Խոնարհութիւն Հագէք
1 Հովիւ պատանի մը Եհովայի կ’ապաւինի եւ հզօր ռազմիկի մը կը յաղթէ։ (Ա. Թագ. 17։45-47) Հարուստ մարդ մը համբերութեամբ կը տոկայ աղէտի մը։ (Յոբ. 1։20-22. 2։9, 10) Աստուծոյ Որդին իր ուսուցման ամբողջ վարկը իր Հօր կը վերագրէ։ (Յովհ. 7։15-18. 8։28) Այս օրինակներէն իւրաքանչիւրին մէջ, խոնարհութիւնը գլխաւոր դեր մը խաղցաւ։ Նոյնպէս այսօր, մեր դիմակալած զանազան պարագաներուն հետ գլուխ ելլելու համար, խոնարհութիւնը կենսական է։—Կող. 3։12
2 Քարոզելու Ժամանակ. Քրիստոնեայ քարոզիչներ ըլլալով, բարի լուրը խոնարհութեամբ կը բաժնենք ամէն տեսակ մարդոց հետ, առանց զանոնք կանխադատելու՝ ցեղի, մշակոյթի կամ ենթահողի հիման վրայ։ (Ա. Կորն. 9։22, 23) Եթէ ոմանք Թագաւորութեան պատգամը կոշտօրէն կամ յոխորտօրէն մերժեն, նոյն կերպով չենք փոխադարձեր, այլ՝ համբերութեամբ կը շարունակենք արժանի եղողները փնտռել։ (Մատթ. 10։11, 14) Փոխանակ ուրիշները մեր ունեցած գիտութեամբ կամ կրթութեամբ տպաւորելու, ուշադրութիւնը Աստուծոյ Խօսքին կ’ուղղենք, գիտակցելով թէ անիկա մեր խօսքերէն շա՛տ աւելի համոզիչ է։ (Ա. Կորն. 2։1-5. Եբր. 4։12) Յիսուսը ընդօրինակելով, ամբողջ փառքը Եհովայի կու տանք։—Մար. 10։17, 18
3 Ժողովքին Մէջ. Քրիստոնեաները պէտք է ‘խոնարհութիւն հագնին’։ (Ա. Պետ. 5։5) Եթէ ուրիշները մեզմէ գերադաս սեպենք, մեր եղբայրներուն ծառայելու կերպեր պիտի փնտռենք, փոխանակ ակնկալելու որ իրենք մեզի ծառայեն։ (Յովհ. 13։12-17. Փիլ. 2։3, 4) Պիտի չխորհինք թէ ա՛յնքան կարեւոր մէկն ենք որ կարգ մը պարտականութիւններ ընելը, ինչպէս՝ Թագաւորութեան Սրահը մաքրելը, մեզի չ’իյնար։
4 Խոնարհութիւնը մեզի կ’օգնէ որ ‘իրարու հանդուրժելով սէր ցոյց տանք’, ժողովքին մէջ խաղաղութիւն ու միութիւն յառաջացնելով։ (Եփ. 4։1-3) Խոնարհութիւնը մեզի կ’օգնէ որ առաջնորդութիւն առնելու նշանակուած անհատներուն հնազանդինք։ (Եբր. 13։17) Անիկա մեզ կը մղէ որ մեզի տրուած որեւէ խրատ կամ կրթութիւն ընդունինք։ (Սաղմ. 141։5) Անիկա նաեւ կը մղէ մեզ որ ժողովքին մէջ մեր ստացած որեւէ առանձնաշնորհումին հոգ տանելու համար Եհովայի ապաւինինք։ (Ա. Պետ. 4։11) Դաւիթի նման կը գիտակցինք որ յաջողութիւնը ո՛չ թէ մարդկային կարողութենէն կախեալ է, այլ՝ Աստուծոյ օրհնութենէն։—Ա. Թագ. 17։37
5 Մեր Աստուծոյն Առջեւ. Մանաւանդ պէտք է ‘Աստուծոյ հզօր ձեռքին տակ խոնարհինք’։ (Ա. Պետ. 5։6) Եթէ փորձիչ պարագաներու դէմ կը պայքարինք, թերեւս տենչանք Թագաւորութեան բերելիք հանգիստին։ Բայց խոնարհութեամբ կը համբերենք, սպասելով որ Եհովա իր խոստումները կատարէ ի՛ր որոշած ժամանակին։ (Յակ. 5։7-11) Ուղղամիտ Յոբին նման, մեր գլխաւոր հետաքրքրութիւնն է որ ‘Տէրոջը անունը օրհնեալ ըլլայ’։—Յոբ. 1։21
6 Դանիէլ մարգարէն ‘Աստուծոյ առջեւ իր անձը խոնարհեցուց’ եւ Եհովայի հաճութեան արժանացաւ ու բազմաթիւ առանձնաշնորհումներ վայելեց։ (Դան. 10։11, 12) Թող որ մենք ալ խոնարհութիւն հագնինք, գիտնալով թէ «խոնարհութիւնը եւ Տէրոջը երկիւղին վախճանը հարստութիւն, փառք ու կեանք են»։—Առ. 22։4