Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 5/05 էջ 2
  • Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2005)
  • Ենթավերնագիրներ
  • Մայիս 9–ով սկսող շաբաթ
  • Մայիս 16–ով սկսող շաբաթ
  • Մայիս 23–ով սկսող շաբաթ
  • Մայիս 30–ով սկսող շաբաթ
  • Յունիս 6–ով սկսող շաբաթ
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2005)
թծ 5/05 էջ 2

Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր

Մայիս 9–ով սկսող շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 32

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած ծանուցումներ։ Գործածելով էջ 8–ի վրայ գտնուած թելադրութիւնները (եթէ թաղամասիդ կը յարմարին), Դիտարան 1 Յունիս եւ Զարթի՛ր 22 Մայիս թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրէ։ Կարելի է այլ իրատես ներկայացումներ գործածել։ Ներկայացումներէն մէկուն մէջ, պարբերաթերթերը հանրային փոխադրամիջոցի մը մէջ անպաշտօն կերպով ներկայացնելու կերպը ցոյց տուր։

15 վյրկ. Աստուծոյ Խօսքը գործածէ՝ սիրտին հասնելու համար։ Դասախօսութիւն, հիմնուած՝ Դիտարան 1 Փետրուար 2005 թիւին վրայ, էջ 28-31 (Անգլ.)։ Վերլուծէ թէ Յիսուս ի՛նչպէս Սուրբ Գրութիւնները գործածեց Պետրոսի օգնելու։ Քննարկէ թէ ի՛նչպէս կրնանք Յիսուսի օրինակին հետեւիլ, երբ հարկ ըլլայ մեր զաւակներուն, մեր Աստուածաշունչի աշակերտներուն եւ նոյնիսկ մե՛ր մտածելակերպն ու զգացումները ճշդել։

20 վյրկ. «Գործնական ընտանեկան յայտագիր պատրաստէ»։ Երկու վայրկեանէն նուազ տեւող բացման խօսքին մէջ, գրաւոր յայտագրին արժէքը աչքառու դարձուր եւ էջ 6–ի վրայ գտնուող յայտագիրը լեցնելու կերպը բացատրէ։ Ապա հարց–պատասխանով նկատի առ «Ընտանեկան յայտագիր՝ ժողովքային հանդիպումներ» յօդուածը։ Ներկաները հրաւիրէ որ պատմեն թէ ի՛նչպէս թոյլ չեն տար այլ գործունէութիւններու որ բացակայելու պատճառ ըլլան։ Ընտանեկան յայտագրին յաւելեալ երեսակներ նկատի պիտի առնուին յաջորդ շաբաթներուն։

Երգեցողութիւն թիւ 46 եւ փակման աղօթք։

Մայիս 16–ով սկսող շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 14

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։

15 վյրկ. «Ընտանեկան յայտագիր՝ ընտանեկան դաշտի ծառայութիւն»։a Ներկաները հրաւիրէ որ ընտանեօք կանոնաւորաբար ծառայութեան մասնակցելու օգուտները թուեն։

20 վյրկ. «Աստուածաշունչի յառաջդիմական ուսումնասիրութիւններ վարենք՝ Մաս 9»։b Երբ 2–րդ պարբերութիւնը նկատի կ’առնես, Դեկտեմբեր 2004–ի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին 8–րդ էջէն մէկ կամ երկու կէտեր աչքառու դարձուր։ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան համառօտ ցուցադրութիւն մը պարփակէ։ Ի՛նչ կը պահանջէ գրքոյկին 2–րդ դասը ամբողջացնելէ ետք, դաս վարողը աշակերտին կը հարցնէ. «Ի՞նչպէս կրնաս բարեկամի մը բացատրել թէ Աստուծոյ անունը ի՛նչ է»։ Աշակերտը կը բացատրէ թէ ի՛նչպէս Սաղմոս 83։18–ը պիտի գործածէ, ապա դաս վարողը զինք կը գովէ։

