Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր
Հոկտեմբեր 13–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն Թիւ 32
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։ Բոլորը քաջալերեցէք որ էջ 1–ի վրայ գտնուող հարցումները գործածեն իրենց նոթերը վերաքաղ ընելու համար, առ ի պատրաստութիւն յառաջիկայ շաբթուան Ծառայութեան Ժողովին մէջ «Աստուծոյ Փառք Տանք» Նահանգային Համաժողովի յայտագրին քննարկման։ Գործածելով էջ 8–ի վրայ գտնուած թելադրութիւնները, երկու իրատես ցուցադրութիւններով՝ Դիտարան 1 Նոյեմբեր եւ Զարթի՛ր 22 Հոկտեմբեր թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրեցէք։ Իւրաքանչիւր պարագային, երկու պարբերաթերթերը պէտք է ներկայացուին, թէեւ անոնցմէ մէկուն մասին պիտի խօսուի։ Ներկայացումներէն մէկուն մէջ, ցուցադրեցէք կանոնաւորաբար պարբերաթերթ առնողի մը վերայցելելը։ Յաջորդ վերայցելութեան համար ճամբան հարթեցէք, ուշադրութեան յանձնելով «Յաջորդ Թիւին Մէջ» շրջագիծը։—Տես՝ Հոկտեմբեր 1998–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկը, էջ 8, պարբ. 7-8։
20 վյրկ. «Ծառայեցէ՛ք Տէրոջը Ուրախութեամբ»։a (Այս քննարկման համար բոլորը իրենց հետ պէտք է ունենան Յունուար 2002–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին յաւելուածականը։) 4–րդ պարբերութիւնը նկատի առնելէ ետք, յիշեցէք թէ Նոյեմբերի ընթացքին պիտի ներկայացնենք Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկը եւ Գիտութիւն գիրքը։ Հակիրճօրէն վերաքաղ ըրէք Յունուար 2002–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին յաւելուածականին մէջ թելադրուած ներկայացումներէն մէկը։ Ապա ցոյց տուէք փորձի նիստ մը, ուր այդ ներկայացումը կը ցուցադրուի։ Բոլորը քաջալերեցէք որ ծառայութեան համար լաւ պատրաստուին։
15 վյրկ. Աստուածաշունչի Ուսումնասիրութիւններ Վարելը Օրհնութիւններ կը Բերէ։ Դասախօսութիւն եւ ներկաներուն հետ զրոյց։ Մեր գրականութիւններէն առնուած քանի մը փորձառութիւններ պատմեցէք, որոնք Աստուածաշունչի յառաջդիմական ուսումնասիրութիւններու մասին կը խօսին։ (դ00 3/1 էջ 6. yb98 էջ 55-60) Ներկաներէն խնդրեցէք որ մեկնաբանեն թէ այս փորձառութիւններէն ի՛նչ կը սորվինք եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարելէն ի՛նչպէս կ’օգտուինք։
Երգեցողութիւն Թիւ 172 եւ փակման աղօթք։
Հոկտեմբեր 20–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն Թիւ 28
5 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։
40 վյրկ. «Նահանգային եւ Միջազգային Համաժողովները Մեզ կը Խթանեն որ Աստուծոյ Փառք Տանք»։ Երէց մը թող նկատի առնէ յօդուածը։ Մէկ վայրկեանէն նուազ տեւող բացումէ մը ետք, ներկաներուն հետ նկատի առէք համաժողովի յայտագիրը, գործածելով յօդուածին մէջի հարցումները։ Ժամանակը այնպէս մը բաժնեցէք, որ բոլոր հարցումները կարենաք նկատի առնել, թերեւս միայն մէկ պատասխան առնելով կարգ մը հարցումներու պարագային։ Բոլոր նշուած համարները կարելի չէ կարդալ տրամադրուած ժամանակին մէջ. անոնք պարփակուած են պատասխանները դիւրաւ գտնելու համար։ Մեկնաբանութիւնները պէտք է կեդրոնանան մեր սորված բաները կիրարկելուն օգուտներուն վրայ։
Երգեցողութիւն Թիւ 112 եւ փակման աղօթք։
Հոկտեմբեր 27–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն Թիւ 14
12 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիր։ Հրատարակիչներուն յիշեցուցէք որ Հոկտեմբեր ամսուան դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները ներկայացնեն։ Բոլորը քաջալերեցէք որ անցեալ ծառայութեան տարուան միօրեայ մասնաւոր համաժողովի յայտագրին իրենց առած նոթերը վերաքաղ ընեն, առ ի պատրաստութիւն յառաջիկայ շաբթուան Ծառայութեան Ժողովին։ Գործածելով էջ 8–ի վրայ գտնուած թելադրութիւնները, երկու անջատ ցուցադրութիւններով՝ Դիտարան 1 Նոյեմբեր եւ Զարթի՛ր 8 Նոյեմբեր թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրեցէք։ Իւրաքանչիւր պարագային, երկու պարբերաթերթերը պէտք է ներկայացուին, թէեւ անոնցմէ մէկուն մասին պիտի խօսուի։ Ներկայացումներէն մէկուն մէջ, ցուցադրեցէք՝ «Հետաքրքրուած չեմ» խօսակցութիւնը ընդհատող առարկութիւնը ձեռք առնելու կերպը։—Տես Պատճառաբանել գիրքը, էջ 16։
