2005–Ի Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի Յայտագիր
Հրահանգներ
2005–ի ընթացքին Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցը հետեւեալ կարգադրութիւններուն համաձայն պիտի վարուի։
ԴԱՍԱԳԻՐՔԵՐ. Աստուածաշունչ, Դիտարան [դ, w], Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի Կրթութենէն Օգտուեցէք [կօ], «Բոլոր Գիրքը Աստուծոյ Շունչն Է եւ Օգտակար Է» (1990–ի Հրատարակութիւն) [si], եւ Սուրբ Գրութիւններով Պատճառաբանել (1989–ի Հրատարակութիւն) [rs]։
Դպրոցը ՃԻՇԴ ԺԱՄԱՆԱԿԻՆ պէտք է սկսի երգեցողութեամբ, աղօթքով եւ բարի գալուստ մաղթելով, ապա հետեւեալ կերպով պիտի վարուի.
ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆ. 5 վայրկեան։ Դպրոցի տեսուչը, օժանդակ խրատատուն կամ ուրիշ որակեալ երէց մը պիտի քննարկէ խօսակցութեան յատկութիւն մը, հիմնուելով Ծառայութեան Դպրոց դասագիրքին վրայ։ (Քիչ երէցներ ունեցող ժողովքներու մէջ, որակեալ օգնական ծառայ մը կրնայ գործածուիլ։) Եթէ այլ կերպ նշուած չէ, նշանակուած էջերուն մէջի շրջանակները քննարկման մէջ պարփակեցէք։ Վարժութիւնները նկատի մի՛ առնէք։ Անոնք գլխաւորաբար անձնական գործածութեան եւ առանձնաբար խրատ տալու համար են։
ԹԻՒ 1 ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ. 10 վայրկեան։ Ասիկա պէտք է ներկայացուի որակեալ երէցի մը կամ օգնական ծառայի մը կողմէ, եւ հիմնուած պիտի ըլլայ Դիտարան–ի, Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի Կրթութենէն Օգտուեցէք գիրքին կամ «Բոլոր Գիրքը Աստուծոյ Շունչն Է եւ Օգտակար Է» գիրքին վրայ։ Ասիկա պիտի ներկայացուի իբր 10 վայրկեան տեւող հրահանգիչ ուղերձ, առանց բերանացի վերաքաղի։ Նպատակը պէտք է ըլլայ ո՛չ միայն նիւթը ծածկել, այլ՝ ուշադրութիւնը կեդրոնացնել քննարկուած տեղեկութեան գործնական արժէքին վրայ, ցցուն ընելով ի՛նչ որ ժողովքին մեծապէս օգտակար պիտի ըլլայ։ Ցոյց տրուած բնաբանը պէտք է գործածել։ Այն եղբայրները որոնց նշանակուած է այս դասախօսութիւնը, ուշադիր պէտք է ըլլան որ տրամադրուած ժամանակին սահմանին մէջ մնան։ Կարելի է առանձնաբար խրատ տալ եթէ անհրաժեշտ է։
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ԸՆԹԵՐՑԱՆՈՒԹԵՆԷՆ ԱՉՔԱՌՈՒ ԿԷՏԵՐ. 10 վայրկեան։ Առաջին վեց վայրկեանը, որակեալ երէց մը կամ օգնական ծառայ մը նիւթը պէտք է կիրարկէ տեղական կարիքներուն։ Ան կրնայ այդ շաբթուան համար նշանակուած Աստուածաշունչի ընթերցանութեան որեւէ հատուածի մասին մեկնաբանել։ Ասիկա պարզապէս նշանակուած ընթերցանութեան ամփոփումը պէտք չէ ըլլայ։ Գլխաւոր նպատակն է ունկնդիրներուն օգնել որ գնահատեն թէ տեղեկութիւնները ինչո՛ւ եւ ի՛նչպէս արժէք ունին։ Դասախօսը ուշադիր պէտք է ըլլայ որ իր մեկնաբանութեան յատկացուած վեց վայրկեանէն աւելի ժամանակ չառնէ, եւ չորս վայրկեան տրամադրուի ներկաներուն մասնակցութեան։ Ան ներկաները պիտի հրաւիրէ որ համառօտաբար նշեն (30 երկվայրկեան կամ նուազ) թէ Աստուածաշունչի ընթերցանութենէն ի՛նչ կէտեր քաղեցին եւ ի՛նչպէս օգտուեցան։ Ապա դպրոցի տեսուչը պիտի արձակէ այն աշակերտները որ այլ դասարաններու նշանակուած են։
ԹԻՒ 2 ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ. 4 վայրկեան։ Ասիկա եղբօր մը կողմէ ներկայացուելիք ընթերցում է։ Ընթերցանութիւնը սովորաբար Աստուածաշունչէն պիտի ըլլայ։ Ամիսը անգամ մը այս նշանակումը Դիտարան–ի մէկ յօդուածը նկատի պիտի առնէ։ Աշակերտը նշանակուած նիւթը պէտք է կարդայ, առանց բացում կամ եզրափակութիւն ընելու։ Ընթերցուելիք նիւթը ամէն շաբաթ նոյն չափով պիտի չըլլայ, բայց չորս վայրկեան կամ աւելի նուազ պէտք է տեւէ։ Դպրոցի տեսուչը նշանակումներ ընելէն առաջ, նիւթը պէտք է աչքէ անցընէ, եւ աշակերտին տարիքին ու կարողութեան համաձայն նշանակէ։ Դպրոցի տեսուչը մասնաւորաբար պիտի օգնէ աշակերտներուն որ հասկնալով, սահունութեամբ, պատշաճ իմաստի շեշտով, ձայնի ելեւէջով, յարմար դադարով եւ բնականութեամբ կարդան։
ԹԻՒ 3 ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ. 5 վայրկեան։ Ասիկա քրոջ մը պիտի նշանակուի։ Այս նշանակումը ստացող աշակերտուհիները կա՛մ մատուցման կերպ մը պիտի նշանակուի իրենց եւ կամ իրենք պիտի ընտրեն զայն Ծառայութեան Դպրոց դասագիրքին էջ 82–ի ցանկէն։ Աշակերտուհին նշանակուած բնաբանը պէտք է գործածէ եւ զայն կիրարկէ դաշտի ծառայութեան այն երեսակին, որ տեղական ժողովքի թաղամասին համար իրատես ու գործնական է։ Երբ նիւթի մը աղբիւրը չէ տրուած, աշակերտուհին տեղեկութիւններ պիտի հաւաքէ, հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ դասակարգին կողմէ հայթայթուած գրականութիւնները պրպտելով։ Նորեկ աշակերտուհիներուն պիտի նշանակուին աղբիւր ունեցող դասախօսութիւններ։ Դպրոցի տեսուչը յատկապէս նկատի պիտի առնէ այն կերպը, որով աշակերտուհին բնաբանը կը զարգացնէ եւ կ’օգնէ տանտիրուհիին որ Սուրբ Գրութիւններուն հիման վրայ պատճառաբանէ ու ներկայացման գլխաւոր կէտերը հասկնայ։ Նշանակուած աշակերտուհին ընթերցելու կարող պէտք է ըլլայ։ Դպրոցի տեսուչը մէկ օգնական պիտի նշանակէ։
ԹԻՒ 4 ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ. 5 վայրկեան։ Աշակերտը նշանակուած բնաբանը պէտք է զարգացնէ։ Երբ նիւթի մը աղբիւրը չէ տրուած, աշակերտը տեղեկութիւններ պիտի հաւաքէ, հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ դասակարգին կողմէ հայթայթուած գրականութիւնները պրպտելով։ Երբ եղբօր մը նշանակուի, նիւթը կրնայ տրուիլ որպէս Թագաւորութեան Սրահին մէջ գտնուող ունկնդիրներուն ուղղուած դասախօսութիւն։ Երբ քրոջ մը նշանակուի, միշտ պէտք է ներկայացուի Թիւ 3 Նշանակումի համար ուրուագծուած կերպին պէս։ Ըստ յարմարութեան, դպրոցի տեսուչը կրնայ որեւէ Թիւ 4 Նշանակում եղբօր մը նշանակել, բայց աստղանիշ ունեցող նիւթերը, միայն եղբայրներու պէտք է նշանակուին, իբր դասախօսութիւն ներկայացուելու համար։
ԺԱՄԱՆԱԿԱՒՈՐՈՒՄ. Ո՛չ մէկ դասախօսութիւն, ո՛չ ալ խրատատուին նշմարները յատկացուած ժամանակէն աւելի պէտք է առնեն։ Թիւ 2, 3 եւ 4 Նշանակումները նրբանկատօրէն պէտք է դադրեցնել, երբ ժամանակը վերջանայ։ Այն եղբայրները որ խօսակցութեան յատկութեան մը մասին բացման դասախօսութիւնը, Թիւ 1 Նշանակումը կամ Աստուածաշունչի ընթերցանութենէն աչքառու կէտերը կը ներկայացնեն, եթէ աւելի ժամանակ առնեն, առանձնաբար խրատ պէտք է տրուի իրենց։ Բոլորն ալ բծախնդրաբար իրենց ժամանակը պէտք է յարգեն։ Ամբողջ յայտագիրը 45 վայրկեան է, երգեցողութենէն ու աղօթքէն զատ։
ԽՐԱՏ. 1 վայրկեան։ Իւրաքանչիւր աշակերտի ներկայացումէն ետք, դպրոցի տեսուչը մէկ վայրկեան կարգ մը դրական դիտողութիւններ պիտի ընէ դասախօսութեան գովելի մէկ երեսակին մասին։ Անոր նպատակը չէ պարզապէս ըսել՝ «լաւ էր», այլ՝ ուշադրութեան յանձնել որոշ պատճառներ թէ ինչո՛ւ ներկայացման այդ երեսակը ազդու էր։ Իւրաքանչիւր աշակերտի կարիքին համաձայն, յաւելեալ շինիչ խրատ առանձնաբար կարելի է տալ, ժողովէն ետք կամ ուրիշ ատեն։
ՕԺԱՆԴԱԿ ԽՐԱՏԱՏՈՒ. Երէցներու մարմինը կրնայ ատակ երէց մը ընտրել, դպրոցի տեսուչէն զատ, օժանդակ խրատատու ըլլալու նշանակումը ստանձնելու համար։ Եթէ ժողովքին մէջ քանի մը երէցներ կան, ամէն տարի որակեալ տարբեր երէց մը կրնայ այս նշանակումին հոգ տանիլ։ Օժանդակ խրատատուին պատասխանատուութիւնը պիտի ըլլայ առանձնաբար խրատ տալ, եթէ հարկ ըլլայ, Թիւ 1 Նշանակում եւ Աստուածաշունչէն աչքառու կէտեր ներկայացնող եղբայրներուն։ Պայման չէ որ ան խրատ տայ ամէն անգամ որ երէց մը կամ օգնական ծառայ մը այս բաժինները ներկայացնէ։ Այս կարգադրութիւնը ի զօրու պիտի ըլլայ 2005–ի ընթացքին, իսկ հետագային թերեւս փոփոխութեան ենթարկուի։
ԽՐԱՏԻ ԹՂԹԻԿ. Դասագիրքին մէջ։
ԲԵՐԱՆԱՑԻ ՎԵՐԱՔԱՂ. 30 վայրկեան։ Երկու ամիսը անգամ մը, դպրոցի տեսուչը բերանացի վերաքաղ պիտի վարէ։ Անոր պիտի կանխէ խօսակցութեան յատկութիւն մը եւ Աստուածաշունչի ընթերցանութենէն աչքառու կէտեր նկատի առնելը, ինչպէս վերը ուրուագծուած է։ Բերանացի վերաքաղը հիմնուած պիտի ըլլայ նախորդ երկու ամիսներու ընթացքին դպրոցին մէջ նկատի առնուած նիւթերուն վրայ, ի ներառեալ ընթացիկ շաբաթը։ Բերանացի վերաքաղին շաբաթը եթէ ձեր ժողովքը շրջանային համաժողով կամ շրջանային տեսուչին այցելութիւնը ունենայ, հետեւեցէք Դեկտեմբեր 2003–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին էջ 6–ին մէջ նշուած ցուցմունքներուն։
ՅԱՅՏԱԳԻՐ
Յնր. 3 Աստ. ընթ. Յեսուայ 16-20 Երգեցողութիւն 143
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Ուրիշներուն Կողմէ Հասկնալի (կօ էջ 226 պարբ. 1–էջ 227 պարբ. 1)
Թիւ 1. Ճշմարիտ Աստուծմէ Վախցի՛ր (կօ էջ 272 պարբ. 1–էջ 273 պարբ. 1)
Թիւ 2. Յեսուայ 16։1–17։4
Թիւ 3. Ինչո՛ւ Պարզապէս Աստուածաշունչը Կարդալը Բաւարար Չէ (rs էջ 328 պարբ. 2-3 [էջ 204 պարբ. 3-4, Արաբ.])
Թիւ 4. Հարուստ Կամ Աղքատ Ըլլալը Աստուածավախութեան Ապացո՞յց Է
Յնր. 10 Աստ. ընթ. Յեսուայ 21-24 Երգեցողութիւն 113
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Անծանօթ Արտայայտութիւնները Բացատրել (կօ էջ 227 պարբ. 2–էջ 228 պարբ. 1)
Թիւ 1. Աստուծոյ Անունը Ճանչցնել (կօ էջ 273 պարբ. 2–էջ 274 պարբ. 1)
Թիւ 2. Յեսուայ 23։1-13
Թիւ 3. Ճշմարիտ Կրօնքը Աստուածաշունչին Վրայ Հիմնուած Է եւ Աստուծոյ Անունը կը Ճանչցնէ (rs էջ 328 պարբ. 4-5 [էջ 204 պարբ. 5–էջ 205 պարբ. 1, Արաբ.])
Թիւ 4. Պատշա՞ճ Է Յիսուսը Պաշտել
Յնր. 17 Աստ. ընթ. Դատաւորաց 1-4 Երգեցողութիւն 150
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Հարկ Եղած Բացատրութիւնը Տալ (կօ էջ 228 պարբ. 2-3)
Թիւ 1. Այդ Անունով Բնորոշուած Անձնաւորութիւնը (կօ էջ 274 պարբ. 2-5)
Թիւ 2. Դատաւորաց 2։1-10
Թիւ 3. Ճշմարիտ Կրօնքը Յիսուս Քրիստոսի Հանդէպ Իսկական Հաւատք Ցոյց կու Տայ (rs էջ 329 պարբ. 1 [էջ 205 պարբ. 2, Արաբ.])
Թիւ 4. Ի՞նչպէս Կրնաս Անձդ Պաշտպանել Վնասակար Երաժշտական Տեսաերիզներէ
Յնր. 24 Աստ. ընթ. Դատաւորաց 5-7 Երգեցողութիւն 47
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Սիրտը Ի՛նչպէս Պարփակուած Է (կօ էջ 228 պարբ. 4–էջ 229 պարբ. 1)
Թիւ 1. Աստուծոյ Անունը՝ «Ամուր Աշտարակ» մը (կօ էջ 274 պարբ. 6–էջ 275 ենթագլուխ)
Թիւ 2. Դատաւորաց 6։25-35
Թիւ 3. Աստուածաշունչը Ի՞նչպէս Պէտք Է Ազդէ Մեր Ընտրելու Ազատութեան
Թիւ 4. Ճշմարիտ Կրօնքը Ծէս Չէ, Այլ՝ Կենցաղ Է (rs էջ 329 պարբ. 2 [էջ 205 պարբ. 3, Արաբ.])
Յնր. 31 Աստ. ընթ. Դատաւորաց 8-10 Երգեցողութիւն 127
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Ունկնդիրներուն Համար Տեղեկատու (կօ էջ 230 պարբ. 1-6)
Թիւ 1. Յիսուսի Համար Վկայութիւն Տալ (կօ էջ 275 ենթագլուխ–էջ 276 պարբ. 1)
Թիւ 2. դ03 2/1 էջ 15-16 պարբ. 16-18
Թիւ 3. Ճշմարիտ Կրօնքի Անդամները Իրար կը Սիրեն եւ Աշխարհէն Անջատ կը Մնան (rs էջ 329 պարբ. 3-4 [էջ 205 պարբ. 4–էջ 206 պարբ. 1, Արաբ.])
Թիւ 4. Նիւթապաշտութիւնը Պարզապէս Ստացուածք Ձեռք Ձգել Չէ
Փետր. 7 Աստ. ընթ. Դատաւորաց 11-14 Երգեցողութիւն 21
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Պրպտում Ընելով Դասախօսութիւնը Տեղեկատու Դարձնել (կօ էջ 231 պարբ. 1-3)
Թիւ 1. Շեշտել Յիսուսի Դերը Իբր Փրկիչ (կօ էջ 276 պարբ. 2-3)
Թիւ 2. Դատաւորաց 12։1-15
Թիւ 3. Եհովայի Վկաներուն Մէջ Ինչո՛ւ Միութիւն Կայ
Թիւ 4. Ճշմարիտ Կրօնքի Անդամները Աստուծոյ Թագաւորութեան Կապակցաբար Գործունեայ Վկաներ Են (rs էջ 330 պարբ. 1 [էջ 206 պարբ. 2, Արաբ.])
Փետր. 14 Աստ. ընթ. Դատաւորաց 15-18 Երգեցողութիւն 34
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Համարները Բացատրել (կօ էջ 231 պարբ. 4-5)
Թիւ 1. Շեշտել Յիսուսի Դերը Իբր Քահանայապետ եւ Ժողովքին Գլուխը (կօ էջ 277 պարբ. 1-2)
Թիւ 2. Դատաւորաց 15։9-20
Թիւ 3. a Եթէ Մէկը Ըսէ. ‘Այնքան Ատեն որ Յիսուսի կը Հաւատաս, Կարեւոր Չէ թէ Ո՛ր Եկեղեցիին կը Պատկանիս’ (rs էջ 332 պարբ. 2 [էջ 208 պարբ. 4, Արաբ.])
Թիւ 4. Քրիստոնեաները Ինչո՛ւ Քնէածութիւն Չեն Գործածեր
Փետր. 21 Աստ. ընթ. Դատաւորաց 19-21 Երգեցողութիւն 195
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Արտայայտութիւններուն Իմաստը Բացատրել (կօ էջ 232 պարբ. 1)
Թիւ 1. Շեշտել Յիսուսի Դերը Իբր Իշխող Թագաւոր (կօ էջ 277 պարբ. 3-4)
Թիւ 2. դ03 2/1 էջ 26 պարբ. 18-21
Թիւ 3. b Եթէ Մէկը Ըսէ. ‘Ի՞նչ Բան Քեզ կը Համոզէ որ Միայն Մէկ Ճշմարիտ Կրօնք Կայ’ (rs էջ 332 պարբ. 3 [էջ 209 պարբ. 1, Արաբ.])
Թիւ 4. «Աստուծոյ Խորունկ Բաներ»էն Ոմանք Ի՞նչ Են (Ա. Կորն. 2։10)
Փետր. 28 Աստ. ընթ. Հռութայ 1-4 Երգեցողութիւն 102
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Համարները Վերլուծել (կօ էջ 232 պարբ. 2-4)
Բերանացի Վերաքաղ
Մարտ 7 Աստ. ընթ. Ա. Թագաւորաց 1-4 Երգեցողութիւն 114
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Ունկնդիրներուն Օգտակար Եղող Տեղեկութիւններ Ընտրել (կօ էջ 233 պարբ. 1-5)
Թիւ 1. Քրիստոսը Որպէս Հիմ Դնել (կօ էջ 278 պարբ. 1-4)
Թիւ 2. Ա. Թագաւորաց 2։1-11
Թիւ 3. Յիսուս Ֆիզիքական Մարմինով Երկինք Չգնաց (rs էջ 334 պարբ. 1-3 [էջ 323 պարբ. 2-4, Արաբ.])
Թիւ 4. Ճշմարիտ Քրիստոնեաները Ինչո՛ւ Աղթարքին Չեն Դիմեր
Մարտ 14 Աստ. ընթ. Ա. Թագաւորաց 5-9 Երգեցողութիւն 21
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Նշանակուած Նիւթի Գործածութիւն (կօ էջ 234 պարբ. 1–էջ 235 պարբ. 3)
Թիւ 1. Թագաւորութեան Այս Բարի Լուրը (կօ էջ 279 պարբ. 1-4)
Թիւ 2. Ա. Թագաւորաց 5։1-12
Թիւ 3. Յիսուս Ինչո՛ւ Նիւթականացած Մարմիններով Երեւցաւ (rs էջ 334 պարբ. 4–էջ 335 պարբ. 2 [էջ 323 պարբ. 5–էջ 324 պարբ. 3, Արաբ.])
