«Միասի՛ն Բարձրացնենք Անոր Անունը»
1. Աստուծոյ անունը միասին բարձրացնելու ի՞նչ պատեհութիւն պիտի ունենանք, իսկ այժմ ի՞նչ կրնանք ընել առ ի պատրաստութիւն։
1 «Տէ՛րը մեծարեցէք ինծի հետ, ու միասի՛ն բարձրացնենք անոր անունը», տաղերգեց սաղմոսերգուն։ (Սաղմ. 34։3, ԱՎ) Մեր մօտալուտ «Աստուծոյ Հետ Քալեցէք» Նահանգային Համաժողովը մեզի պատեհութիւն պիտի տայ որ Եհովայի անունը բարձրացնենք բազմաթիւ ժողովքներէ եկող եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ։ Իջեւան ու փոխադրամիջոց ապահովելու, նաեւ գործէն արձակուրդ առնելու համար հարկ եղած կարգադրութիւնները ըրա՞ծ էք։ Այս բաներուն կանխաւ հոգ տանիլը խոհեմութիւն է։—Առ. 21։5
2. Ինչո՞ւ օգտակար է ծրագրել համաժողովի վայրը կանուխ հասնիլ։
2 Համաժողովի Վայրը Հասնիլ. Երբ համաժողովի ներկայ պիտի գտնուինք, շատ մը բաներու հոգ պէտք է տանինք։ Կանուխ ճամբայ ելլելը կ’օգնէ որ անակնկալ ուշացումներու հետ գլուխ ելլենք եւ կարենանք ժամանակէն առաջ մեր տեղերը գրաւել, բացման երգեցողութեան ու աղօթքին ամբողջ սիրտով մասնակցելու համար։ (Սաղմ. 69։30) Նիստը սկսելէն մի քանի վայրկեան առաջ, ատենապետը բեմին վրայ պիտի նստի, մինչ Թագաւորութեան մեղեդիներ կը նուագուին։ Այդ միջոցին բոլորս մեր տեղերը պէտք է նստինք, որպէսզի յայտագիրը յարգարժան կերպով սկսի։—Ա. Կորն. 14։33, 40
3. Նստարաններ ընտրելու ատեն, ի՞նչպէս կրնանք ուրիշներու հանդէպ նկատառու գտնուիլ։
3 Աստուծոյ Խօսքը մեզ կը յորդորէ որ մեր «ամէն բաները սիրով ըլլան»։ (Ա. Կորն. 16։14) Երբ դռները բացուին կ.ա. 8։00–ին, ուրիշներու հանդէպ նկատառու ըլլալը մեզ ետ պիտի պահէ աճապարելէ կամ հրմշտկելէ, ջանալով միւսներէն առաջ մեր նախասիրած նստարանները գրաւել։ Կարելի է աթոռներ ապահովել միայն նոյն ինքնաշարժով ձեր հետ ճամբորդողներուն կամ ձեր հետ նոյն տան մէջ բնակողներուն։—Ա. Կորն. 13։5. Փիլ. 2։4
4. Կէսօրուան դադարին նկատմամբ ի՞նչ է կարգադրութիւնը, եւ ասիկա ի՞նչպէս օգտակար է։
4 Հաճեցէք ձեր հետ բերել ձեր ուտելիքը, փոխանակ կէսօրուան դադարին ճաշելու համար համաժողովի վայրը ձգելու։ Ասիկա բոլորին թոյլ պիտի տայ որ շինիչ ընկերակցութիւն վայելեն եւ յետմիջօրէի նիստին սկիզբէն իսկ ներկայ գտնուին։ Եթէ հարկ կայ, կրնաք պզտիկ պաղարան մը գործածել, որ կրնայ ձեր աթոռին տակ դրուիլ։ Մեծ պաղարաններ, ապակեայ պահեստամաններ եւ ոգելից ըմպելիներ, համաժողովի շէնքերէն ներս արտօնուած չեն։
5. Լսողութեան տկարութիւն ունեցողներուն համար ի՞նչ կարգադրութիւն եղած է։
5 Լսողութեան տկարութիւն ունեցողներուն օգտին համար, լսարանին մէջ յայտագիրը պիտի ձայնասփռուի FM–ի մէկ ալիքին վրայ։ Առաջին նիստին սկիզբը ասոր մասին ծանուցում մը պիտի ըլլայ։ Այս կարգադրութենէն օգտուելու համար, ձեր հետ պէտք է բերէք պզտիկ FM ռատիօ մը եւ ընկալուչներ։
6. Ի՞նչպէս կրնանք մեր սիրտը պատրաստել մեր ստանալիք ցուցմունքներուն համար։
6 Հոգեւոր Կոչունք մը կը Սպասէ Մեզի. Յովսափատ թագաւոր ‘իր սիրտը Աստուած փնտռելու պատրաստեց’։ (Բ. Մնաց. 19։3) Ի՞նչպէս կրնանք համաժողովէն առաջ մեր սիրտը պատրաստել։ Զարթի՛ր–ի 22 Մայիս եւ 8 Յունիս թիւերուն վերջին էջին վրայ գտնուող յօդուածները կ’ամփոփեն ներկայացուելիք հոգեւոր կոչունքը։ Ինչո՞ւ ժամանակ չտրամադրէք այս յօդուածներուն վրայ խոկալու, հետաքրքրութիւն մշակելով Եհովայի կողմէ պատրաստուած հոգեւոր սնունդին հանդէպ։ Մեր սիրտը պատրաստելը նաեւ կը պարփակէ Եհովայէ խնդրել որ մեզի օգնէ տրուած ցուցմունքները հասկնալու եւ կիրարկելու։—Սաղմ. 25։4, 5
7. Ի՞նչ է մեր փափաքը, եւ ինչո՛ւ։
7 Բոլորս կը տենչանք Աստուծոյ Խօսքէն յաւելեալ բաներ սորվիլ, գիտակցելով որ կրնանք աճիլ անով մինչեւ փրկութիւնը։ (Ա. Պետ. 2։2) Ուստի թող որ «Աստուծոյ Հետ Քալեցէք» Նահանգային Համաժողովին ներկայ ըլլանք եւ ‘միասի՛ն բարձրացնենք Եհովայի անունը’։—Սաղմ. 34։3
[Շրջանակ՝ էջ 3]
Աստուծոյ Անունը Բարձրացնելու Կերպեր
◼ Կանխաւ ծրագրեցէք
◼ Ուրիշներուն հանդէպ սէր ցուցաբերեցէք
◼ Ձեր սիրտը պատրաստեցէք