20 վյրկ. Հոգիին Սուրը Գործածեցէք։ (Եփ. 6։17) Ներկաներուն հետ զրոյց, հիմնուած Ծառայութեան Դպրոց գիրքին վրայ, էջ 143-144։ Ներկաներէն խնդրեցէք որ հետեւեալ հարցումներուն պատասխանեն. (1) Հարցումներու պատասխանելու ժամանակ, ինչո՞ւ Աստուածաշունչը կը գործածենք։ (2) Եհովայի Վկաներ անունը մեր մասին ի՞նչ կը յայտնէ։ (3) Յիսուս ի՞նչ օրինակ հանդիսացաւ, եւ ի՞նչպէս կրնանք զինք ընդօրինակել։ (4) Տեղական թաղամասին մէջ, սուրբ գրային գաղափարներ ներկայացնելու ազդու կերպերէն ոմանք ի՞նչ են։ (5) Ինչո՞ւ օգտակար է ուղղակի Աստուածաշունչէն կարդալ, երբ կարելի է։ (6) Երէցները ի՞նչպէս կրնան ուրիշները քաջալերել որ Աստուածաշունչը գործածեն։ Լաւ պատրաստուած ցուցադրութիւն մը ներկայացուցէք, հիմնուած 144–րդ էջին մէջ գտնուող վարժութեան վրայ, որուն մէջ ատակ հրատարակիչ մը առնուազն մէկ համար կը գործածէ հարցումի մը պատասխանելու համար։ Բոլորը քաջալերեցէք որ նպատակակէտ դնեն Աստուածաշունչը գործածել, ամէն անգամ որ վկայութիւն մը տան։
13 վյրկ. Տեղական փորձառութիւններ։ Ներկաներէն խնդրեցէք որ փորձառութիւններ պատմեն, զորս ունեցան երբ նահանգային համաժողովին ներկայ գտնուեցան, կամ երբ անպաշտօն կերպով վկայեցին գործատեղին մէջ, դպրոցին մէջ կամ այլուր։
Երգեցողութիւն Թիւ 113 եւ փակման աղօթք։
Նոյեմբեր 3–ով Սկսող Շաբաթ
Երգեցողութիւն Թիւ 95
5 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։
15 վյրկ. Տեղական կարիքներ։
25 վյրկ. Բարի Գործերով Հարստացէք։ (Ա. Տիմ. 6։18) Հոս հայթայթուած հարցումները գործածելով, երէց մը ներկաներուն հետ նկատի կ’առնէ անցեալ ծառայութեան տարուան ընթացքին տեղի ունեցած միօրեայ մասնաւոր համաժողովի յայտագիրը։ Ժողովքէն խնդրեցէք որ պատմեն թէ ի՛նչպէս կրցան իրենց սորվածը կիրարկել։ (Կարելի է կանխաւ անհատները նշանակել։) Յայտագրին հետեւեալ մասերը աչքառու դարձուցէք. (1) «Բարի Գործերը Մեծ Շահավաճառութիւն մըն Են»։ (Ժող. 2։11) Աստուծոյ ծառաները ինչո՞ւ Աստուծոյ Խօսքին մէջ նկարագրուած բարի գործերուն հետամուտ կ’ըլլան, քան՝ այս աշխարհի ունայն գործերուն։ (2) «Աստուծոյ Աչքին Հարստացէք»։ (Մատթ. 6։20) Ոմանք ի՞նչպէս ‘երկինքը գանձեր դիզած են’, եւ ի՞նչ օգուտներով։ (3) «Աստուածաշունչի Ուսումնասիրութիւնով մը Ձեր Ծառայութիւնը Ճոխացուցէք»։ (om էջ 91) Ի՞նչ բան մեզի կրնայ օգնել Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսելու եւ վարելու։ (4) «Բարի Գործեր՝ Հունձքի Այս Ժամանակին Մէջ»։ (Մատթ. 13։37-39) Նախկին Քրիստոնեաները բարի գործերու ի՞նչ օրինակ հանդիսացան, եւ Թագաւորութեան գործը մեր օրերուն ի՞նչպէս ծաւալած է։ (5) «Ձեր Բարի Գործերը Թող Եհովան Փառաւորեն»։ (Մատթ. 5։14-16) Ոմանք ի՞նչպէս ‘իրենց լոյսը փայլեցուցած են’։ (6) «Պատանիները Գովենք՝ Եհովան Փառաբանող Իրենց Բարի Գործերուն Համար»։ (Սաղմ. 148։12, 13) Մեր շրջանին մէջ գտնուող Քրիստոնեայ պատանիները ի՞նչպէս Եհովան կը փառաբանեն։ (7) «Շարունակեցէք Բարի Գործեր Ընել եւ Եհովայի Օրհնութիւնները Քաղեցէք»։ (Առ. 10։22) Մինչ կը շարունակենք բարի գործերով զբաղած մնալ, ի՞նչ օրհնութիւններ կրնանք քաղել՝ անհատապէս, ընտանեօք, իբր ժողովք, եւ որպէս համաշխարհային կազմակերպութիւն։
Երգեցողութիւն Թիւ 10 եւ փակման աղօթք։
[Ստորանիշ]
a Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց պատասխանով շարունակեցէք։