2004–Ի Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի Յայտագիր
Թելադրութիւններ
2004–ի ընթացքին Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցը հետեւեալ կարգադրութիւններուն համաձայն պիտի վարուի։
ԴԱՍԱԳԻՐՔԵՐ. Աստուածաշունչ, Դիտարան [դ, w], Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի Կրթութենէն Օգտուեցէք [կօ], «Բոլոր Գիրքը Աստուծոյ Շունչն Է եւ Օգտակար Է» (1990–ի Հրատարակութիւն) [si], եւ Սուրբ Գրութիւններով Պատճառաբանել (1989–ի Հրատարակութիւն) [rs]։
Դպրոցը ՃԻՇԴ ԺԱՄԱՆԱԿԻՆ պէտք է սկսի երգեցողութեամբ, աղօթքով եւ բարի գալուստ մաղթելով, ապա հետեւեալ կերպով պիտի վարուի.
ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆ. 5 վայրկեան։ Դպրոցի տեսուչը, օժանդակ խրատատուն կամ ուրիշ որակելի երէց մը պիտի քննարկէ խօսակցութեան յատկութիւն մը, հիմնուած՝ Ծառայութեան Դպրոց դասագիրքին վրայ։ (Քիչ երէցներ ունեցող ժողովքներուն մէջ, որակելի օգնական ծառայ մը կրնայ գործածուիլ։) Եթէ ուրիշ բան յիշուած չէ, նշանակուած էջերուն մէջի շրջագիծերը քննարկման մէջ պարփակեցէք։ Վարժութիւնները նկատի մի՛ առնէք։ Անոնք գլխաւորաբար անձնական գործածութեան եւ առանձին խրատ տալու համար են։
ԹԻՒ 1 ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ. 10 վայրկեան։ Ասիկա պէտք է ներկայացուի երէցի մը կամ օգնական ծառայի մը կողմէ, եւ հիմնուած պիտի ըլլայ Դիտարան–ի, Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի Կրթութենէն Օգտուեցէք գրքին, կամ «Բոլոր Գիրքը Աստուծոյ Շունչն Է եւ Օգտակար Է» գրքին վրայ։ Ասիկա պիտի ներկայացուի իբր 10 վայրկեան տեւող հրահանգիչ ուղերձ, առանց բերանացի վերաքաղի։ Նպատակը պէտք է ըլլայ ո՛չ միայն նիւթը ծածկել, այլ՝ ուշադրութիւնը կեդրոնացնել բացատրուած տեղեկութիւններուն գործնական արժէքին վրայ, ցցուն ընելով ինչ որ ժողովքին մեծապէս օգտակար պիտի ըլլայ։ Ցոյց տրուած բնաբանը պէտք է գործածել։ Այն եղբայրները որոնց նշանակուած է այս դասախօսութիւնը, պէտք է ուշադիր ըլլան որ որոշուած ժամանակին սահմանին մէջ մնան։ Կարելի է առանձին խրատ տալ եթէ անհրաժեշտ է։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ԸՆԹԵՐՑԱՆՈՒԹԵՆԷՆ ԱՉՔԱՌՈՒ ԿԷՏԵՐ. 10 վայրկեան։ Առաջին վեց վայրկեանը, որակելի երէց մը կամ օգնական ծառայ մը նիւթը ազդուօրէն պէտք է կիրարկէ տեղական կարիքներուն։ Ան կրնայ այդ շաբթուան համար նշանակուած Աստուածաշունչի ընթերցանութեան որեւէ հատուածի մասին մեկնաբանել։ Ասիկա նշանակուած ընթերցանութեան միայն ամփոփում մը պէտք չէ ըլլայ։ Գլխաւոր նպատակն է ունկնդիրներուն օգնել որ գնահատեն թէ տեղեկութիւնները ինչո՛ւ եւ ի՛նչպէս արժէք ունին։ Դասախօսը պէտք է ուշադիր ըլլայ որ առաջին բաժնին համար վեց վայրկեանէն աւելի ժամանակ չառնէ։ Ան հոգ պիտի տանի որ չորս վայրկեան տրամադրուի ներկաներուն մասնակցութեան։ Ներկաներէն պէտք է խնդրուի հակիրճ մեկնաբանութիւններ տալ (30 երկվայրկեան կամ նուազ), Աստուածաշունչի ընթերցանութեան մէջ իրենց նկատած հետաքրքրական կէտերուն եւ անոնց օգուտներուն մասին։ Ապա դպրոցի տեսուչը պիտի արձակէ այն աշակերտները որ այլ դասարաններու նշանակուած են։
ԹԻՒ 2 ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ. 4 վայրկեան։ Ասիկա եղբօր մը կողմէ ներկայացուելիք ընթերցում մըն է։ Ընթերցանութիւնը սովորաբար Աստուածաշունչէն պիտի ըլլայ։ Ամիսը անգամ մը այս նշանակումը Դիտարան–ի մէկ յօդուածը նկատի պիտի առնէ։ Աշակերտը նշանակուած նիւթը պէտք է կարդայ, առանց բացում մը կամ եզրակացութիւն մը տալու։ Ընթերցուելիք նիւթը ամէն շաբաթ նոյն չափով պիտի չըլլայ, բայց պէտք է տեւէ չորս վայրկեան կամ աւելի նուազ։ Դպրոցի տեսուչը նշանակումներ ընելէն առաջ, նիւթը աչքէ պէտք է անցընէ եւ աշակերտին տարիքին ու կարողութեան համաձայն նշանակէ։ Դպրոցի տեսուչը մասնաւորաբար պիտի օգնէ աշակերտներուն որ կարդան հասկնալով, սահունութեամբ, պատշաճ իմաստի շեշտով, ձայնի ելեւէջով, յարմար դադարով եւ բնականութեամբ։
ԹԻՒ 3 ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ. 5 վայրկեան։ Ասիկա քրոջ մը պիտի նշանակուի։ Այս նշանակումը ստացող աշակերտուհիները կա՛մ իրենք մատուցման կերպ մը պիտի ընտրեն, եւ կամ իրենց պիտի նշանակուի՝ Ծառայութեան Դպրոց դասագիրքին էջ 82–ի ցանկէն։ Աշակերտուհին նշանակուած բնաբանը պէտք է գործածէ եւ զայն կիրարկէ դաշտի ծառայութեան այն երեսակին, որ տեղական ժողովքի թաղամասին համար իրատես ու գործնական է։ Երբ նիւթի մը աղբիւրը չէ տրուած, աշակերտուհին տեղեկութիւններ պիտի հաւաքէ, հաւատարիմ ու իմաստուն ծառային կողմէ հայթայթուած գրականութիւնները պրպտելով։ Նորեկ աշակերտուհիներուն պիտի նշանակուին աղբիւր ունեցող դասախօսութիւններ։ Դպրոցի տեսուչը յատկապէս նկատի պիտի առնէ այն կերպը, որով աշակերտուհին բնաբանը կը զարգացնէ ու կ’օգնէ տանտիրուհիին որ Սուրբ Գրութիւններուն հիման վրայ պատճառաբանէ եւ ներկայացման գլխաւոր կէտերը հասկնայ։ Նշանակուած աշակերտուհին ընթերցելու կարող պէտք է ըլլայ։ Դպրոցի տեսուչը մէկ օգնական պիտի նշանակէ։
ԹԻՒ 4 ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ. 5 վայրկեան։ Աշակերտը նշանակուած բնաբանը պէտք է զարգացնէ։ Երբ նիւթի մը աղբիւրը չէ տրուած, աշակերտը տեղեկութիւններ պիտի հաւաքէ, հաւատարիմ ու իմաստուն ծառային կողմէ հայթայթուած գրականութիւնները պրպտելով։ Երբ եղբօր մը նշանակուի, նիւթը կրնայ տրուիլ որպէս Թագաւորութեան Սրահին մէջ գտնուող ունկնդիրներուն ուղղուած դասախօսութիւն մը։ Երբ քրոջ մը նշանակուի, միշտ պէտք է ներկայացուի Թիւ 3 Նշանակումի համար ուրուագծուած կերպին պէս։ Դպրոցի տեսուչը կրնայ Թիւ 4 Նշանակումը եղբօր մը տալ, երբ ինք ասիկա յարմար տեսնէ։ Հաճեցէք նկատի առնել թէ այն նիւթերը որոնց քով աստղանիշ կայ, միայն եղբայրներու պէտք է նշանակուին, իբր դասախօսութիւն ներկայացուելու համար։
ԺԱՄԱՆԱԿԱՒՈՐՈՒՄ. Ո՛չ մէկ դասախօսութիւն, ո՛չ ալ խրատատուին նշմարները աւելի ժամանակ պէտք է առնեն։ Թիւ 2-4 Նշանակումները փափկանկատութեամբ պէտք է դադրեցնել, երբ ժամանակը վերջանայ։ Այն եղբայրները որոնք խօսակցութեան յատկութեան մը մասին բացման դասախօսութիւնը, Թիւ 1 Նշանակումը կամ Աստուածաշունչի ընթերցանութենէն աչքառու կէտերը կը ներկայացնեն, եթէ աւելի ժամանակ առնեն, առանձին խրատ պէտք է տրուի իրենց։ Բոլորն ալ իրենց ժամանակը պէտք է յարգեն։ Ամբողջ յայտագիրը 45 վայրկեան է, երգեցողութենէն ու աղօթքէն զատ։
ԽՐԱՏ. 1 վայրկեան։ Իւրաքանչիւր աշակերտի ներկայացումէն ետք, դպրոցի տեսուչը մէկ վայրկեանէն աւելի չառնելով, կարգ մը դրական դիտողութիւններ պիտի ընէ դասախօսութեան գովելի մէկ երեսակին մասին։ Անոր նպատակը չէ պարզապէս ըսել՝ «լաւ էր», այլ՝ ուշադրութեան յանձնել մասնայատուկ պատճառներ թէ ներկայացման այդ երեսակը ինչո՛ւ ազդու էր։ Իւրաքանչիւր աշակերտի կարիքին համաձայն, յաւելեալ շինիչ խրատ կարելի է տալ առանձին, ժողովէն ետք կամ ուրիշ ատեն։
ՕԺԱՆԴԱԿ ԽՐԱՏԱՏՈՒ. Երէցներու մարմինը կրնայ ատակ երէց մը ընտրել, դպրոցի տեսուչէն զատ, օժանդակ խրատատու ըլլալու նշանակումը ստանձնելու համար։ Եթէ ժողովքին մէջ շատ երէցներ կան, ամէն տարի որակելի տարբեր երէց մը կրնայ հոգ տանիլ այս նշանակումին։ Օժանդակ խրատատուին պատասխանատուութիւնը պիտի ըլլայ առանձին խրատ տալ, եթէ հարկ ըլլայ, Թիւ 1 Նշանակում եւ Աստուածաշունչէն աչքառու կէտեր ներկայացնող եղբայրներուն։ Պայման չէ որ ան խրատ տայ ամէն անգամ որ երէց մը կամ օգնական ծառայ մը այս բաժինները ներկայացնէ։ Այս կարգադրութիւնը ի զօրու պիտի ըլլայ 2004–ի ընթացքին, եւ թերեւս հետագային ճշդուի։
ԽՐԱՏԻ ԹՂԹԻԿ. Դասագիրքին մէջ։
ԲԵՐԱՆԱՑԻ ՎԵՐԱՔԱՂ. 30 վայրկեան։ Երկու ամիսը անգամ մը, դպրոցի տեսուչը բերանացի վերաքաղ մը պիտի վարէ։ Անոր պիտի կանխէ խօսակցութեան յատկութիւն մը եւ Աստուածաշունչի ընթերցանութենէն աչքառու կէտեր նկատի առնելը, ինչպէս որ վերը ուրուագծուած է։ Բերանացի վերաքաղը հիմնուած պիտի ըլլայ նախորդ երկու ամիսներու ընթացքին դպրոցին մէջ նկատի առնուած նիւթերուն վրայ, ի ներառեալ ընթացիկ շաբաթը։
ՅԱՅՏԱԳԻՐ
Յուն. 5 Աստ. ընթ. Ծննդոց 1-5 Երգեցողութիւն 152
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Գործնական Արժէքը Յստակացնել (կօ էջ 157 պարբ. 1–էջ 158 պարբ. 1)
Թիւ 1. Ուրուագիծ Պատրաստել (կօ էջ 39-42)
Թիւ 2. Ծննդոց 2։7-25
Թիւ 3. «Նոր Կտակարան»ը Ապագայ Երկրային Դրախտի մը կ’Ակնարկէ՞, թէ Ոչ Անիկա Միայն «Հին Կտակարան»ի Մէջ Է (rs էջ 285 պարբ. 1-3 [էջ 298 պարբ. 4–էջ 299 պարբ. 2, Արաբ.])
Թիւ 4. a Զանցառութեան Մեղքերուն Մասին Աստուածաշունչի Օրինակներէն Ի՛նչ Կրնանք Սորվիլ
Յուն. 12 Աստ. ընթ. Ծննդոց 6-10 Երգեցողութիւն 222
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Նիւթին Գործնական Կիրարկումը (կօ էջ 158 պարբ. 2-4)
Թիւ 1. Մաքրութիւնը Իրապէս Ի՞նչ կը Նշանակէ (w02 2/1 էջ 4-7)
Թիւ 2. Ծննդոց 8։1-17
Թիւ 3. Ստելը Ինչո՛ւ Սխալ Է
Թիւ 4. Ղուկաս 23։43–ի Մէջ Նշուած «Դրախտը» Ինչո՛ւ Չի Կրնար Հատէսին Կամ Երկինքին Մէկ Մասը Ըլլալ (rs էջ 286 պարբ. 1–էջ 287 պարբ. 1 [էջ 300 պարբ. 1–էջ 301 պարբ. 1, Արաբ.])
Յուն. 19 Աստ. ընթ. Ծննդոց 11-16 Երգեցողութիւն 113
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Ուրիշներուն Օգնել որ Գործնական Արժէքը Տեսնեն (կօ էջ 159 պարբ. 1-4)
Թիւ 1. Աստուածային Սկզբունքները Կրնան Ձեզի Օգտակար Ըլլալ (դ02 3/1 էջ 3-5)
Թիւ 2. Ծննդոց 13։1-18
Թիւ 3. Ի՞նչ Բան Ցոյց կու Տայ թէ Ղուկաս 23։43–ի Մէջ Նշուած Դրախտը Երկրային Է (rs էջ 287 պարբ. 2–էջ 288 պարբ. 2 [էջ 301 պարբ. 2–էջ 302 պարբ. 2, Արաբ.])
Թիւ 4. Եհովայի Վկաները Ինչո՛ւ Իրենց Յոյսը Ուրիշներու Հետ կը Բաժնեն
Յուն. 26 Աստ. ընթ. Ծննդոց 17-20 Երգեցողութիւն 95
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Բառերու Ընտրութիւն (կօ էջ 160 պարբ. 1-3)
Թիւ 1. Կարեկցութիւնը՝ Ազնուութեան եւ Ողորմութեան Բանալին (w02 4/15 էջ 24-27)
Թիւ 2. դ02 1/1 էջ 19-20 պարբ. 9-11
Թիւ 3. Ղուկաս 13։24–ի Մէջ Արձանագրուած Յիսուսի Խօսքերը Ի՛նչ կը Նշանակեն
Թիւ 4. Ի՞նչպէս Իւրաքանչիւրս Կրնանք Ճշմարիտ Գիտութիւն եւ Իմաստութիւն Ձեռք Ձգել (rs էջ 288 պարբ. 3–էջ 289 պարբ. 2 [էջ 302 պարբ. 3–էջ 303 պարբ. 2, Արաբ.])
Փետր. 2 Աստ. ընթ. Ծննդոց 21-24 Երգեցողութիւն 38
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Դիւրահասկնալի Լեզու (կօ էջ 161 պարբ. 1-4)
Թիւ 1. Դպրոցին Մէջ Աշակերտական Բաժիններուն Պատրաստութիւնը (կօ էջ 43 պարբ. 1–էջ 44 պարբ. 3)
Թիւ 2. Ծննդոց 21։1-21
Թիւ 3. Մարդկային Փիլիսոփայութիւններուն Ծագումը Ի՞նչ Է (rs էջ 289 պարբ. 3–էջ 290 պարբ. 2 [էջ 303 պարբ. 3–էջ 304 պարբ. 2, Արաբ.])
Թիւ 4. b Նշանտուքը Ինչո՛ւ Լուրջի Պէտք Է Առնուի
Փետր. 9 Աստ. ընթ. Ծննդոց 25-28 Երգեցողութիւն 34
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Այլազանութիւն եւ Արտայայտութեան Ճշգրտութիւն (կօ էջ 161 պարբ. 5–էջ 162 պարբ. 4)
Թիւ 1. Բնաբանի մը եւ Մատուցման Կերպի մը Վրայ Աշխատիլ (կօ էջ 44 պարբ. 4–էջ 46 պարբ. 2)
Թիւ 2. Ծննդոց 28։1-15
Թիւ 3. Ի՛նչպէս Ներքին Խաղաղութիւն Գտնել Այս Տագնապալից Աշխարհին Մէջ
Թիւ 4. Մարդկային Փիլիսոփայութեան Փոխարէն Յիսուս Քրիստոսի Ուսուցումները Ուսումնասիրելը, Ինչո՞ւ Պայծառ Մտածումի Ապացոյց Է (rs էջ 290 պարբ. 3–էջ 291 պարբ. 3 [էջ 304 պարբ. 3–էջ 305 պարբ. 3, Արաբ.])
Փետր. 16 Աստ. ընթ. Ծննդոց 29-31 Երգեցողութիւն 160
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Ուժգնութիւն, Զգացում եւ Երանգ Հաղորդող Բառեր (կօ էջ 163 պարբ. 1–էջ 164 պարբ. 2)
Թիւ 1. Ուղղամտութիւնը կ’Առաջնորդէ Պարկեշտ Անհատները (w02 5/15 էջ 24-27)
Թիւ 2. դ02 2/1 էջ 20-21 պարբ. 6-10
Թիւ 3. Աստուած Որո՞ւ Աղօթքները Լսելու Պատրաստ Է (rs էջ 292 պարբ. 1–էջ 293 պարբ. 2 [էջ 271 պարբ. 3–էջ 272 պարբ. 6, Արաբ.])
Թիւ 4. Առաքինութիւնը Ինչո՛ւ Քրիստոնեաներուն Համար Կարեւոր Յատկութիւն մըն Է
Փետր. 23 Աստ. ընթ. Ծննդոց 32-35 Երգեցողութիւն 102
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Քերականական Կանոններուն Համաձայն Եղող Խօսակցութիւն (կօ էջ 164 պարբ. 3–էջ 165 պարբ. 1)
Բերանացի Վերաքաղ
Մարտ 1 Աստ. ընթ. Ծննդոց 36-39 Երգեցողութիւն 112
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Ուրուագծի Գործածութիւն (կօ էջ 166 պարբ. 1–էջ 167 պարբ. 2)
Թիւ 1. Ժողովքին Համար Դասախօսութիւններ Պատրաստել (կօ էջ 47 պարբ. 1–էջ 49 պարբ. 1)
Թիւ 2. Ծննդոց 37։12-28
Թիւ 3. Ինչո՞ւ Մեր Հաւատքին Պէտք Է Ընկերակցի Տոկալը
Թիւ 4. c Ի՞նչ Բաներ Անհատի մը Աղօթքները Անընդունելի կը Դարձնեն Աստուծոյ (rs էջ 293 պարբ. 3–էջ 294 պարբ. 3 [էջ 273 պարբ. 1-8, Արաբ.])
Մարտ 8 Աստ. ընթ. Ծննդոց 40-42 Երգեցողութիւն 77
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Ձեր Մտքերը Դասաւորել (կօ էջ 167 պարբ. 3–էջ 168 պարբ. 2)
Թիւ 1. Ծառայութեան Ժողովի Բաժիններ եւ Այլ Դասախօսութիւններ Պատրաստել (կօ էջ 49 պարբ. 2–էջ 51 պարբ. 2)
Թիւ 2. Ծննդոց 42։1-20
Թիւ 3. Եհովայի Հետ Ի՛նչպէս Սերտ Յարաբերութիւն մը Մշակել
Թիւ 4. d Ի՞նչ Հարցերու Շուրջ Պատշաճ Է Աղօթել (rs էջ 294 պարբ. 4–էջ 295 պարբ. 3 [էջ 273 պարբ. 9–էջ 274 պարբ. 7, Արաբ.])
Մարտ 15 Աստ. ընթ. Ծննդոց 43-46 Երգեցողութիւն 172
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Դասախօսութեան Ձեր Ուրուագիծը Պարզ Պահեցէք (կօ էջ 168 պարբ. 3–էջ 169 պարբ. 5)
Թիւ 1. Եհովա Ե՞րբ կ’Օրհնէ Անկեղծ Ջանքերը (w02 8/1 էջ 29-31)
Թիւ 2. Ծննդոց 43։1-18
Թիւ 3. e Եթէ Մէկը Ըսէ. ‘Նա՛խ Հետս Աղօթէ, Ապա Պատգամդ Ներկայացուր’ (rs էջ 295 պարբ. 4-5 [էջ 274 պարբ. 8–էջ 275 պարբ. 1, Արաբ.])
Թիւ 4. Ի՞նչպէս Կրնանք Անիրաւ Մամոնայէն Մեզի Բարեկամներ Ընել
Մարտ 22 Աստ. ընթ. Ծննդոց 47-50 Երգեցողութիւն 195
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Նիւթին Տրամաբանական Զարգացումը (կօ էջ 170 պարբ. 1–էջ 171 պարբ. 2)
Թիւ 1. Եհովա Ինչո՞ւ Աբէլի Զոհը Ընդունեց, Իսկ Կայէնի Զոհը Չընդունեց (w02 8/1 էջ 28)
Թիւ 2. Ծննդոց 47։1-17
Թիւ 3. Ի՞նչ Են Աստուածաշունչի Կարգ մը Աչքառու Մարգարէութիւնները Որոնք Տակաւին Պիտի Կատարուին (rs էջ 296 պարբ. 2–էջ 297 պարբ. 5 [էջ 375 պարբ. 2–էջ 376 պարբ. 2, Արաբ.])
Թիւ 4. Եհովայի Վախը Ինչո՛ւ Իմաստութեան Սկիզբն Է
Մարտ 29 Աստ. ընթ. Ելից 1-6 Երգեցողութիւն 129
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Տեղեկութիւնները Տրամաբանական Կերպով Ներկայացնել (կօ էջ 171 պարբ. 3–էջ 172 պարբ. 5)
Թիւ 1. Մտային Կարողութիւնը Ի՞նչպէս Կրնայ Ձեզ Պաշտպանել (w02 8/15 էջ 21-24)
Թիւ 2. դ02 3/1 էջ 12-13 պարբ. 7-11
Թիւ 3. Եհովա Հպարտութիւնը Ի՛նչպէս կը Նկատէ
Թիւ 4. Քրիստոնեաները Ինչո՞ւ Աստուածաշունչի Մարգարէութիւններով Խորապէս Հետաքրքրուած Պէտք Է Ըլլան (rs էջ 297 պարբ. 4-8 [էջ 376 պարբ. 3-7, Արաբ.])
Ապրիլ 5 Աստ. ընթ. Ելից 7-10 Երգեցողութիւն 10
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Միայն Առնչութիւն Ունեցող Նիւթ Գործածել (կօ էջ 173 պարբ. 1-4)
Թիւ 1. Հանրային Դասախօսութիւններ Պատրաստել (կօ էջ 52 պարբ. 1–էջ 54 պարբ. 1)
Թիւ 2. Ելից 8։1-19
Թիւ 3. f Եթէ Մէկը Ըսէ. ‘Չափազանց Շեշտ կը Դնէք Մարգարէութիւններուն Վրայ’ (rs էջ 298 պարբ. 1-2 [էջ 376 պարբ. 8–էջ 377 պարբ. 1, Արաբ.])
Թիւ 4. Յոյսը Ինչո՛ւ ‘Խարիսխ մըն Է Մեր Անձին’
Ապրիլ 12 Աստ. ընթ. Ելից 11-14 Երգեցողութիւն 81
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Յանպատրաստից Խօսիլ (կօ էջ 174 պարբ. 1–էջ 175 պարբ. 4)
Թիւ 1. Դասախօսին Որոշումները (կօ էջ 54 պարբ. 2-4. էջ 55, շրջագիծ)
Թիւ 2. Ելից 12։1-16
Թիւ 3. Եհովայի Կրթութիւնը Ինչո՞ւ Պէտք Է Ընդունինք
Թիւ 4. Քաւարանի Վարդապետութիւնը Ի՞նչ Բանի Վրայ Հիմնուած Է (rs էջ 299 պարբ. 1-6 [էջ 353 պարբ. 3–էջ 354 պարբ. 5, Արաբ.])
Ապրիլ 19 Աստ. ընթ. Ելից 15-18 Երգեցողութիւն 34
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Յանպատրաստից Խօսելուն Որոգայթներէն Զգուշացէք (կօ էջ 175 պարբ. 5–էջ 177 պարբ. 1)
Թիւ 1. Փորձութիւնները Ի՞նչպէս Պէտք Է Նկատենք (w02 9/1 էջ 29-31)
Թիւ 2. դ02 3/1 էջ 28 պարբ. 8-11
Թիւ 3. Մահէն Ետք Անհատը Իր Մեղքերուն Համար կը Պատժուի՞ (rs էջ 300 պարբ. 2-6 [էջ 354 պարբ. 7–էջ 355 պարբ. 4, Արաբ.])
Թիւ 4. g Ամուսնութիւնը Ինչո՛ւ Կենսատեւ Միութիւն մը Պէտք Է Ըլլայ
Ապրիլ 26 Աստ. ընթ. Ելից 19-22 Երգեցողութիւն 59
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Երբ Ուրիշներ Բացատրութիւն Պահանջեն (կօ էջ 177 պարբ. 2–էջ 178 պարբ. 2)
Բերանացի Վերաքաղ
Մայիս 3 Աստ. ընթ. Ելից 23-26 Երգեցողութիւն 13
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Խօսակցական Կերպ (կօ էջ 179-180)
Թիւ 1. Որպէս Ուսուցիչ Կարողութիւն Մշակեցէք (կօ էջ 56 պարբ. 1–էջ 57 պարբ. 2)
Թիւ 2. Ելից 23։1-17
Թիւ 3. Եհովա Ի՞նչպէս Կրնայ Անհատի մը Օգնել որ Գէշ Սովորութիւնները Յաղթահարէ
Թիւ 4. Զանազան Ցեղերը Ուրկէ՞ Ծագում Առած Են (rs էջ 301 պարբ. 1-4 [էջ 287 պարբ. 2–էջ 288 պարբ. 1, Արաբ.])
Մայիս 10 Աստ. ընթ. Ելից 27-29 Երգեցողութիւն 28
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Ձայնի Որակ (կօ էջ 181 պարբ. 1-4)
Թիւ 1. ‘Տարբերութիւն Դրէք’ (կօ էջ 57 պարբ. 3–էջ 58 պարբ. 2)
Թիւ 2. Ելից 28։29-43
Թիւ 3. Կայէն Իր Կինը Ուրկէ՞ Առաւ, Եթէ Միայն Մէկ Ընտանիք Գոյութիւն Ունէր (rs էջ 301 պարբ. 5–էջ 302 պարբ. 1 [էջ 288 պարբ. 2-4, Արաբ.])
Թիւ 4. Ցեղային Խտրականութիւնը Ինչո՛ւ Սխալ Է
Մայիս 17 Աստ. ընթ. Ելից 30-33 Երգեցողութիւն 81
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Շիտակ Կերպով Շնչեցէք (կօ էջ 181 պարբ. 5–էջ 184 պարբ. 1. էջ 182, շրջագիծ)
Թիւ 1. Քաջալերեցէք Ունկնդիրները որ Խորհին (կօ էջ 58 պարբ. 3–էջ 59 պարբ. 3)
Թիւ 2. Ելից 30։1-21
Թիւ 3. Ինչո՞ւ Քաղցրաբարոյ Ըլլալ
Թիւ 4. Ցեղային Այլազան Յատկանիշները Ի՞նչպէս Զարգացան (rs էջ 302 պարբ. 2–էջ 303 պարբ. 2 [էջ 288 պարբ. 5–էջ 290 պարբ. 1, Արաբ.])
Մայիս 24 Աստ. ընթ. Ելից 34-37 Երգեցողութիւն 38
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Պրկուած Մկանները Թուլցուցէք (կօ էջ 184 պարբ. 2–էջ 185 պարբ. 3. էջ 184, շրջագիծ)
Թիւ 1. Կիրարկումը Ըրէք եւ Լաւ Օրինակ Հանդիսացէք (կօ էջ 60 պարբ. 1–էջ 61 պարբ. 3)
Թիւ 2. Ելից 36։1-18
Թիւ 3. Բոլոր Մարդկային Արարածները Աստուծոյ Զաւակնե՞րն Են (rs էջ 303 պարբ. 3–էջ 304 պարբ. 4 [էջ 290 պարբ. 2–էջ 291 պարբ. 1, Արաբ.])
Թիւ 4. Ինչո՞ւ Քիչ Բանի Մէջ Հաւատարիմ Ըլլալ
Մայիս 31 Աստ. ընթ. Ելից 38-40 Երգեցողութիւն 14
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Դիմացի Անհատին Հանդէպ Հետաքրքրութիւն Ցուցաբերել (կօ էջ 186 պարբ. 1-4)
Թիւ 1. Ի՛նչպէս Բարելաւել Զրուցելու Կարողութիւնը (կօ էջ 62 պարբ. 1–էջ 64 պարբ. 1)
Թիւ 2. դ02 5/1 էջ 27 պարբ. 3-6
Թիւ 3. Ա. Յովհաննու 3։19, 20–ը Հասկնալով Անհատ մը Ի՞նչպէս Կրնայ Մխիթարուիլ
Թիւ 4. Օրին Մէկը Բոլոր Ցեղերէն Մարդիկ Իրապէս Պիտի Միանա՞ն Որպէս Եղբայրներ ու Քոյրեր (rs էջ 304 պարբ. 5–էջ 305 պարբ. 3 [էջ 291 պարբ. 2–էջ 292 պարբ. 1, Արաբ.])
Յունիս 7 Աստ. ընթ. Ղեւտացւոց 1-5 Երգեցողութիւն 123
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Ուշադիր Կերպով Մտիկ Ըրէք (կօ էջ 187 պարբ. 1-5)
Թիւ 1. Ի՛նչպէս Խօսակցութիւն մը Շարունակել (կօ էջ 64 պարբ. 2–էջ 65 պարբ. 4)
Թիւ 2. Ղեւտացւոց 3։1-17
Թիւ 3. Յիսուս Քրիստոսի Մահը Ի՞նչպէս Ուրիշ Մարտիրոսներու Մահէն Տարբեր Էր (rs էջ 306 պարբ. 1-4 [էջ 292 պարբ. 2–էջ 293 պարբ. 2, Արաբ.])
Թիւ 4. Խորհրդապաշտութեան Միջամուխ Ըլլալը Ինչո՞ւ Սխալ Է
Յունիս 14 Աստ. ընթ. Ղեւտացւոց 6-9 Երգեցողութիւն 150
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Ուրիշներուն Օգնեցէք որ Յառաջդիմեն (կօ էջ 187 պարբ. 6–էջ 188 պարբ. 3)
Թիւ 1. Հարցում Հարցնողին Տեսակէտը Հասկցէք (կօ էջ 66 պարբ. 1–էջ 68 պարբ. 1)
Թիւ 2. Ղեւտացւոց 7։1-19
Թիւ 3. Ի՞նչպէս Կրնանք Սորվիլ Չարութիւնը Ատել
Թիւ 4. Ինչո՞ւ Անհրաժեշտ Էր որ Փրկանքը Հայթայթուէր Ա՛յն Կերպով որ Հայթայթուեցաւ (rs էջ 306 պարբ. 6–էջ 307 պարբ. 2 [էջ 293 պարբ. 4-6, Արաբ.])
Յունիս 21 Աստ. ընթ. Ղեւտացւոց 10-13 Երգեցողութիւն 114
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Գործնական Օգնութիւն Տուէք (կօ էջ 188 պարբ. 4–էջ 189 պարբ. 4)
Թիւ 1. Գիտցէք թէ Ի՛նչպէս Պէտք Է Պատասխանէք (կօ էջ 68 պարբ. 2–էջ 70 պարբ. 3)
Թիւ 2. Ղեւտացւոց 11։1-25
Թիւ 3. Աստուած Ինչո՞ւ Պարզապէս Չվճռեց թէ Ա՛ն որ Իրեն Հնազանդի Կրնայ Յաւիտեան Ապրիլ (rs էջ 307 պարբ. 3–էջ 308 պարբ. 1 [էջ 294 պարբ. 1-4, Արաբ.])
Թիւ 4. Եհովա Խաբելը Ի՛նչպէս կը Նկատէ
Յունիս 28 Աստ. ընթ. Ղեւտացւոց 14-16 Երգեցողութիւն 102
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Ուրիշներուն Հանդէպ Յարգանք Ցոյց Տալ (կօ էջ 190 պարբ. 1-4)
Բերանացի Վերաքաղ
Յուլիս 5 Աստ. ընթ. Ղեւտացւոց 17-20 Երգեցողութիւն 21
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Յարգալից Նկատառութիւն (կօ էջ 191 պարբ. 1–էջ 192 պարբ. 1)
Թիւ 1. Նամակագրութեամբ Հաղորդակցիլ (կօ էջ 71-73)
Թիւ 2. Ղեւտացւոց 17։1-16
Թիւ 3. Եհովայի Կազմակերպութեան Վստահեցէք
Թիւ 4. Յիսուսի Զոհագործութենէն Նախ Որո՞նք Օգտուեցան եւ Ի՛նչ Նպատակով (rs էջ 308 պարբ. 2-3 [էջ 295 պարբ. 1-2, Արաբ.])
Յուլիս 12 Աստ. ընթ. Ղեւտացւոց 21-24 Երգեցողութիւն 138
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Յարգալից Խօսելակերպ (կօ էջ 192 պարբ. 2–էջ 193 պարբ. 2)
Թիւ 1. Յառաջդիմեցէ՛ք (կօ էջ 74 պարբ. 1–էջ 75 պարբ. 3)
Թիւ 2. Ղեւտացւոց 22։1-16
Թիւ 3. Մեր Օրերուն Ուրիշ Որո՞նք Յիսուսի Զոհագործութենէն կ’Օգտուին (rs էջ 309 պարբ. 1-3 [էջ 295 պարբ. 3–էջ 296 պարբ. 2, Արաբ.])
Թիւ 4. Եհովա Միայն Հրեաներո՞ւն Աստուածն Էր
Յուլիս 19 Աստ. ընթ. Ղեւտացւոց 25-27 Երգեցողութիւն 195
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Համոզումով Արտայայտուիլ (կօ էջ 194 պարբ. 1–էջ 195 պարբ. 2)
Թիւ 1. Ձեր Պարգեւը Գործածեցէք (կօ էջ 75 պարբ. 4–էջ 77 պարբ. 2)
Թիւ 2. Ղեւտացւոց 25։1-19
Թիւ 3. Ահաբեկչութիւնը Ի՛նչպէս Վերջ Պիտի Գտնէ
Թիւ 4. Փրկանքին Շնորհիւ Ի՞նչ Ապագայ Օրհնութիւններ Պիտի Վայելենք (rs էջ 310 պարբ. 1-4 [էջ 296 պարբ. 3–էջ 297 պարբ. 2, Արաբ.])
Յուլիս 26 Աստ. ընթ. Թուոց 1-3 Երգեցողութիւն 127
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Համոզումը Ի՛նչպէս կը Ցուցաբերուի (կօ էջ 195 պարբ. 3–էջ 196 պարբ. 4)
Թիւ 1. Քրիստոնեաները Նախանձոտ Պէ՞տք Է Ըլլան (w02 10/15 էջ 28-31)
Թիւ 2. դ02 7/1 էջ 16-17 պարբ. 6-9
Թիւ 3. Յիսուսի Զոհագործութենէն Օգտուելու Համար Մեզմէ Ի՞նչ Պահանջուած Է (rs էջ 310 պարբ. 5–էջ 311 պարբ. 3 [էջ 297 պարբ. 3-6, Արաբ.])
Թիւ 4. Սիրելիի մը Մահուան Համար Սգալը Սխա՞լ Է
Օգոս. 2 Աստ. ընթ. Թուոց 4-6 Երգեցողութիւն 143
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Փափկանկատ՝ Բայց Հաստատ (կօ էջ 197 պարբ. 1-3)
Թիւ 1. Մեր Օրերը Եհովայի Աչքին Արժէքաւոր Դարձնենք (w02 11/15 էջ 20-23)
Թիւ 2. Թուոց 6։1-17
Թիւ 3. Աստուածաշունչը Մարդոց Ի՞նչպէս կ’Օգնէ որ Զիրար Ատելէ Դադրին
Թիւ 4. Փրկանքին Ի Տես, Մեր Կեանքը Ի՞նչպէս Պէտք Է Գործածենք (rs էջ 311 պարբ. 4-6 [էջ 298 պարբ. 1-3, Արաբ.])
Օգոս. 9 Աստ. ընթ. Թուոց 7-9 Երգեցողութիւն 33
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Փափկանկատ՝ Երբ կը Վկայենք (կօ էջ 197 պարբ. 4–էջ 198 պարբ. 5)
Թիւ 1. Դասակարգերէ Զերծ Ընկերութիւն մը Իրապէս Կարելի՞ Է (w02 1/1 էջ 4-7)
Թիւ 2. Թուոց 8։1-19
Թիւ 3. Երբ Պօղոս Առաքեալ Ըսաւ թէ Քրիստոնեաները Պիտի «Յափշտակուին» Տէրոջը Հետ Ըլլալու, Ի՞նչ Նիւթ կը Քննարկէր (rs էջ 312 պարբ. 1-2 [էջ 382 պարբ. 2–էջ 383 պարբ. 1, Արաբ.])
Թիւ 4. Ո՞վ Է Հակաքրիստոսը Կամ Նեռը
Օգոս. 16 Աստ. ընթ. Թուոց 10-13 Երգեցողութիւն 47
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Շիտակ Խօսքը՝ Շիտակ Ժամանակին (կօ էջ 199 պարբ. 1-4)
Թիւ 1. Եհովայի՝ Իրական Աստուծոյն՝ Վստահեցէք (դ02 2/1 էջ 5-7)
Թիւ 2. Թուոց 12։1-16
Թիւ 3. Աստուծոյ Վրէժխնդրութիւնը Իր Սիրոյն Հետ Ներդաշնա՞կ Է
Թիւ 4. Քրիստոս Տեսանելի Կերպով Ամպերուն Վրայ Պիտի Երեւի, Ապա Աշխարհին Աչքերուն Առջեւ Հաւատարիմ Քրիստոնեաները Երկինք Պիտի Առնէ՞ (rs էջ 313 պարբ. 1-3 [էջ 383 պարբ. 2-4, Արաբ.])
Օգոս. 23 Աստ. ընթ. Թուոց 14-16 Երգեցողութիւն 59
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Փափկանկատ՝ Ընտանիքին եւ Հաւատակիցներու Հետ (կօ էջ 200 պարբ. 1-4)
Թիւ 1. Եղբայրներ՝ Որոնք Տարբեր Կեցուածքներ Զարգացուցին (w02 1/15 էջ 21-23)
Թիւ 2. դ02 8/1 էջ 19-20 պարբ. 15-19
Թիւ 3. Կարելի՞ Է որ Քրիստոնեաները Իրենց Ֆիզիքական Մարմիններով Երկինք Առնուին (rs էջ 314 պարբ. 1-2 [էջ 384 պարբ. 1-2, Արաբ.])
Թիւ 4. h Ինչո՛ւ Պատկերիզի Վայրագ Խաղերը Քրիստոնեաներուն Համար Չեն
Օգոս. 30 Աստ. ընթ. Թուոց 17-21 Երգեցողութիւն 150
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Շինիչ եւ Դրական (կօ էջ 202 պարբ. 1–էջ 203 պարբ. 2)
Բերանացի Վերաքաղ
Սեպտ. 6 Աստ. ընթ. Թուոց 22-25 Երգեցողութիւն 129
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Դրական Կերպով Արտայայտուեցէք (կօ էջ 203 պարբ. 3–էջ 204 պարբ. 1)
Թիւ 1. Այդ Վաղեմի Աշխարհը Ինչո՞ւ Կործանեցաւ (w02 3/1 էջ 5-7)
Թիւ 2. Թուոց 22։1-19
Թիւ 3. Հաւատարիմ Քրիստոնեաները Առանց Մեռնելու՝ Գաղտնօրէն Երկինք Պիտի Առնուի՞ն (rs էջ 314 պարբ. 3–էջ 315 պարբ. 2 [էջ 384 պարբ. 3–էջ 385 պարբ. 3, Արաբ.])
Թիւ 4. i Քրիստոնեայ Ծնողները Ինչո՛ւ Իրենց Զաւակներուն Պէտք Է Ընթերցեն
Սեպտ. 13 Աստ. ընթ. Թուոց 26-29 Երգեցողութիւն 85
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Երբ Հաւատակիցներու Հետ կը Զրուցէք (կօ էջ 204 պարբ. 2–էջ 205 պարբ. 4)
Թիւ 1. Ի՛նչպէս Անկարողութիւնները Վերջ Պիտի Գտնեն (դ02 5/1 էջ 3-5)
Թիւ 2. Թուոց 29։1-19
Թիւ 3. Մեծ Նեղութեան Ընթացքին Ճշմարիտ Քրիստոնեաներուն Ի՞նչ Պաշտպանութիւն Պիտի Հայթայթուի (rs էջ 315 պարբ. 3–էջ 316 պարբ. 3 [էջ 385 պարբ. 4–էջ 386 պարբ. 3, Արաբ.])
Թիւ 4. Աստուծոյ Խոստումները Ի՞նչպէս Յիսուս Քրիստոսով Այո Եղան
Սեպտ. 20 Աստ. ընթ. Թուոց 30-32 Երգեցողութիւն 59
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Կրկնում՝ Շեշտելու Համար (կօ էջ 206 պարբ. 1-4)
Թիւ 1. Արդարութիւն Ցանեցէ՛ք եւ Աստուծոյ Ողորմութիւնը Հնձեցէ՛ք (w02 7/15 էջ 28-31)
Թիւ 2. Թուոց 30։1-16
Թիւ 3. Ինչո՞ւ Կարգ մը Քրիստոնեաներ Երկինք կ’Առնուին Քրիստոսի Հետ Ըլլալու Համար (rs էջ 316 պարբ. 5-8 [էջ 386 պարբ. 5-8, Արաբ.])
Թիւ 4. j Ինչո՛ւ Պոռնկագրութենէն Փախչինք
Սեպտ. 27 Աստ. ընթ. Թուոց 33-36 Երգեցողութիւն 222
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Կրկնում՝ Դաշտի Ծառայութեան Մէջ եւ Երբ Դասախօսութիւններ կու Տաք (կօ էջ 207 պարբ. 1–էջ 208 պարբ. 4)
Թիւ 1. Իսկական Սուրբերը Ի՞նչպէս Կրնան Ձեզի Օգնել (w02 9/15 էջ 4-7)
Թիւ 2. դ02 8/1 էջ 30-31 պարբ. 15-19
Թիւ 3. k ‘Յափշտակութեան կը Հաւատա՞ք’ (rs էջ 316 պարբ. 9–էջ 317 պարբ. 2 [էջ 386 պարբ. 9–էջ 387 պարբ. 2, Արաբ.])
Թիւ 4. Ինչո՛ւ Թունդ Հանող Բաներէ Խուսափիլ
Հոկտ. 4 Աստ. ընթ. Բ. Օրինաց 1-3 Երգեցողութիւն 46
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Բնաբանի Մշակում (կօ էջ 209 պարբ. 1-3)
Թիւ 1. Մխիթարութիւն՝ Աստուծոյ Ճշգրիտ Գիտութեամբ (դ02 10/1 էջ 5-7)
Թիւ 2. Բ. Օրինաց 1։1-18
Թիւ 3. Ի՛նչ կը Նշանակէ Ճշմարտութիւնը Սեփականացնել
Թիւ 4. Բոլորովին Նոր Անհատներու եւ Վայրերու Ծանօթ Ըլլալու Տարօրինակ Զգացումը կ’Ապացուցանէ՞ թէ Հոգեփոխութիւնը Իրողութիւն մըն Է (rs էջ 317 պարբ. 3–էջ 319 պարբ. 1 [էջ 116 պարբ. 3–էջ 118 պարբ. 2, Արաբ.])
Հոկտ. 11 Աստ. ընթ. Բ. Օրինաց 4-6 Երգեցողութիւն 123
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Յարմար Բնաբան մը Գործածել (կօ էջ 210 պարբ. 1–էջ 211 պարբ. 1. էջ 211, շրջագիծ)
Թիւ 1. Հ.Դ.Ա. 537–էն Մինչեւ Հ.Դ.Ա. 997 Թուականը Հաշուել (si էջ 285 պարբ. 5-7)
Թիւ 2. Բ. Օրինաց 4։1-14
Թիւ 3. Յովհաննու 9։1, 2–ի Մէջ Յիշուած Դէպքը Ինչո՞ւ Հոգեփոխութեան Ապացոյց Չէ (rs էջ 319 պարբ. 2–էջ 320 պարբ. 2 [էջ 118 պարբ. 3–էջ 119 պարբ. 3, Արաբ.])
Թիւ 4. ‘Հոգեւոր Խորհուրդը’ Ի՞նչ կը Պարփակէ
Հոկտ. 18 Աստ. ընթ. Բ. Օրինաց 7-10 Երգեցողութիւն 112
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Գլխաւոր Կէտերը Աչքառու Դարձնել (կօ էջ 212 պարբ. 1–էջ 213 պարբ. 1)
Թիւ 1. Հ.Դ.Ա. 997–էն Մինչեւ Հ.Դ.Ա. 2370 Թուականը Հաշուել (si էջ 285-286 պարբ. 8-11)
Թիւ 2. դ02 9/1 էջ 11-12 պարբ. 3-6
Թիւ 3. Հոգեփոխութեան եւ Աստուածաշունչի Մատուցած Յոյսին Միջեւ Ի՞նչ Տարբերութիւն Կայ (rs էջ 320 պարբ. 3-4 [էջ 119 պարբ. 4–էջ 120 պարբ. 1, Արաբ.])
Թիւ 4. l Եհովա Հաւատուրացները Ի՛նչպէս կը Նկատէ
Հոկտ. 25 Աստ. ընթ. Բ. Օրինաց 11-13 Երգեցողութիւն 57
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Գլխաւոր Կէտերը Շատ Պէտք Չէ Ըլլան (կօ էջ 213 պարբ. 2–էջ 214 պարբ. 5)
Բերանացի Վերաքաղ
Նոյ. 1 Աստ. ընթ. Բ. Օրինաց 14-18 Երգեցողութիւն 172
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Հետաքրքրութիւն Արթնցնող Բացում (կօ էջ 215 պարբ. 1–էջ 216 պարբ. 5)
Թիւ 1. Հ.Դ.Ա. 2370–էն Մինչեւ Հ.Դ.Ա. 4026 Թուականը Հաշուել (si էջ 286-287 պարբ. 12-15)
Թիւ 2. Բ. Օրինաց 14։1-23
Թիւ 3. a Եթէ Մէկը Ըսէ. ‘Հոգեփոխութեան կը Հաւատամ’ (rs էջ 321 պարբ. 1-3 [էջ 120 պարբ. 2-4, Արաբ.])
Թիւ 4. Քրիստոնեաները Իրենց Կեանքը Ինչո՛ւ Պարզ Պէտք Է Պահեն
Նոյ. 8 Աստ. ընթ. Բ. Օրինաց 19-22 Երգեցողութիւն 55
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Մարդոց Հետաքրքրութիւնը Արթնցնել Դաշտի Ծառայութեան Մէջ (կօ էջ 217 պարբ. 1-4)
Թիւ 1. Յիսուսի Երկրային Կեցութիւնը (si էջ 291 պարբ. 16-17)
Թիւ 2. Բ. Օրինաց 21։1-17
Թիւ 3. Ինչո՞ւ Այսքան Շատ Կրօնքներ Կան (rs էջ 322 պարբ. 1–էջ 323 պարբ. 2 [էջ 198 պարբ. 3–էջ 199 պարբ. 4, Արաբ.])
Թիւ 4. Աստուածաշունչի Տիպարներ Ի՞նչպէս Կրնան Մեզի Օգնել որ Վհատութեան Հետ Գլուխ Ելլենք
Նոյ. 15 Աստ. ընթ. Բ. Օրինաց 23-27 Երգեցողութիւն 162
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Բացման Մէջ Ձեր Նիւթը Բնորոշեցէք (կօ էջ 217 պարբ. 5–էջ 219 պարբ. 3)
Թիւ 1. Յիսուսի Ծառայութեան Ժամանակագրական Երեսակները (si էջ 291 պարբ. 18-19)
Թիւ 2. Բ. Օրինաց 24։1-16
Թիւ 3. Աստուծոյ Աջակցութիւնը Ունեցողները Ի՛նչպէս Բնորոշել
Թիւ 4. Ճի՞շդ Է թէ Բոլոր Կրօնքներուն Մէջ Լաւ Բաներ Կան (rs էջ 323 պարբ. 3-5 [էջ 200 պարբ. 1-3, Արաբ.])
Նոյ. 22 Աստ. ընթ. Բ. Օրինաց 28-31 Երգեցողութիւն 32
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Ազդու Եզրակացութիւն (կօ էջ 220 պարբ. 1-3)
Թիւ 1. Առաքելական Ժամանակներուն՝ Տարիները Հաշուել (si էջ 291-292 պարբ. 20-23)
Թիւ 2. Բ. Օրինաց 29։1-18
Թիւ 3. Պատշա՞ճ Է որ Անհատ մը Իր Ծնողքին Կրօնքը Լքէ (rs էջ 324 պարբ. 1-3 [էջ 200 պարբ. 4–էջ 201 պարբ. 2, Արաբ.])
Թիւ 4. Քրիստոնեաները Ինչո՛ւ Համեստ Պէտք Է Ըլլան
Նոյ. 29 Աստ. ընթ. Բ. Օրինաց 32-34 Երգեցողութիւն 113
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Ի Մտի Ունենալիք Կէտեր (կօ էջ 220 պարբ. 4–էջ 221 պարբ. 4)
Թիւ 1. Պօղոսի Միսիոնարական Երկրորդ Ճամբորդութիւնը (si էջ 292-293 պարբ. 24-25)
Թիւ 2. դ02 11/1 էջ 11 պարբ. 10-13
Թիւ 3. Կերպեր՝ Որոնցմով Կրնանք Աստուծոյ Անունը Սրբացնել
Թիւ 4. Միջդաւանութեան Մասին Աստուածաշունչին Տեսակէտը Ի՞նչ Է (rs էջ 325 պարբ. 1–էջ 326 պարբ. 1 [էջ 201 պարբ. 3–էջ 202 պարբ. 2, Արաբ.])
Դեկտ. 6 Աստ. ընթ. Յեսուայ 1-5 Երգեցողութիւն 129
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Դաշտի Ծառայութեան Մէջ (կօ էջ 221 պարբ. 5–էջ 222 պարբ. 6)
Թիւ 1. Պօղոսի Միսիոնարական Երրորդ Ճամբորդութիւնը եւ Եզրափակիչ Տարիները՝ Հ.Դ. 56-100 (si էջ 293 պարբ. 26-30)
Թիւ 2. Յեսուայ 4։1-14
Թիւ 3. Կազմակերպուած Կրօնքի մը Պատկանիլը Անհրաժե՞շտ Է (rs էջ 326 պարբ. 2–էջ 327 պարբ. 2 [էջ 202 պարբ. 3–էջ 203 պարբ. 3, Արաբ.])
Թիւ 4. Ծնունդը Քրիստոնէակա՞ն Տօնակատարութիւն մըն Է
Դեկտ. 13 Աստ. ընթ. Յեսուայ 6-8 Երգեցողութիւն 32
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Խօսքի Ճշգրտութիւն (կօ էջ 223 պարբ. 1-5)
Թիւ 1. Ներողութիւն Խնդրելը՝ Խաղաղութիւն Ընելու Բանալի մը (դ02 11/1 էջ 4-7)
Թիւ 2. Յեսուայ 6։10-23
Թիւ 3. Ինչո՞ւ Շարունակել Տունէ Տուն Քարոզել
Թիւ 4. Մեր Դրացին Սիրելը Բաւարա՞ր Է (rs էջ 327 պարբ. 4 [էջ 203 պարբ. 5, Արաբ.])
Դեկտ. 20 Աստ. ընթ. Յեսուայ 9-11 Երգեցողութիւն 77
Խօսակցութեան Յատկութիւն. ‘Հաստատ Բռնել Հաւատարիմ Խօսքը’ (կօ էջ 224 պարբ. 1-4)
Թիւ 1. Ձեր Ձեռքերը Զօրացուցէք (w02 12/1 էջ 30-31)
Թիւ 2. դ02 12/1 էջ 17-18 պարբ. 19-23
Թիւ 3. Աստուծոյ Հետ Անձնական Յարաբերութիւն մը Ունենալը Իրապէս Կարեւո՞ր Է (rs էջ 327 պարբ. 5–էջ 328 պարբ. 1 [էջ 204 պարբ. 1-2, Արաբ.])
Թիւ 4. b Խաղաղասէր Ըլլալը Ի՛նչ կը Նշանակէ
Դեկտ. 27 Աստ. ընթ. Յեսուայ 12-15 Երգեցողութիւն 102
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Տեղեկութեան Ճշգրտութիւնը Ստուգել (կօ էջ 225 պարբ. 1-3)
Բերանացի Վերաքաղ
[Ստորանիշներ]
a Միայն եղբայրներուն նշանակեցէք։
b Միայն եղբայրներուն նշանակեցէք։
c Միայն եղբայրներուն նշանակեցէք։
d Միայն եղբայրներուն նշանակեցէք։
e Ժամանակին ներած չափով, նկատի առէք առարկութիւններ, կարծիքներ, եւայլն, որոնք տեղական թաղամասի կարիքներուն յարմար են։
f Ժամանակին ներած չափով, նկատի առէք առարկութիւններ, կարծիքներ, եւայլն, որոնք տեղական թաղամասի կարիքներուն յարմար են։
g Միայն եղբայրներուն նշանակեցէք։
h Միայն եղբայրներուն նշանակեցէք։
i Միայն եղբայրներուն նշանակեցէք։
j Միայն եղբայրներուն նշանակեցէք։
k Ժամանակին ներած չափով, նկատի առէք առարկութիւններ, կարծիքներ, եւայլն, որոնք տեղական թաղամասի կարիքներուն յարմար են։
l Միայն եղբայրներուն նշանակեցէք։
a Ժամանակին ներած չափով, նկատի առէք առարկութիւններ, կարծիքներ, եւայլն, որոնք տեղական թաղամասի կարիքներուն յարմար են։
b Միայն եղբայրներուն նշանակեցէք։