Մաս 9. Աստուածաշունչի յառաջդիմական ուսումնասիրութիւններ վարենք
Աշակերտները պատրաստել որ անպաշտօն կերպով վկայեն
1 Երբ Անդրէաս ու Փիլիպպոս անդրադարձան որ Յիսուս խոստացեալ Մեսիան է, այս խայտալի լուրը ուրիշներու հաղորդելէ ետ չկեցան։ (Յովհ. 1։40-45) Նմանապէս այսօր, երբ Աստուածաշունչի աշակերտները իրենց սորված բաներուն հանդէպ սկսին հաւատք ընծայել, կը մղուին անոնց մասին խօսելու։ (Բ. Կորն. 4։13) Ի՞նչպէս կրնանք զանոնք քաջալերել որ անպաշտօն կերպով վկայեն եւ պատրաստել որ ասիկա ազդուօրէն ընեն։
2 Կրնաս աշակերտին պարզապէս հարցնել թէ Աստուածաշունչէն իր սորված բաներուն մասին խօսա՞ծ է ուրիշներուն։ Ան թերեւս կրնայ հրաւիրել բարեկամներ եւ ընտանիքի անդամներ որ իր ուսումնասիրութեան ներկայ գտնուին։ Անոր հարցուր թէ իր գործընկերներէն, դպրոցակիցներէն կամ այլ ծանօթներէն մէկը հետաքրքրութիւն ցուցաբերա՞ծ է։ Այսպէս ան կը սկսի վկայել։ Անոր օգնէ հասկնալու թէ խորատես, յարգալից ու քաղցր պէտք է ըլլայ, երբ ուրիշներուն կը խօսի Եհովա Աստուծոյ ու իր նպատակներուն մասին։—Կող. 4։6. Բ. Տիմ. 2։24, 25
3 Իրենց հաւատալիքները բաժնել. Շատ կարեւոր է Աստուածաշունչի աշակերտները մարզել որ Աստուծոյ Խօսքը գործածեն, երբ իրենց հաւատալիքները կը բաժնեն։ Ուսումնասիրութեան ընթացքին, որոշ կէտերու նկատմամբ աշակերտին հարցուր. «Աստուածաշունչը գործածելով, ընտանիքիդ ի՞նչպէս այս ճշմարտութիւնը պիտի բացատրես», կամ՝ «Այս կէտը բարեկամիդ փաստելու համար, ո՞ր համարը պիտի գործածես»։ Անոր մտիկ ըրէ, ապա ցոյց տուր թէ ի՛նչպէս կրնայ իր ուսուցումը Սուրբ Գրութիւններուն վրայ հիմնել։ (Բ. Տիմ. 2։15) Այսպէս ընելով, աշակերտը կը պատրաստես որ անպաշտօն կերպով վկայէ, եւ երբ որակեալ ըլլայ, ժողովքին հետ կազմակերպուած քարոզչութեան մասնակցի։
4 Խոհեմութիւն է Աստուածաշունչի աշակերտներուն ցոյց տալ թէ ի՛նչպէս հակառակութեան հետ վարուին։ (Մատթ. 10։36. Ղուկ. 8։13. Բ. Տիմ. 3։12) Երբ ուրիշներ Եհովայի Վկաներուն մասին հարցումներ ուղղեն կամ նիւթ բանան, աշակերտները կրնան առիթը օգտագործել վկայելու համար։ Եհովայի Վկաներ՝ որո՞նք են. ի՞նչ են իրենց հաւատալիքները գրքոյկը կրնայ զիրենք զինել, որ ‘միշտ պատրաստ ըլլան պատասխան տալու’։ (Ա. Պետ. 3։15) Նորեկները կրնան անոր բովանդակած ճշգրիտ տեղեկութիւնները գործածել, բարենպատակ բարեկամներու եւ ընտանիքի անդամներու օգնելու, որ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած մեր հաւատալիքներն ու գործունէութիւնները հասկնան։