Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր
Յունիս 10–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն Թիւ 32
15 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։ Բոլորը քաջալերեցէք որ Մեր Եղբայրներու Ամբողջ Ընկերակցութիւնը պատկերիզը դիտեն, Յունիս 24–ով սկսող շաբթուան Ծառայութեան Ժողովին մէջ անոր քննարկման առ ի պատրաստութիւն։ Գործածելով էջ 4–ի վրայ գտնուող թելադրութիւնները, երկու անջատ ցուցադրութիւններով Դիտարան 1 Յուլիս եւ Զարթի՛ր 22 Յունիս թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրեցէք։ Իւրաքանչիւր պարագային, ցոյց տուէք «կրօնքով հետաքրքրուած չեմ» խօսակցութիւնը ընդհատող առարկութիւնը ձեռք առնելու տարբեր կերպ մը։—Տես՝ Պատճառաբանել գիրքը, էջ 16-17։
10 վյրկ. Հարցումի Տուփ։ Ամբողջ յօդուածը եւ նշուած համարները կարդացէք։ Ետքը, յաւելեալ մեկնաբանութիւններ պարփակեցէք, հիմնուելով ուրիշ կէտերու վրայ, որոնք յիշուած են Մարտ 1998 Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին Հարցումի Տուփին մէջ։
20 վյրկ. «Առատութիւնով Սերմանելը Ճոխ Օրհնութիւններ կը Բերէ»։ Պարփակեցէք մեկնաբանութիւններ, հիմնուելով՝ Դիտարան 1 Ապրիլ 1993 թիւին վրայ, էջ 15-16, պարբերութիւն 14-17։
Երգեցողութիւն Թիւ 63 եւ փակման աղօթք։
Յունիս 17–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն Թիւ 21
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիր։
15 վյրկ. Տեղական կարիքներ։
20 վյրկ. «Ձեր Ունեցածով Գոհացէք»։ Տրուած խրատներուն սուրբ գրային հիմը ընդգծեցէք, ժամանակին ներած չափով՝ նշուած համարները կարդալով եւ քննարկելով։
Երգեցողութիւն Թիւ 57 եւ փակման աղօթք։
Յունիս 24–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն Թիւ 127
8 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Ամուսնացած զոյգ մը, որ ծառայութեան մէջ միասին կ’աշխատին, կը ցուցադրեն էջ 4–ի վրայ գտնուող թելադրութիւնները գործածելու կերպը, 1 Յուլիս եւ 8 Յուլիս պարբերաթերթերը ներկայացնելու համար։ Կինը կը ներկայացնէ Դիտարան–ը, իսկ ամուսինը՝ Զարթի՛ր–ը։
12 վյրկ. Տեղական հրատարակիչներուն հետ պատահած փորձառութիւններ պատմեցէք կամ խաղարկեցէք, ինչպէս՝ (1) զանազան ազգատոհմերու կամ օտար լեզուներ խօսող անհատներու վկայել, կամ (2) տունէ տուն եւ փողոցի ծառայութենէն տարբեր կերպերով վկայել։ Առ ի պատրաստութիւն յաջորդ շաբթուան Ծառայութեան Ժողովին, բոլորը քաջալերեցէք որ Յուլիսին ու Օգոստոսին ներկայացուելիք գրքոյկներէն մէկը առաջարկելու համար ներկայացում մը գտնեն։—Տես՝ «Այլ Գրականութիւններ» շրջագիծը, Յունուար 2002 Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին յաւելուածականին մէջ։
25 վյրկ. «Ինչո՛ւ կը Սիրենք Մեր Եղբայրներու Ամբողջ Ընկերակցութիւնը»։ Ներկաներուն հետ քննարկեցէք Ամբողջ Ընկերակցութիւնը պատկերիզը, հայթայթուած հարցումները գործածելով։
Երգեցողութիւն Թիւ 95 եւ փակման աղօթք։
Յուլիս 1–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն Թիւ 162
15 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հրատարակիչներուն յիշեցուցէք որ Յունիսի դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները ներկայացնեն։ Հրատարակիչներէն խնդրեցէք որ ըսեն թէ ո՛ր գրքոյկը կը ծրագրեն գործածել Յուլիսի ընթացքին եւ ի՛նչ ներկայացում պիտի գործածեն։
15 վյրկ. Աստուծոյ Բարեկամը Կրնա՛ք Ըլլալ։ Դասախօսութիւն եւ ներկաներուն հետ զրոյց։ Գրքոյկին այն երեսակները մատնանշեցէք, որոնք ուսուցանելու զօրաւոր գործիք մը կը դարձնեն զայն, երախաներու եւ քիչ ուսում կամ կարդալու սահմանափակ կարողութիւն ունեցող անհատներու օգնելու համար որ Եհովայի մասին սորվին։ Անոր պարզ ու տրամաբանական բացատրութիւններէն օրինակներ տուէք։ (Տես՝ դաս 2, 8 եւ 12) Ցոյց տուէք թէ պատկերները ի՛նչպէս կրնան գործածուիլ աշակերտի մը սրտին հասնելու համար։ Թելադրեցէք կերպեր թէ այս գրքոյկը ի՛նչպէս կրնայ ազդուօրէն գործածուիլ։ Ծնողներ պէտք է զայն ուսումնասիրեն իրենց երախաներուն հետ։ Բոլորը քաջալերեցէք որ զայն ծառայութեան մէջ ներկայացնեն, երբոր յարմար է։
15 վյրկ. «‘Կ’ուզէ՞ք’ Ուրիշներու Օգնել»։ Ժողովքին բոլոր անդամները քաջալերեցէք որ օգնելու պատրաստ հոգի մը ունենան։
Երգեցողութիւն Թիւ 204 եւ փակման աղօթք։
[Ստորանիշ]
Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց պատասխանով շարունակեցէք։