Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 5/05 էջ 1
  • Եհովայի օրը մօտ է

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Եհովայի օրը մօտ է
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2005)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Թագաւորութիւնը կ’իշխէ՛
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2022
  • «Արթուն կեցէք»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2000
  • Աստուածաշունչի մարգարէութիւններէն սորվէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումն ասիրական) 2023
  • Հսկայական արձանի մը բարձրացումն ու անկումը
    Ուշադրութիւն ընծայեցէ՛ք Դանիէլի մարգարէութեան
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2005)
թծ 5/05 էջ 1

Եհովայի օրը մօտ է

1 Քրիստոնեաները անձկագին կը տենչան Եհովայի օրուան գալուն, որուն մէջ պիտի կործանէ իրերու ներկայ դրութիւնը եւ ճամբան հարթէ արդար նոր աշխարհի մը։ (Բ. Պետ. 3։12, 13) Քանի որ չենք գիտեր թէ այդ օրը ճիշդ ե՛րբ պիտի գայ, պէտք է արթուն կենանք եւ ուրիշներուն օգնենք նոյնը ընելու։ (Եզեկ. 33։7-9. Մատթ. 24։42-44) Աստուծոյ մարգարէական Խօսքին վրայ խոկալը պիտի զօրացնէ մեր համոզումը թէ «Տէրոջը մեծ օրը մօտ է»։—Սոփ. 1։14

2 Աշխարհակալ ուժերու յաջորդականութիւնը. Յայտնութիւն 17։9-11–ի համաձայն, Յովհաննէս առաքեալ «եօթը թագաւորներ» կը յիշէ, որոնք եօթը աշխարհակալ ուժերու յաջորդականութիւն կը ներկայացնեն։ Ան նաեւ կ’ակնարկէ «ութերորդ» թագաւորի մը, որ այժմ կը ներկայացնէ Միացեալ Ազգերը։ Աշխարհի թատերաբեմին վրայ ուրիշ աշխարհակալ ուժեր պիտի երեւի՞ն։ Ո՛չ, քանի որ մարգարէութիւնը կ’ըսէ թէ այս ութերորդ թագաւորը «դէպի կորուստ կ’երթայ», որմէ ետք երկրային թագաւորներ չեն յիշուիր։ Այս մարգարէութիւնը քեզի կ’օգնէ՞ հասկնալու թէ ժամանակի հոսանքին մէջ ո՛ւր կը գտնուինք։

3 Դանիէլ 2։31-45 մեզի կ’օգնէ ըմբռնելու Եհովայի օրուան գալը։ Այդ մարգարէութեան մէջ, Նաբուգոդոնոսորի տեսած հսկայ արձանը աշխարհակալ ուժերու յաջորդականութիւն կը ներկայացնէ։ Այս ուժերէն իւրաքանչիւրը արդէն երեւան եկած է։ Այժմ պատմութեան ո՞ր հանգրուանին մէջ կը գտնուինք։ Արձանին ոտքերով խորհրդանշուած ժամանակաշրջանին մէջ։ Մարգարէութիւնը վառ կերպով կը նկարագրէ ինչ որ ետքը տեղի պիտի ունենայ։ Մարդկային իշխանութիւնը ամբողջովին պիտի կործանի, ճամբան հարթելով ‘թագաւորութեան մը, որ յաւիտեան պիտի չաւերուի’։ Կրնա՞ս տեսնել թէ ասիկա ի՛նչպէս ցոյց կու տայ թէ Եհովայի օրը մօտ է։

4 Յաւելեալ ապացոյց. Եհովայի օրուան մօտ ըլլալուն նկատմամբ յաւելեալ ապացոյցի մը ականատես ենք։ «Վերջին օրեր»ուն մէջ մարդոց նկարագրի գծերուն վերաբերեալ Պօղոս առաքեալի նախագուշակած բաներուն կատարումը կը տեսնենք։ (Բ. Տիմ. 3։1-5) Եւ կը մասնակցինք այն աշխարհածաւալ վկայութեան, որ վերջը չեկած պէտք է տրուի։ (Մատթ. 24։14) Թող մեր քարոզչութիւնը շարունակէ արտացոլացնել հրեշտակային ծանուցման հրատապ ըլլալը. «Աստուծմէ վախցէ՛ք ու փա՛ռք տուէք անոր, վասն զի անոր դատաստանին ժամը եկաւ»։—Յայտ. 14։6, 7

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել