Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր
Սեպտեմբեր 8–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն Թիւ 10
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։ Բոլորը քաջալերեցէք որ անցեալ ծառայութեան տարուան շրջանային համաժողովի իրենց նոթերը վերաքաղ ընեն, առ ի պատրաստութիւն յառաջիկայ Ծառայութեան Ժողովին։ Գործածելով էջ 4–ի վրայ գտնուած թելադրութիւնները, երկու անջատ ու իրատես ցուցադրութիւններով՝ Դիտարան 1 Հոկտեմբեր եւ Զարթի՛ր 22 Սեպտեմբեր թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրեցէք։ Ցուցադրութիւններէն մէկը թող ցոյց տայ աշակերտ մը կամ ծնող մը որ ուսուցիչի մը կը վկայէ։
10 վյրկ. Ընկերութեան Նամակը։ Երկար տարիներէ ի վեր ծառայող հրատարակիչի մը՝ նախընտրաբար երէց՝ եւ աւելի երիտասարդ հրատարակիչի մը միջեւ զրոյց։ Երիտասարդ հրատարակիչը փորձառու հրատարակիչին կը հարցնէ թէ արդեօք աչքէ անցո՞ւց Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին մէջ Ընկերութեան կողմէ յղուած նամակը։ Փորձառու հրատարակիչը կը բացատրէ թէ 1960–ական եւ 1970–ական թուականներուն, մասնաճիւղին նամակը Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին մէկ երեսակն էր։ Ապա անոնք կը քննարկեն առաջին էջին վրայ գտնուող նամակը, գլխաւոր կէտերը աչքառու դարձնելով։
25 վյրկ. «Ո՛վ Պատանիներ՝ Ապագային Համար Լաւ Հիմ Դրէք»։a Երէց մը յօդուածը նկատի կ’առնէ, հայթայթուած հարցումները գործածելով։ Երբ 5–րդ պարբերութիւնը քննարկէք, լիաժամ ծառայութեան ուրախութիւններն ու օրհնութիւնները ցցուն ըրէք։
Երգեցողութիւն Թիւ 204 եւ փակման աղօթք։
Սեպտեմբեր 15–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն Թիւ 195
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիր։
10 վյրկ. Դանիէլի մարգարէութիւնը Ուսումնասիրել։ Դասախօսութիւն գիրքի ուսումնասիրութեան տեսուչի մը կողմէ, հիմնուած՝ Մարտ 2000–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին էջ 8–ի վրայ գտնուող յօդուածին վրայ։ Պարփակեցէք մեկնաբանութիւններ, առնուած՝ Ծառայութեան Դպրոց գիրքէն, էջ 28 պարբերութիւն 1 եւ էջ 70։ Բոլորը քաջալերեցէք որ Ժողովքի Գիրքի Ուսումնասիրութեան կանոնաւորաբար ներկայ գտնուին։
25 վյրկ. «Եհովայի Վստահիր ու Բարութիւն Ըրէ՛»։ (Սաղմ. 37։3) Ներկաներուն հետ զրոյց, հիմնուած հետեւեալ հարցումներուն վրայ, որոնք անցեալ ծառայութեան տարուան շրջանային համաժողովի յայտագրին գլխաւոր կէտերը աչքառու կը դարձնեն։ Ներկաները հրաւիրեցէք որ մեկնաբանութիւններ տան թէ ի՛նչպէս կրցան բանալի կէտերը անձնապէս կամ ընտանեօք կիրարկել։ Ցցուն ըրէք յայտագրին հետեւեալ մասերը. (1) «Եհովայի Հանդէպ Վստահութիւն Ցուցաբերել»։ Ինչո՞ւ կենսական է կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ Եհովայի հանդէպ վստահութիւն ցուցաբերել։ (it-2 էջ 521) Դիտարանի Գրականութիւններու Նիւթերու Ցանկ–ը ի՞նչպէս կրնայ մեզի օգնել։ (2) «Կեանքի Ունայնութիւններէն Զգուշացէք»։ (Ժող. 2։4-8, 11) Ո՞ր ունայն գործերէն պէտք է զգուշանանք, եւ ի՞նչպէս։ (3) «Չարութիւնը Մերժեցէք՝ Բարութիւն Գործեցէք»։ Եհովայի չափանիշներուն կառչիլը ինչո՞ւ կենսական է։ (Եսայ. 5։20) Ի՞նչ բարի գործերով զբաղած պէտք է ըլլանք։ (4) Եհովայի Հանդէպ Մեր Վստահութիւնը Պահպանենք»։ Ի՞նչ բաներ մեզի պիտի օգնեն փորձութիւններու դիմաց հաստատ կենալու։ Ինչո՞ւ կարգ մը հարցեր Եհովայի պէտք է յանձնենք։ (5) «Աստուծոյ Թագաւորութեան Պիտի Արժանանա՞ք»։ (Կող. 1։10) Աստուածաշունչի ո՞ր օրինակները մեզ կը խթանեն որ շարունակենք Եհովայի արժանի կերպով քալել։ (6) «Եհովայի Խոստումներուն Վստահեցէք»։ Ասիկա ընելը ի՞նչպէս մեր կեանքին պիտի ազդէ։
Երգեցողութիւն Թիւ 95 եւ փակման աղօթք։
Սեպտեմբեր 22–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն Թիւ 129
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Գործածելով էջ 4–ի վրայ գտնուած թելադրութիւնները, երկու անջատ ցուցադրութիւններով՝ Դիտարան 1 Հոկտեմբեր եւ Զարթի՛ր 8 Հոկտեմբեր թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրեցէք։ Ցոյց տուէք երէց մը եւ անկարող հրատարակիչ մը, որոնք հեռաձայնով կը վկայեն։
15 վյրկ. Անցեալ Տարի Ի՞նչ Իրագործեցինք։ Ծառայութեան տեսուչը 2003–ի ծառայութեան տարուան ժողովքի տեղեկագրութենէն աչքառու կէտեր վերաքաղ կ’ընէ։ Իրագործուած լաւ բաներուն համար ժողովքը գովեցէք։ Շրջանային տեսուչին վերջին տեղեկագրութենէն յարմար կէտեր պարփակեցէք։ Յառաջիկայ տարուան համար մէկ կամ երկու հասանելի նպատակակէտեր յիշեցէք։
20 վյրկ. Բոլո՞ր Կրօնքները Աստուծոյ Ընդունելի Են։ Ներկաներուն հետ զրոյց, հիմնուած՝ Պատճառաբանել գիրքին վրայ։ Նկատի առէք թէ ի՛նչպէս կրնաք այս կէտին շուրջ անհատի մը հետ պատճառաբանել։ (rs էջ 322-323 [կամ՝ էջ 198-200, Արաբ.]) Ցցուն ըրէք կարգ մը կերպեր, որոնցմով կարելի է շիտակ կրօնքը բնորոշել։ (rs էջ 328-330 [կամ՝ էջ 204-206, Արաբ.]) Մեր ծառայութիւնը ուրիշներուն կ’օգնէ որ Աստուծոյ ընդունելի եղող պաշտամունքի կերպը ընտրեն։—Կող. 1։9, 10
Երգեցողութիւն Թիւ 143 եւ փակման աղօթք։
Սեպտեմբեր 29–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն Թիւ 112
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հրատարակիչներուն յիշեցուցէք որ Սեպտեմբեր ամսուան դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները ներկայացնեն։ Հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին ներկայացուելիք գրականութիւնները յիշեցէք։ Հակիրճ ցուցադրութեամբ մը ցոյց տուէք Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկով Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսելու կերպը։
15 վյրկ. Տեղական կարիքներ։
20 վյրկ. «Խոնարհութիւն Հագէք»։b Ներկաներէն խնդրեցէք որ համարներուն ի՛նչպէս կիրարկուելուն մասին մեկնաբանութիւններ տան։
Երգեցողութիւն Թիւ 127 եւ փակման աղօթք։
Հոկտեմբեր 6–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն Թիւ 172
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Այս ամիս մասնայատուկ ջանք պիտի թափենք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար։ Հակիրճօրէն վերաքաղ ըրէք Մայիս 2002–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին առաջին էջին առաջին պարբերութիւնը։
15 վյրկ. «Առաջին Բաները՝ Առաջին Տեղը Դնելու Հոգ Տարէք»։ Դասախօսութիւն եւ ներկաներուն հետ զրոյց, հիմնուած Դիտարան 1 Սեպտեմբեր 1998 թիւի յօդուածին վրայ, էջ 29-31։ Ներկաներէն խնդրեցէք որ խօսին թէ ի՛նչ կ’ընեն որպէսզի հոգեւոր կարգադրութիւնները կորսնցնելէ խուսափին։
20 վյրկ. Խիզախօրէն Շրջապատի Ճնշումին Դէմ Դնել։ Քրիստոնեայ ընտանիքի մը մէջ մեծցած երէցի մը կամ օգնական ծառայի մը հետ հարցազրոյց։ Դիտարան 15 Փետրուար 2003 (Անգլերէն) թիւէն ընտրուած կէտերու ակնարկում ըրէք։ Եղբայրը դպրոցին մէջ ի՞նչ ճնշում դիմակալեց։ (էջ 24 պարբ. 3, էջ 25 պարբ. 4-5) Ան ուրիշներուն կողմէ վնասակար ազդեցութիւններու ենթարկուեցա՞ւ։ (էջ 26 պարբ. 4-6) Իբր չափահաս ան շրջապատի ճնշում կը դիմակալէ՞։ Ի՞նչ բան իրեն օգնած է որ համակերպելու ճնշումին դէմ դնէ։ Դիտարան 1 Օգոստոս 1999 (Անգլերէն) թիւին վրայ հիմնուած, էջ 24-25, եզրափակիչ դասախօսութեամբ ուշագրաւ դարձուցէք պիտանի ընկերակցութիւններ մշակելուն օգուտները։
Երգեցողութիւն Թիւ 38 եւ փակման աղօթք։
[Ստորանիշներ]
a Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց պատասխանով շարունակեցէք։
b Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց պատասխանով շարունակեցէք։