Երգեցողութիւն թիւ 63 եւ փակման աղօթք։

Մայիս 23–ով սկսող շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 85

12 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիրը եւ նուիրատուութիւններու ընկալագիրները կարդա՛։ Գործածելով էջ 8–ի վրայ գտնուած թելադրութիւնները (եթէ թաղամասիդ կը յարմարին), Դիտարան 1 Յունիս եւ Զարթի՛ր 8 Յունիս թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրէ։ Կարելի է այլ իրատես ներկայացումներ գործածել։

18 վյրկ. «Եհովայի օրը մօտ է»։c Երբ այս բաժինը կը պատրաստես, օգտագործէ Դանիէլի մարգարէութիւն գիրքը, էջ 59, պարբերութիւն 28։

15 վյրկ. «Ընտանեկան յայտագիր՝ ընտանեկան ուսումնասիրութիւն»։d Կանխաւ կարգադրէ որ մէկ կամ երկու հոգի խօսին թէ իրենց ընտանեկան ուսումնասիրութիւնը ի՛նչպէս կը յայտագրեն եւ զայն կանոնաւորաբար ընելը ի՛նչ ջանք կը պահանջէ։

Երգեցողութիւն թիւ 152 եւ փակման աղօթք։

Մայիս 30–ով սկսող շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 162

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հրատարակիչներուն յիշեցուր որ Մայիս ամսուան դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները ներկայացնեն։ Յունիսին ներկայացուելիք գրականութիւնները յիշէ։ Ցուցադրէ զանոնք ներկայացնելու կերպը, գործածելով Յունուար 2005–ի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկի յաւելուածականին թելադրութիւնները (եթէ ձեր թաղամասին մէջ յարմար են։) Կարելի է այլ գործնական ներկայացումներ գործածել։

20 վյրկ. «Ընտանեկան յայտագիր՝ օրուան համարը»։e Ներկաները հրաւիրէ որ պատմեն թէ իրենց ընտանիքը ի՛նչպէս կ’օգտուի օրուան համարը միասնաբար նկատի առնելով եւ թէ ո՛ր յայտագիրը գործնական գտած են։

15 վյրկ. Մարտ, Ապրիլ ու Մայիս ամիսներուն տեղի ունեցած դաշտի ծառայութեան փորձառութիւններ պատմէ կամ խաղարկէ։ Կանխաւ կարգադրէ որ մէկ կամ երկու հոգի խօսին Յիշատակատօնի շրջանին իրենց ծառայութիւնը աւելցնելու համար իրենց թափած ջանքերուն եւ վայելած օրհնութիւններուն մասին։

Երգեցողութիւն թիւ 123 եւ փակման աղօթք։

Յունիս 6–ով սկսող շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 21

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։

15 վյրկ. Տեղական կարիքներ։

20 վյրկ. «Կանոնաւորաբար պարբերաթերթ յանձնելով՝ հետաքրքրութիւն մշակէ»։f Երբ 3–րդ պարբերութիւնը նկատի կ’առնես, ուշադրութեան յանձնէ Պատճառաբանել գիրքին 227-232–րդ էջերը (կամ՝ էջ 361-366, Արաբ.)։ Այս տեղեկութիւնները կարելի է գործածել մէկ–համարով նիւթեր պատրաստելու համար, թէ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ի՛նչ պիտի իրագործէ։ Թող հրատարակիչ մը ցուցադրէ թէ ի՛նչպէս մէկ համար գործածելով կը խօսակցի անհատի մը հետ, որուն կանոնաւորաբար պարբերաթերթ կը յանձնէ։ Հրատարակիչը համառօտաբար պէտք է բացատրէ համարն ու անոր կիրարկումը, տանտիրոջ օգնելու որ զայն ճշգրտօրէն հասկնայ եւ իր կեանքին մէջ անոր ունեցած արժէքը տեսնէ։

Երգեցողութիւն թիւ 10 եւ փակման աղօթք։

[Ստորանիշներ]

a Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։

b Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։

c Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։

d Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։

e Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։

f Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել