‘Կ’ուզէ՞ք’ Ուրիշներու Օգնել
1 Յիսուս իրապէս մարդոցմով հետաքրքրուեցաւ։ Երբ բորոտ մը իրմէ օգնութիւն խնդրեց, Յիսուս իր ձեռքը երկարելով, դպաւ մարդուն ու ըսաւ. «Կ’ուզե՛մ, մաքրուէ»։ (Մար. 1։40-42) Ի՞նչ կերպերով կրնանք ընդօրինակել ուրիշներու օգնելու Յիսուսի կեցուածքը։
2 Հետաքրքրուած Անհատներ. Ժողովքին իւրաքանչիւր անդամը դեր կը խաղայ հետաքրքրուած անհատներուն օգնելու մէջ որ Եհովայի երկրպագուներ ըլլան։ Երբ նորեկներ ժողովի գան, զանոնք բարեւեցէք եւ անոնց հետ ծանօթացէք։ Զանոնք քաջալերելու կերպեր փնտռեցէք։ Անոնց տուած պատասխաններուն համար գովեցէք զիրենք։ Գնահատական խօսքեր ըսէք, իրենց կեանքին մէջ Աստուածաշունչի սկզբունքները կիրարկելու միտումով իրենց թափած ջանքերուն համար։ Անոնց օգնեցէք որ տեսնեն թէ կրնան ժողովքին մէջ իսկական բարեկամներ ունենալ։
3 Հաւատակիցներ. Մանաւանդ «հաւատքի ընտանիներ»ը արժանի են մեր օգնութեան՝ զանազան կերպերով։ (Գաղ. 6։10) Շատեր առողջապահական խնդիրներու հետ կը մաքառին։ Քաջալերական այցելութիւն մը տալով, կրնաք կենսական ընկերակցութիւն հայթայթել եւ թերեւս գործնական կերպերով ալ աջակցիլ։ Թերեւս ոմանք իրենց կեանքին մէջ այլ խնդիրներ կը դիմագրաւեն։ Ձեր հետաքրքրութիւնը ցուցաբերեցէք ժամանակ տրամադրելով անոնց մտիկ ընելու եւ զիրենք կերտելու համար։ (Ա. Թես. 5։14) Երէցներն ալ մեր համագործակցութեան կարիքը ունին, մինչ իրենց պատասխանատուութիւնները կը կրեն։ (Եբր. 13։17) Յօժարակամ ու օգնական հոգի մը ցուցաբերելով, կրնանք մեր հաւատակիցներուն «տոգորող ոյժ մը» ըլլալ։—Կող. 4։11, ՆԱ
4 Ընտանիքի Անդամներ. Նաեւ պէտք է ջանանք մարդոց հանդէպ Յիսուսի ունեցած հետաքրքրութիւնը ընդօրինակել, մեր ընտանեկան շրջանակին մէջ։ Խոր հետաքրքրութիւնը կը մղէ ծնողքը որ ‘իրենց որդիները մեծցնեն Տէրոջը վարժութիւնովն ու խրատովը’։ (Եփ. 6։4) Զաւակներ կրնան իրենց ինկած բաժինը ընել՝ շուտով պատրաստուելով, երբ ընտանեկան ուսումնասիրութեան, ժողովներուն կամ դաշտի ծառայութեան ժամանակը գայ։ Չափահաս զաւակներ կրնան Յիսուսի կարեկցութիւնը արտացոլացնել, քաղցրութեամբ իրենց ծնողներուն օգնելով որ կարենան յառաջացած տարիքի պատճառած դժուարութիւններուն հետ գլուխ ելլել։ Այս եւ ուրիշ կերպերով, բոլորս ալ կրնանք մեր «տանը մէջ որդիական գութ ցուցնել»։—Ա. Տիմ. 5։4
5 Մինչ Յիսուսը կ’ընդօրինակենք ուրիշներու օգնելով, կը նպաստենք խնդիրները նուազեցնելու եւ մեր ընտանիքն ու ժողովքը իրարու աւելի մօտեցնելու։ Ամենէն կարեւորը, Եհովայի՝ ‘գթութեան Հօր’՝ պատիւ կը բերենք։—Բ. Կորն. 1։3