Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 11/01 էջ 2
  • Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2001)
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյեմբեր 12–ով Սկսող Շաբաթ
  • Նոյեմբեր 19–ով Սկսող Շաբաթ
  • Նոյեմբեր 26–ով Սկսող Շաբաթ
  • Դեկտեմբեր 3–ով Սկսող Շաբաթ
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2001)
թծ 11/01 էջ 2

Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր

Նոյեմբեր 12–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն Թիւ 32

8 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։ Նոյեմբեր 22–ի համար դաշտի ծառայութեան մասնայատուկ կարգադրութիւնները յիշեցէք։

15 վյրկ. «Զօրութեան Համար Եհովայի Ապաւինեցէք»։ Պարփակեցէք հակիրճ մեկնաբանութիւններ Դիտարան 1 Հոկտեմբեր 1999–էն, էջ 18-19, պարբերութիւն 6-8։

22 վյրկ. «Ուսումնասիրութիւններ Սկսելու Համար Նոր Գործիք մը Ունինք»։ Ծառայութեան տեսուչը նիւթը նկատի կ’առնէ ներկաներուն հետ։ Հիւրընկալները թող ներկաներէն իւրաքանչիւրին տան նոր թերթիկէն օրինակ մը, որուն խորագիրն է՝ Կը Փափաքէի՞ք Աստուածաշունչին Մասին Աւելին Գիտնալ, եթէ մատչելի է։ Երկու լաւ պատրաստուած ցուցադրութիւններ պարփակեցէք, գործածելով «Պարբերաթերթերուն Մասին Ի՛նչ Ըսենք» շրջագծին մէջի թելադրութիւնները։ Հրատարակիչ մը կը ներկայացնէ Դիտարան 15 Նոյեմբերի թիւը, իսկ ուրիշ մը՝ Զարթի՛ր 22 Նոյեմբերի թիւը։ Իւրաքանչիւր պարագային, հրատարակիչը կ’եզրափակէ Աստուածաշունչը Գիտնալ թերթիկը տալով տանտիրոջ. նախ այն տանտիրոջ որ պարբերաթերթերը չ’ընդունիր, ապա միւսին՝ որ կ’ընդունի։ Բոլորը քաջալերեցէք որ նոր թերթիկը տան ծառայութեան մէջ իրենց հանդիպած բոլոր անհատներուն։

Երգեցողութիւն Թիւ 47 եւ փակման աղօթք։

Նոյեմբեր 19–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն Թիւ 172

8 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիր։

15 վյրկ. Տեղական կարիքներ։

22 վյրկ. «Ձեր Հասկնալու Կարողութիւնը Մշակեցէք»։ Երէց մը կենսունակ վերաքաղ մը կ’ընէ անցեալ ծառայութեան տարուան ընթացքին տեղի ունեցած միօրեայ մասնաւոր համաժողովի յայտագրին։

Երգեցողութիւն Թիւ 195 եւ փակման աղօթք։

Նոյեմբեր 26–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն Թիւ 21

15 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հրատարակիչներուն յիշեցուցէք որ Նոյեմբեր ամսուան դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները ներկայացնեն։ «Պարբերաթերթերուն Մասին Ի՛նչ Ըսենք» շրջագծին թելադրութիւնները գործածելով, ցուցադրեցէք երկու լաւ պատրաստուած պարբերաթերթի ներկայացումներ, մէկը՝ գործածելով Դիտարան 1 Դեկտեմբեր թիւը, իսկ միւսը՝ Զարթի՛ր 8 Դեկտեմբեր թիւը։ Ապա բացատրեցէք թէ ի՛նչպէս կարելի է ներկայացում մը գտնել, զայն գործածելու համար Դեկտեմբերի ընթացքին, երբ Մեծագոյն Մարդը գիրքը կամ միւս գրքերէն մէկը կը ներկայացնենք։ Նայեցէք Դիտարանի Գրականութիւններու Նիւթերու Ցանկ–ին մէջ, «Ներկայացումներ» խորագրին եւ «Ցանկ՝ Ըստ Գրականութեան» ենթագլուխին ներքեւ։ Մէկ կամ երկու օրինակներ յիշեցէք։ Բոլորին վերյիշեցուցէք որ Կը Փափաքէի՞ք Աստուածաշունչին Մասին Աւելին Գիտնալ թերթիկը յաճախ գործածեն։

15 վյրկ. «Ուրկէ՞ Կրնամ Ժամանակ Գտնել»։ Դասախօսութիւն եւ ներկաներուն հետ զրոյց։ Պարփակեցէք գլխաւոր կէտեր առնուած՝ Դիտարան 1 Հոկտեմբեր 2000–էն, էջ 20-21, պարբերութիւն 9-10, «Ոմանք Ի՛նչպէս Ուսումնասիրութեան Համար Ժամանակ կը Գտնեն» ենթագլուխին ներքեւ։ Ներկաները հրաւիրեցէք որ յիշեն թէ ի՛նչպէս անհրաժեշտ չեղող հետապնդումներ ջնջելով, աւելի կարեւոր բաներու համար ժամանակ գտած են։ Ընդգծեցէք թէ կարեւոր է ժամանակ յայտագրել՝ անձնական ու ընտանեկան ուսումնասիրութեան, ժողովքային հանդիպումներու, դաշտի ծառայութեան, եւ ամէն օր Աստուածաշունչը կարդալու համար։

15 վյրկ. Երախաներ Եհովան կը Փառաբանեն։ Ներկաներուն հետ զրոյց։ Ժողովքներուն մեծամասնութիւնը քարոզչութեան մէջ բաժին բերող երախաներ ունի։ Անոնց համար ասիկա ընելը պատշաճ բան մըն է, նոյնիսկ երբ անիկա կը նշանակէ մեծաւ մասամբ չափահասներուն վկայել։ (Սաղմ. 148։12, 13. Մատթ. 21։15, 16) Երբ ծնողներ եւ այլ հրատարակիչներ երախաներով հետաքրքրուին, անոնց մարզում եւ քաջալերութիւն հայթայթեն, անոնք դաշտի ծառայութեան մէջ շատ ուրախութիւն կը գտնեն։ Ներկաներէն խնդրեցէք որ երախաները տունէ տուն եւ վերայցելութեան գործունէութեան մէջ պարփակելու կերպեր թելադրեն։ Ծնողներէն խնդրեցէք որ պատմեն թէ ի՛նչ ըրած են իրենց զաւակներուն սորվեցնելու համար՝ պարբերաթերթեր ներկայացնելու, ներկայացումներուն մէջ Աստուածաշունչը գործածելու, եւ դռներուն առջեւ ինքնավստահութեամբ խօսելու կերպը։ Շեշտեցէք երախաներուն գովասանքի խօսքեր ըսելուն օգուտները։ Հարցազրոյց ունեցէք մէկ կամ երկու փոքրիկ հրատարակիչներու հետ, եւ թոյլ տուէք որ պատմեն թէ քարոզչութեան մէջ ի՛նչ բանէ հաճոյք կ’առնեն եւ ինչո՛ւ։

Երգեցողութիւն Թիւ 14 եւ փակման աղօթք։

Դեկտեմբեր 3–ով Սկսող Շաբաթ

Երգեցողութիւն Թիւ 123

8 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։

17 վյրկ. Պատճառաբանել Գրքին Երեսակները։ Ներկաներուն հետ զրոյց։ Նկատի առէք հետեւեալ օրինակները, որոնք ցոյց կու տան թէ այս գրքին զանազան երեսակները ի՛նչպէս շատ օգտակար են Աստուածաշունչի ուսուցումները սորվեցնելու համար. Սահմանումներ, ինչպէս՝ «Թագաւորութիւն» (էջ 225-226, կամ՝ էջ 360, Արաբ.) կամ «ոգի» (էջ 380, կամ՝ էջ 217, Արաբ.) նիւթին մասին. բաղդատելու միտումով զանազան թարգմանութիւններէ մէջբերուած համարներ, որոնք ցոյց կու տան թէ Աստուծոյ անունը Աստուածաշունչին մէջ ո՛ւր եւ ի՛նչպէս գործածուած է (էջ 191-193, կամ՝ էջ 429-431, Արաբ.) կամ դժոխքի մասին իրականութիւնը (էջ 169-170, կամ՝ էջ 392-393, Արաբ.). ցանկեր, որոնք մեզ այլ կրօնքներէ զատորոշող հաւատալիքները կը մանրամասնեն (էջ 199-201, կամ՝ էջ 256-258, Արաբ.) կամ ցոյց կու տան թէ անհատ մը ի՛նչպէս կրնայ գիտնալ թէ ո՛ր կրօնքը շիտակ է (էջ 328-330, կամ՝ էջ 204-206, Արաբ.). պատմական ենթահող, որ կը յայտնէ Ծնունդին ծագումը (էջ 176-178, կամ՝ էջ 53-55, Արաբ.) կամ նախկին Քրիստոնեաներուն չէզոքութիւնը (էջ 273-275, կամ՝ էջ 163-166, Արաբ.). գիտական ապացոյց, որ թիկունք կը կանգնի ստեղծագործութեան (էջ 85-86, կամ՝ էջ 188-189, Արաբ.) կամ ցոյց կու տայ մարիխուանայի եւ ծխախոտի գործածութեան վնասակար ըլլալը (էջ 108-111, կամ՝ էջ 342-345, Արաբ.)։ Հրատարակիչները քաջալերեցէք որ ուսուցանելու այս ընտիր գործիքը գործածեն, երբ դաշտի ծառայութեան մէջ պատեհութիւններ ծագին։

20 վյրկ. «Եհովայի Սիրոյն Հանդէպ Գնահատութիւն Ցուցաբերելուն Օրհնութիւնները—Մաս Ա.»։ Երբ 3-6–րդ պարբերութիւնները նկատի կ’առնէք, ժողովքէն խնդրեցէք որ քաջալերական փորձառութիւններ պատմեն, զորս ունեցած են տունէ տուն ծառայութեան, փողոցի վկայութեան, վերայցելութիւններու ընթացքին, եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան գործունէութեան մէջ։

Երգեցողութիւն Թիւ 114 եւ փակման աղօթք։

[Ստորանիշ]

Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց պատասխանով շարունակեցէք։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել