնենք թէ կը հաւատա՞ն այս . . . »։ Կարդացէք Ծննդոց 1։1, ապա հարցուցէք. «Այս խօսքին հետ համաձա՞յն էք»։ Եթէ անհատը համաձայն է, ըսէք. «Ե՛ս ալ։ Սակայն, կը խորհի՞ք որ եթէ Աստուած ամէն բան ստեղծած է, ուրեմն ամբարշտութեան ալ պատասխանատու է»։ Անհատին պատասխանը մտիկ ընելէ ետք, կարդացէք Ժողովողի 7։29–ն։ Բացէք Գիտութիւն գրքին էջ 71–ը, եւ կարդացէք 2–րդ պարբերութիւնը։ Անհատը քաջալերեցէք որ գիրքը կարդայ։ Եթէ տանտէրը Ծննդոց 1։1–ին հետ համաձայն չէ, զինք յորդորեցէք որ Աստուած Իրապէս Հոգ կը Տանի՞ Մեզի գրքոյկը քննէ։
5 Ամէն Հետաքրքրութիւն Հետապնդեցէք. Չէք կրնար ձեր ծառայութիւնը լիովին կատարել եթէ գտնուած հետաքրքրութիւնը չհետապնդէք։ Երբ հաճելի խօսակցութիւն մը ունենաք, անհատին անունն ու հասցէն նոթագրեցէք, անոր տուած ըլլաք՝ պարբերաթերթ թէ այլ գրականութիւն։ Ժրաջանութեամբ փորձեցէք անհատին հետաքրքրութիւնը մշակել, անյապաղ վերադառնալով։ Անպայման Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը առաջարկեցէք։
6 Առաջին դարու աշակերտները գիտէին թէ Յիսուս իրենց պատուիրած էր «լիակատար վկայութիւն մը տալ»։ (Գործք 10։42, ՆԱ) Միեւնոյն պատուէրը մեզի ալ կը կիրարկուի, քանի որ ասիկա միակ կերպն է, որպէսզի կարենանք աշակերտներ մէջտեղ բերել։ (Մատթ. 28։19, 20) Թող որ մեր ծառայութիւնը լիովին կատարելու համար մեր լաւագոյնը ընենք։—Բ. Տիմ. 4։5