Թիւ 4. Եհովայի Հետ Մեր Բարեկամութիւնը Ի՛նչպէս Կրնանք Զօրացնել
Մարտ 21 Աստ. ընթ. Ա. Թագաւորաց 10-13 Երգեցողութիւն 222
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Հարցումներու Ազդու Գործածութիւն (կօ էջ 236 պարբ. 1-5)
Թիւ 1. Թագաւորութիւնը Բացատրել (կօ էջ 280 պարբ. 1-5)
Թիւ 2. Ա. Թագաւորաց 10։1-12
Թիւ 3. Քրիստոնեաները Իրենց Հաւատքը Չբաժնող Սիրելիներուն Հետ Ի՞նչպէս Պէտք Է Վարուին
Թիւ 4. Քրիստոսի Յարուցեալ Իշխանակիցները Իրեն Նման Պիտի Ըլլան (rs էջ 335 պարբ. 4–էջ 336 պարբ. 2 [էջ 324 պարբ. 5–էջ 325 պարբ. 4, Արաբ.])
Մարտ 28 Աստ. ընթ. Ա. Թագաւորաց 14-15 Երգեցողութիւն 172
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Հարցումներ՝ Կարեւոր Գաղափարներ Ներկայացնելու Համար (կօ էջ 237 պարբ. 1-2)
Թիւ 1. Բացատրել Թագաւորութեան Ազդեցութիւնը Մեր Վրայ (կօ էջ 281 պարբ. 1-4)
Թիւ 2. դ03 4/1 էջ 12 պարբ. 17-21
Թիւ 3. Քրիստոնեաները Ինչո՛ւ Իրենց Տուրքերը կը Վճարեն
Թիւ 4. Յարութիւնը Ի՛նչ Պիտի Նշանակէ Ընդհանուր Մարդկութեան (rs էջ 336 պարբ. 3–էջ 337 պարբ. 3 [էջ 325 պարբ. 5–էջ 326 պարբ. 3, Արաբ.])
Ապ. 4 Աստ. ընթ. Ա. Թագաւորաց 16-18 Երգեցողութիւն 27
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Հարցումներ՝ Նիւթի մը Շուրջ Պատճառաբանելու Համար (կօ էջ 237 պարբ. 3–էջ 238 պարբ. 2)
Թիւ 1. Քրիստոնեաներուն Համար Ուսումը Ինչո՛ւ Կարեւոր Է (w03 3/15 էջ 10 պարբ. 1–էջ 11 պարբ. 5)
Թիւ 2. Ա. Թագաւորաց 17։41-51
Թիւ 3. Յարուցեալները Իրենց Անցեալի Գործերուն Համար Ինչո՛ւ Պիտի Չդատապարտուին (rs էջ 338 պարբ. 1 [էջ 327 պարբ. 2, Արաբ.])
Թիւ 4. Հետեւանքներուն Մասին Խոկալը Կրնայ Մեզի Օգնել որ Բարութիւնը Սիրենք ու Չարութիւնը Ատենք
Ապ. 11 Աստ. ընթ. Ա. Թագաւորաց 19-22 Երգեցողութիւն 123
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Հարցումներ՝ Ներքին Զգացումներ Դրսեւորելու Համար (կօ էջ 238 պարբ. 3-5)
Թիւ 1. Պատանիները Ի՛նչպէս Կրնան Հոգեւորապէս Յառաջդիմել (w03 4/1 էջ 8-10)
Թիւ 2. Ա. Թագաւորաց 20։24-34
Թիւ 3. Իսկական Համեստութիւնը Ինչո՛ւ Հրապուրիչ Յատկութիւն մըն Է
Թիւ 4. «Միւս Մեռելները» Ի՛նչպէս կը Սկսին Ապրիլ Երկրի Վրայ (rs էջ 338 պարբ. 2–էջ 339 պարբ. 2 [էջ 327 պարբ. 3–էջ 328 պարբ. 2, Արաբ.])
Ապ. 18 Աստ. ընթ. Ա. Թագաւորաց 23-25 Երգեցողութիւն 47
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Հարցումներ՝ Աւելի Շեշտելու Համար (կօ էջ 239 պարբ. 1-2)
Թիւ 1. Ամբողջ Սիրտովդ Եհովայի Վստահիր (w03 11/1 էջ 4-7)
Թիւ 2. դ03 5/1 էջ 25 պարբ. 11-14
Թիւ 3. Երկրային Յարութիւն Առնողները (rs էջ 339 պարբ. 3–էջ 340 պարբ. 3 [էջ 328 պարբ. 3–էջ 329 պարբ. 4, Արաբ.])
Թիւ 4. Աբրահամական Ուխտը Ինչո՛ւ Տրուեցաւ
Ապ. 25 Աստ. ընթ. Ա. Թագաւորաց 26-31 Երգեցողութիւն 13
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Հարցումներ՝ Սխալ Մտածմունքը Քօղազերծելու Համար (կօ էջ 239 պարբ. 3-5)
Բերանացի Վերաքաղ
Մյս. 2 Աստ. ընթ. Բ. Թագաւորաց 1-3 Երգեցողութիւն 195
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Ուսուցանող Նմանութիւններ ու Փոխաբերութիւններ (կօ էջ 240 պարբ. 1–էջ 241 պարբ. 1)
Թիւ 1. Ուսումին Միակ Նպատակը Գործ Գտնել Չէ (w03 3/15 էջ 11 պարբ. 6–էջ 14 պարբ. 5)
Թիւ 2. Բ. Թագաւորաց 2։1-11
Թիւ 3. Քրիստոսի Ներկայութեան Հետ Առնչուած Դէպքերը Տեղի կ’Ունենան Տարիներ Տեւող Ժամանակաշրջանի մը Ընթացքին (rs էջ 341 պարբ. 1-2 [էջ 214 պարբ. 1-2, Արաբ.])
Թիւ 4. Պարկեշտութեան Բազմաթիւ Օգուտները
Մյս. 9 Աստ. ընթ. Բ. Թագաւորաց 4-8 Երգեցողութիւն 112
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Օրինակներ Գործածել (կօ էջ 241 պարբ. 2-4)
Թիւ 1. Եհովա Խորապէս Հետաքրքրուած Է Պատանիներով (w03 4/15 էջ 29 պարբ. 4–էջ 31 պարբ. 4)
Թիւ 2. Բ. Թագաւորաց 5։1-12
Թիւ 3. Օրէնքի Ուխտը Ի՞նչ Իրագործեց
Թիւ 4. Քրիստոսի Վերադարձը Անտեսանելի Է (rs էջ 341 պարբ. 3–էջ 342 պարբ. 2 [էջ 214 պարբ. 3–էջ 215 պարբ. 2, Արաբ.])
Մյս. 16 Աստ. ընթ. Բ. Թագաւորաց 9-12 Երգեցողութիւն 46
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Աստուածաշնչական Օրինակներ (կօ էջ 242 պարբ. 1-2)
Թիւ 1. Եհովա Ըրածդ կը Նկատէ՞ (w03 5/1 էջ 28-31)
Թիւ 2. Բ. Թագաւորաց 9։1-13
Թիւ 3. Յիսուսի Վերադարձին Կերպը եւ Ի՛նչպէս Ամէն Աչք Պիտի Տեսնէ Զայն (rs էջ 342 պարբ. 4–էջ 343 պարբ. 5 [էջ 215 պարբ. 4–էջ 216 պարբ. 4, Արաբ.])
Թիւ 4. Ի՞նչ Կերպերով Աստուծոյ Խօսքը Կենդանի Է (Եբր. 4։12)
Մյս. 23 Աստ. ընթ. Բ. Թագաւորաց 13-15 Երգեցողութիւն 129
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Անիկա Հասկնալի Պիտի Ըլլա՞յ (կօ էջ 242 պարբ. 3–էջ 243 պարբ. 1)
Թիւ 1. Նոյի Արձանագրութիւնը Մեզի Համար Նշանակութիւն մը Ունի՞ (դ03 6/1 էջ 4-7)
Թիւ 2. Բ. Թագաւորաց 13։10-22
Թիւ 3. Յովհաննու 11։25, 26–ի Նշանակութիւնը Ի՞նչ Է
Թիւ 4. Քրիստոսի Ներկայութեան Հետ Առնչուած Դէպքեր (rs էջ 344 պարբ. 1-5 [էջ 216 պարբ. 5–էջ 217 պարբ. 3, Արաբ.])
Մյս. 30 Աստ. ընթ. Բ. Թագաւորաց 16-18 Երգեցողութիւն 95
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Ծանօթ Վիճակներէ Օրինակներ (կօ էջ 244 պարբ. 1-2)
Թիւ 1. Շիտակ Մտածեցէք՝ Իմաստութեամբ Վարուեցէք (դ03 8/1 էջ 29-31)
Թիւ 2. դ03 6/1 էջ 14-15 պարբ. 8-11
Թիւ 3. Քրիստոնեաներէն Չի Պահանջուիր Շաբաթը Պահել (rs էջ 345 պարբ. 2–էջ 346 պարբ. 3 [էջ 231 պարբ. 4–էջ 232 պարբ. 4, Արաբ.])
Թիւ 4. Խոնարհութիւնը Ինչո՛ւ Տկարութիւն Չէ
Յնս. 6 Աստ. ընթ. Բ. Թագաւորաց 19-21 Երգեցողութիւն 55
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Ունկնդիրներուն Յարմար Եղող Օրինակներ (կօ էջ 244 պարբ. 3–էջ 245 պարբ. 4)
Թիւ 1. Կրթութեան Նպատակը Գնահատել (w03 10/1 էջ 20 պարբ. 1–էջ 21 պարբ. 5)
Թիւ 2. Բ. Թագաւորաց 19։1-10
Թիւ 3. Քրիստոնեան Ի՞նչպէս Կրնայ Աստուծոյ Հանգիստը Մտնել
Թիւ 4. Աստուածաշունչը Չի Նշեր թէ Ադամ Շաբաթ Օրը Պահեց (rs էջ 346 պարբ. 4–էջ 347 պարբ. 2 [էջ 233 պարբ. 1-3, Արաբ.])
Յնս. 13 Աստ. ընթ. Բ. Թագաւորաց 22-24 Երգեցողութիւն 160
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Օժանդակ Պիտոյքներու Ազդու Գործածութիւն (կօ էջ 247 պարբ. 1-2)
Թիւ 1. Ուսուցանուելու Ընդունակ ու Լեզուիդ Ուշադիր Եղիր (w03 9/15 էջ 21 պարբ. 1–էջ 22 պարբ. 3)
Թիւ 2. Բ. Թագաւորաց 24։10-17
Թիւ 3. Յիսուս Մովսիսական Օրէնքը Չբաժնեց «Ծիսական» ու «Բարոյական» Մասերու (rs էջ 347 պարբ. 3–էջ 348 պարբ. 1 [էջ 233 պարբ. 4–էջ 234 պարբ. 1, Արաբ.])
Թիւ 4. Քրիստոնեան Ի՞նչ Կերպերով Աշխարհէն Անջատ Պէտք Է Ըլլայ
Յնս. 20 Աստ. ընթ. Գ. Թագաւորաց 1-2 Երգեցողութիւն 113
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Յիսուս Ի՛նչպէս Օժանդակ Պիտոյքներ Գործածեց (կօ էջ 247 պարբ. 3)
Թիւ 1. Ինքնաբաւութեան Գաղտնիքը Սորվիլ (w03 6/1 էջ 8-11)
Թիւ 2. դ03 6/1 էջ 22-23 պարբ. 1-4
Թիւ 3. Տասներորդ Պատուիրանը Ի՞նչ Բանով Ուշագրաւ Էր
Թիւ 4. Տասը Պատուիրանները Վերջ Գտան Մովսիսական Օրէնքին Հետ (rs էջ 348 պարբ. 2-3 [էջ 234 պարբ. 2-3, Արաբ.])
Յնս. 27 Աստ. ընթ. Գ. Թագաւորաց 3-6 Երգեցողութիւն 212
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Օժանդակ Պիտոյքներ Գործածելու Կերպեր (կօ էջ 248 պարբ. 1-3)
Բերանացի Վերաքաղ
Յլս. 4 Աստ. ընթ. Գ. Թագաւորաց 7-8 Երգեցողութիւն 38
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Քարտէս, Համաժողովի Տպուած Յայտագիր եւ Տեսաերիզ Գործածել (կօ էջ 248 պարբ. 4–էջ 249 պարբ. 2)
Թիւ 1. Տարեց Հաւատակիցները Մեծապէս Արժեւորէ (w03 9/1 էջ 30-31)
Թիւ 2. Գ. Թագաւորաց 8։1-13
Թիւ 3. Յիսուս Ի՞նչպէս Աշխարհին Յաղթեց
Թիւ 4. Բարոյական Արգելքները Ինչո՛ւ Չվերցուեցան, Երբ Տասը Պատուիրանները Վերջ Գտան (rs էջ 349 պարբ. 1-2 [էջ 235 պարբ. 1-2, Արաբ.])
Յլս. 11 Աստ. ընթ. Գ. Թագաւորաց 9-11 Երգեցողութիւն 57
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Մեծ Խումբերու Համար Օժանդակ Պիտոյքներու Գործածութիւնը (կօ էջ 249 պարբ. 3–էջ 250 պարբ. 1)
Թիւ 1. Ապացոյցներ թէ Յիսուս Քրիստոս Երկրի Վրայ Ապրեցաւ (դ03 7/1 էջ 4-7)
Թիւ 2. Գ. Թագաւորաց 9։1-9
Թիւ 3. Շաբաթ Օրը Ի՛նչ կը Նշանակէ Քրիստոնեաներուն Համար (rs էջ 349 պարբ. 3–էջ 351 պարբ. 2 [էջ 235 պարբ. 3–էջ 237 պարբ. 2, Արաբ.])
Թիւ 4. Թմրամոլութիւնը Կարելի Է Յաղթահարել՝ Աստուածաշունչի Սկզբունքներուն Հետեւելով
Յլս. 18 Աստ. ընթ. Գ. Թագաւորաց 12-14 Երգեցողութիւն 162
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Ինչո՛ւ Տրամաբանելու Կերպը Կարեւոր Է (կօ էջ 251 պարբ. 1-3)
Թիւ 1. Խորհուրդներ, Արարքներ, Ապա Հետեւանքներ (w03 1/15 էջ 30 պարբ. 1-3)
Թիւ 2. Գ. Թագաւորաց 12։1-11
Թիւ 3. Հաւատքը Ի՛նչպէս Մեզի Կրնայ Օգնել որ Փորձութիւններու Հետ Գլուխ Ելլենք
Թիւ 4. Աստուածաշունչի Ակնարկած Սուրբերը (rs էջ 352 պարբ. 1–էջ 353 պարբ. 1 [էջ 310 պարբ. 3–էջ 311 պարբ. 2, Արաբ.])
Յլս. 25 Աստ. ընթ. Գ. Թագաւորաց 15-17 Երգեցողութիւն 46
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Ուրկէ Սկսիլ (կօ էջ 251 պարբ. 4–էջ 252 պարբ. 3)
Թիւ 1. Ի՛նչպէս ‘Իմանալ թէ ի՛նչ Է Տէրոջը Կամքը’ (w03 12/1 էջ 21 պարբ. 3–էջ 23 պարբ. 3)
Թիւ 2. դ03 8/1 էջ 17 պարբ. 15-17
Թիւ 3. Ինչո՛ւ «Սուրբեր»ու Չենք Աղօթեր (rs էջ 353 պարբ. 2-4 [էջ 311 պարբ. 3–էջ 312 պարբ. 2, Արաբ.])
Թիւ 4. Սուրբ Հոգին Ի՞նչպէս Քրիստոնեաները կը Մխիթարէ
Օգոս. 1 Աստ. ընթ. Գ. Թագաւորաց 18-20 Երգեցողութիւն 129
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Ե՛րբ Տեղի Տալ (կօ էջ 252 պարբ. 4–էջ 253 պարբ. 2)
Թիւ 1. Երիտասա՛րդներ, Եհովայի Արժանի Կերպով Քալեցէք (դ03 11/1 էջ 28 պարբ. 1–էջ 29 պարբ. 1)
Թիւ 2. Գ. Թագաւորաց 18։1-15
Թիւ 3. Բոլոր Քրիստոնեաները Կրնան Շատ Պտուղ Բերել
Թիւ 4. «Սուրբեր»ու Մասունքներն ու արձանները Պատուելու Նկատմամբ Ի՞նչ Է Ճշմարտութիւնը (rs էջ 354 պարբ. 1–էջ 355 պարբ. 1 [էջ 312 պարբ. 3–էջ 313 պարբ. 3, Արաբ.])
Օգոս. 8 Աստ. ընթ. Գ. Թագաւորաց 21-22 Երգեցողութիւն 47
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Հարցումներ Հարցնել եւ Պատճառներ Տալ (կօ էջ 253 պարբ. 3–էջ 254 պարբ. 2)
Թիւ 1. Աղքատութեան Մնայուն Լուծումը (դ03 8/1 էջ 4-7)
Թիւ 2. Գ. Թագաւորաց 21:15-26
Թիւ 3. Ճշմարիտ Քրիստոնեայ Սուրբերը Մեղքէ Զերծ Չեն (rs էջ 355 պարբ. 2 [էջ 313 պարբ. 5, Արաբ.])
Թիւ 4. Ինչո՞ւ Քաջութիւն Պէտք Է Ունենանք, եւ Ի՞նչպէս Կրնանք Մշակել Զայն
Օգոս. 15 Աստ. ընթ. Դ. Թագաւորաց 1-4 Երգեցողութիւն 172
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Աստուծոյ Խօսքին Վրայ Հաստատուած՝ Վաւերական Պատճառաբանութիւններ (կօ էջ 255 պարբ. 1–էջ 256 պարբ. 2)
Թիւ 1. Ձրի Առեր Էք, Ձրի Տուէք (w03 8/1 էջ 20-22)
Թիւ 2. Դ. Թագաւորաց 3:1-12
Թիւ 3. Ջրհեղեղէն Առաջ, Մարդիկ Ինչո՞ւ Շատ Երկար կ’Ապրէին
Թիւ 4. Տիեզերական Փրկութիւնը Աստուածաշնչական Չէ (rs էջ 356 պարբ. 3 [էջ 176 պարբ. 1, Արաբ.])
Օգոս. 22 Աստ. ընթ. Դ. Թագաւորաց 5-8 Երգեցողութիւն 77
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Հիմնաւորուած Ապացոյցով Երկրորդուած Պատճառաբանութիւններ (կօ էջ 256 պարբ. 3-5)
Թիւ 1. Փափկանկատ Ըլլալ Սորվիլ (w03 8/1 էջ 29-31)
Թիւ 2. դ03 8/1 էջ 28 պարբ. 18-22
Թիւ 3. Վերջ Ի Վերջոյ Բոլոր Մարդիկը Պիտի Փրկուի՞ն (rs էջ 357 պարբ. 1 [էջ 176 պարբ. 2, Արաբ.])
Թիւ 4. Յովնանի Ո՞ր Լաւ Յատկութիւնները Պէտք Է Ընդօրինակենք
Օգոս. 29 Աստ. ընթ. Դ. Թագաւորաց 9-11 Երգեցողութիւն 129
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Բաւարար Ապացոյց Ներկայացնել (կօ էջ 256 պարբ. 6–էջ 257 պարբ. 3)
Բերանացի Վերաքաղ
Սեպտ. 5 Աստ. ընթ. Դ. Թագաւորաց 12-15 Երգեցողութիւն 152
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Սրտին Հասնելու Ջանք (կօ էջ 258 պարբ. 1-5)
Թիւ 1. Սրտանց Եհովան կը Փնտռե՞ս (w03 8/15 էջ 25-28)
Թիւ 2. Դ. Թագաւորաց 12:1-12
Թիւ 3. Ինչո՞ւ Հեզութեան Հետամուտ Ըլլալ
Թիւ 4. ‘Ամէն Տեսակ Մարդիկ’ Պիտի Փրկուին (rs էջ 357 պարբ. 2 [էջ 177 պարբ. 1, Արաբ.])
Սեպտ. 12 Աստ. ընթ. Դ. Թագաւորաց 16-18 Երգեցողութիւն 59
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Անհատին Սիրտին Մէջինը Դուրս Հանել (կօ էջ 259 պարբ. 1-3)
Թիւ 1. Յիսուս Ի՞նչ Համբաւ Ունէր (w03 8/15 էջ 6 պարբ. 6–էջ 8 պարբ. 6)
Թիւ 2. Դ. Թագաւորաց 16:10-20
Թիւ 3. Աստուածաշունչը կ’Ըսէ թէ Ոմանք Երբեք Պիտի Չփրկուին (rs էջ 358 պարբ. 1-3 [էջ 177 պարբ. 2-4, Արաբ.])
Թիւ 4. Ի՞նչպէս Կրնանք Քննել թէ Ի՛նչ Է Տէրոջը Հաճելին
Սեպտ. 19 Աստ. ընթ. Դ. Թագաւորաց 19-22 Երգեցողութիւն 10
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Օգտակար Զգացումներ Գրգռել (կօ էջ 259 պարբ. 4–էջ 260 պարբ. 1)
Թիւ 1. ‘Ամո՛ւր Բռնենք Ողջամիտ Խօսքերուն Օրինակը’ (w03 1/1 էջ 29 պարբ. 3–էջ 30 պարբ. 4)
Թիւ 2. Դ. Թագաւորաց 19:20-28
Թիւ 3. Անգամ մը Փրկուած՝ Միշտ Փրկուած Չի Նշանակեր (rs էջ 358 պարբ. 4–էջ 359 պարբ. 1 [էջ 177 պարբ. 5–էջ 178 պարբ. 3, Արաբ.])
Թիւ 4. Վաղեմի Զմիւռնիայի Մեր Քրիստոնեայ Եղբայրներէն Ի՞նչ Կրնանք Սորվիլ
Սեպտ. 26 Աստ. ընթ. Դ. Թագաւորաց 23-25 Երգեցողութիւն 222
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Ուրիշներուն Օգնել որ Աստուածավախութիւն Մշակեն (կօ էջ 260 պարբ. 2-3)
Թիւ 1. Աստուածաշունչը եւ Իր Կանոնը՝ Մաս 1 (si էջ 299 պարբ. 1-6)
Թիւ 2. դ03 9/1 էջ 17-18 պարբ. 6-10
Թիւ 3. Ապագայի Նկատմամբ Լաւատես Ենք
Թիւ 4. Հաւատքը Ինչո՛ւ Գործեր Պէտք Է Ունենայ (rs էջ 359 պարբ. 2-5 [էջ 178 պարբ. 4–էջ 179 պարբ. 2, Արաբ.])
Հոկ. 3 Աստ. ընթ. Ա. Մնացորդաց 1-4 Երգեցողութիւն 114
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Մեր Վարքը Կարեւորութիւն Ունի Աստուծոյ Համար (կօ էջ 260 պարբ. 4–էջ 261 պարբ. 1)
Թիւ 1. Աստուածաշունչը եւ Իր Կանոնը՝ Մաս 2 (si էջ 300-302 պարբ. 7-16)
Թիւ 2. Ա. Մնացորդաց 4:24-43
Թիւ 3. Ի՛նչպէս Գիտենք թէ Բանսարկուն Գոյութիւն Ունի (rs էջ 361 պարբ. 2–էջ 362 պարբ. 2 [էջ 266 պարբ. 1–էջ 267 պարբ. 1, Արաբ.])
Թիւ 4. Եհովա Մեզ Անհատապէս կը Սիրէ
Հոկ. 10 Աստ. ընթ. Ա. Մնացորդաց 5-7 Երգեցողութիւն 195
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Ուրիշներուն Օգնել որ Քննութիւն մը Կատարեն (կօ էջ 261 պարբ. 2-4)
Թիւ 1. Աստուածաշունչը եւ Իր Կանոնը՝ Մաս 3 (si էջ 302-305 պարբ. 17-26)
Թիւ 2. Ա. Մնացորդաց 5:18-26
Թիւ 3. Ի՛նչ Գիտենք ‘Եհովայի Օրուան’ Մասին
Թիւ 4. Սատանան Մարդոց Մէջ Չարի Յատկութիւնը Չէ (rs էջ 362 պարբ. 3–էջ 363 պարբ. 1 [էջ 267 պարբ. 2-4, Արաբ.])
Հոկ. 17 Աստ. ընթ. Ա. Մնացորդաց 8-11 Երգեցողութիւն 95
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Սրտագին Հնազանդութիւն Յառաջացնել (կօ էջ 262 պարբ. 1-4)
Թիւ 1. Սուրբ Գրութիւններուն Եբրայերէն Բնագիրը՝ Մաս 1 (si էջ 305-306 պարբ. 1-5)
Թիւ 2. Ա. Մնացորդաց 10:1-14
Թիւ 3. Աստուած Բանսարկուն Չստեղծեց (rs էջ 363 պարբ. 2 [էջ 268 պարբ. 1, Արաբ.])
Թիւ 4. Որո՞նց Հետ Փափկանկատ Պէտք Է Ըլլանք
Հոկ. 24 Աստ. ընթ. Ա. Մնացորդաց 12-15 Երգեցողութիւն 55
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Եհովայի Հետ Համագործակցիլ՝ Մարդոց Սիրտին Հասնելու Համար (կօ էջ 262 պարբ. 5)
Թիւ 1. Սուրբ Գրութիւններուն Եբրայերէն Բնագիրը՝ Մաս 2 (si էջ 306-307 պարբ. 6-9)
Թիւ 2. դ03 11/1 էջ 20-21 պարբ. 10-13
Թիւ 3. Ի՛նչ կը Նշանակէ Եհովայի Անունով Քալել
Թիւ 4. Երբ Սատանան Ըմբոստացաւ, Աստուած Ինչո՛ւ Անմիջապէս Չբնաջնջեց Զինք (rs էջ 363 պարբ. 3–էջ 364 պարբ. 1 [էջ 268 պարբ. 2–էջ 269 պարբ. 1, Արաբ.])
Հոկ. 31 Աստ. ընթ. Ա. Մնացորդաց 16-20 Երգեցողութիւն 129
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Լաւ Ժամանակաւորում Պահել (կօ էջ 263 պարբ. 1–էջ 264 պարբ. 4)
Բերանացի Վերաքաղ
Նոյ. 7 Աստ. ընթ. Ա. Մնացորդաց 21-25 Երգեցողութիւն 34
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Ազդու Յորդոր (կօ էջ 265 պարբ. 1-3)
Թիւ 1. Սուրբ Գրութիւններուն Եբրայերէն Բնագիրը՝ Մաս 3 (si էջ 307-310 պարբ. 10-16)
Թիւ 2. Ա. Մնացորդաց 22:1-10
Թիւ 3. Բանսարկուին Զօրութիւնը Մի՛ Թերագնահատեր (rs էջ 364 պարբ. 2–էջ 365 պարբ. 2 [էջ 269 պարբ. 2–էջ 270 պարբ. 1, Արաբ.])
Թիւ 4. c Ամուսնութիւնը Ի՛նչպէս Ամրացնել
Նոյ. 14 Աստ. ընթ. Ա. Մնացորդաց 26-29 Երգեցողութիւն 27
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Սիրոյ Հիման Վրայ Յորդորել (կօ էջ 266 պարբ. 1-4)
Թիւ 1. Սուրբ Գրութիւններուն Եբրայերէն Բնագիրը՝ Մաս 4 (si էջ 310-312 պարբ. 17-25)
Թիւ 2. Ա. Մնացորդաց 29:1-9
Թիւ 3. Եհովայի Ծառաները Ինչո՛ւ կը Հալածուին
Թիւ 4. Սատանայի Չար Ազդեցութենէն Ձերբազատուելու Ժամանակը Մօտ Է (rs էջ 365 պարբ. 4–էջ 366 պարբ. 3 [էջ 270 պարբ. 4–էջ 271 պարբ. 2, Արաբ.])
Նոյ. 21 Աստ. ընթ. Բ. Մնացորդաց 1-5 Երգեցողութիւն 46
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Սուրբ Գրութիւններով Յորդորել (կօ էջ 267 պարբ. 1-2)
Թիւ 1. Սուրբ Գրութիւններուն Եբրայերէն Բնագիրը՝ Մաս 5 (si էջ 312-314 պարբ. 26-31)
Թիւ 2. Բ. Մնացորդաց 2:1-10
Թիւ 3. Կրթութեան Նպատակը Ըմբռնէ
Թիւ 4. d Բոլոր Սեռային Յարաբերութիւնները Մե՞ղք Են (rs էջ 367 պարբ. 1–էջ 368 պարբ. 2 [էջ 152 պարբ. 3–էջ 154 պարբ. 1, Արաբ.])
Նոյ. 28 Աստ. ընթ. Բ. Մնացորդաց 6-9 Երգեցողութիւն 59
Խօսակցութեան Յատկութիւն. ‘Համարձակութեամբ Խօսիլ’ (կօ էջ 267 պարբ. 3-4)
Թիւ 1. Սուրբ Գրութիւններուն Քրիստոնէական Յունարէն Բնագիրը՝ Մաս 1 (si էջ 315-316 պարբ. 1-7)
Թիւ 2. դ03 12/1 էջ 26-27 պարբ. 3-6
Թիւ 3. Ի՛նչպէս Ցոյց կու Տանք թէ Եհովայով կ’Ուրախանանք
Թիւ 4. e Աստուածաշունչը Ի՛նչ կ’Ըսէ Միասեռականութեան Մասին (rs էջ 368 պարբ. 4–էջ 369 պարբ. 2 [էջ 154 պարբ. 3-5, Արաբ.])
Դեկ. 5 Աստ. ընթ. Բ. Մնացորդաց 10-14 Երգեցողութիւն 152
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Քաջալերութիւն Ներշնչելը Ինչո՛ւ Կարեւոր Է (կօ էջ 268 պարբ. 1-3)
Թիւ 1. Սուրբ Գրութիւններուն Քրիստոնէական Յունարէն Բնագիրը՝ Մաս 2 (si էջ 316-317 պարբ. 8-16)
Թիւ 2. Բ. Մնացորդաց 12:1-12
Թիւ 3. Ինչո՛ւ Աստուծոյ Շնորհքին Կարիք Ունինք
Թիւ 4. Փոփոխութիւններ Մտցնել՝ Աստուած Հաճեցնելու Համար (rs էջ 369 պարբ. 3–էջ 370 պարբ. 1 [էջ 154 պարբ. 6–էջ 155 պարբ. 2, Արաբ.])
Դեկ. 12 Աստ. ընթ. Բ. Մնացորդաց 15-19 Երգեցողութիւն 172
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Վերյիշել Եհովայի Ըրած Բաները (կօ էջ 268 պարբ. 4–էջ 269 պարբ. 2)
Թիւ 1. Սուրբ Գրութիւններուն Քրիստոնէական Յունարէն Բնագիրը՝ Մաս 3 (si էջ 317-319 պարբ. 17-25)
Թիւ 2. Բ. Մնացորդաց 19:1-11
Թիւ 3. Կատարեալ Մարդը Ինչո՛ւ Կրնար Մեղանչել (rs էջ 371 պարբ. 2–էջ 372 պարբ. 3 [էջ 172 պարբ. 1–էջ 173 պարբ. 1, Արաբ.])
Թիւ 4. Յիսուսի Ընտանիքէն Ի՛նչ Կրնանք Սորվիլ
Դեկ. 19 Աստ. ընթ. Բ. Մնացորդաց 20-24 Երգեցողութիւն 38
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Ցոյց Տալ թէ Եհովա Ի՛նչպէս Օգնած Է Իր Ժողովուրդին (կօ էջ 269 պարբ. 3-5)
Թիւ 1. Սուրբ Գրութիւններուն Քրիստոնէական Յունարէն Բնագիրը՝ Մաս 4 (si էջ 319-320 պարբ. 26-32)
Թիւ 2. դ04 1/1 էջ 11-12 պարբ. 13-15
Թիւ 3. Ինքնաբաւութեան Գաղտնիքը Սորվելու Օգուտները
Թիւ 4. Ինչո՛ւ Մեղքը Լուրջի կ’Առնենք (rs էջ 373 պարբ. 1–էջ 374 պարբ. 1 [էջ 173 պարբ. 3–էջ 174 պարբ. 3, Արաբ.])
Դեկ. 26 Աստ. ընթ. Բ. Մնացորդաց 25-28 Երգեցողութիւն 57
Խօսակցութեան Յատկութիւն. Հիացմունք Յայտնել Ներկայիս Աստուծոյ Ըրած Բաներուն Համար (կօ էջ 270 պարբ. 1–էջ 271 պարբ. 2)
Բերանացի Վերաքաղ
[Ստորանիշներ]
a Ժամանակին ներած չափով, նկատի առ առարկութիւններ, կարծիքներ, եւայլն, որոնք տեղական թաղամասի կարիքներուն յարմար են։
b Ժամանակին ներած չափով, նկատի առ առարկութիւններ, կարծիքներ, եւայլն, որոնք տեղական թաղամասի կարիքներուն յարմար են։
c Միայն եղբայրներուն նշանակէ։
d Միայն եղբայրներուն նշանակէ։
e Միայն եղբայրներուն նշանակէ։