Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 11/04 էջ 1
  • Կրնա՞ս Օգնութեան Ձեռք Երկարել

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Կրնա՞ս Օգնութեան Ձեռք Երկարել
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2004)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ‘Կ’ուզէ՞ք’ Ուրիշներու Օգնել
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2002)
  • Հաւատարիմ Տարեցները Յիշեցէք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2002)
  • Կրնա՞ս օգնութեան ձեռք տալ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2013)
  • Ի՛նչ Բան Կրնայ Օգնել որ Հաւատքի Մէջ Հաստատ Մնանք
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2000)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2004)
թծ 11/04 էջ 1

Կրնա՞ս Օգնութեան Ձեռք Երկարել

1 Եհովա միշտ կերպեր կը փնտռէ իր հաւատարիմ ծառաներուն օգնելու համար։ (Բ. Մնաց. 16։9. Եսայ. 41։10, 13) Զինք հոգածու հովիւի մը նմանցնելով, Եսայի գրեց. «Գառնուկները իր բազուկովը պիտի հաւաքէ ու զանոնք իր գրկին մէջ պիտի կրէ եւ ծիծ տուողները կամաց պիտի քշէ»։ (Եսայ. 40։11) Նկատի առ կարգ մը կերպեր, որով կրնանք Եհովայի սիրալիր հոգածութիւնը ընդօրինակել։

2 Նորեկներուն Օգնէ. Կրնանք ձեռք հասցնել՝ նորեկները հրաւիրելով որ մեզի հետ շինիչ ընկերակցութիւն վայելեն։ (Առ. 13։20) Մտաբերելով թէ ուրիշներ ի՛նչպէս օգնեցին իրեն երբ ժողովքին հետ սկսաւ ընկերակցիլ, եղբայր մը ըսաւ. «Մի քանի անգամ ընտանիք մը զիս հրաւիրեց իրենց ընտանեկան ուսումնասիրութեան։ Մինչ կը յառաջդիմէի, երիտասարդ ռահվիրայ ամոլ մը կանոնաւորաբար կը կարգադրէր որ իրենց հետ լման օրեր անցընեմ ծառայութեան մէջ։ Միշտ հոգեւոր հոյակապ խօսակցութիւններ կ’ունենայինք»։ Ան աւելցուց. «Քրիստոնեայ ըլլալէ առաջ, սովորաբար ընկերակցութիւն կը փնտռէի Ուրբաթ եւ Շաբաթ գիշերները։ Բայց եղբայրներուն հետ անցուցած ժամանակս, ընկերակցութեան կարիքս լեցուց»։ Ժողովքին սիրալիր հետաքրքրութիւնը այս եղբօր օգնեց որ հաւատքին մէջ արմատանայ ու հաստատուի, եւ ան ներկայիս Պէթէլի ընտանիքին մէկ անդամն է։—Կող. 2։6, 7

3 Իրար Կերտենք. Երբ մեր եղբայրները դժուար պարագաներ դիմագրաւեն, կրնանք օգնելու պատեհութիւններ նշմարել։ Կրնա՞ս անկարող հրատարակիչի մը հետ հեռախօսով վկայելու կարգադրութիւն ընել, կամ զինք հրաւիրել որ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան մը ներկայ գտնուի, թերեւս նոյնիսկ աշակերտդ անոր տունը տանելով։ Կրնա՞ս փոքր երախաներ ունեցող ծնողի մը օգնել, երբ ծառայութեան մասնակցի։ Կրնա՞ս երկչոտ անհատներու օգնել, երբ վերայցելութիւններ ընեն կամ ծառայութեան այլ երեսակներու մասնակցին։ Մեր եղբայրներուն հանդէպ սիրալիր հետաքրքրութիւնը մեզ պիտի մղէ որ զիրենք կերտելու կերպեր փնտռենք։—Հռովմ. 14։19

4 Իր ծառաներուն հանդէպ Եհովայի գորովալից հոգածութիւնը ընդօրինակելով, իրար կը զօրացնենք, ժողովքին մէջ սիրոյ կապը կ’ամրացնենք ու մեր երկնաւոր Հայրը կը փառաւորենք։—Եփ. 4։16

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել