Բացումներ՝ պարբերաթերթերը ներկայացնելու համար
Apr. 22
«Թէեւ Յիսուս Քրիստոս ցարդ ապրած ոեւէ անհատէ աւելի ճանչցուած է, սակայն շատեր հարց կու տան թէ ան իրապէս ո՞վ է։ Գիտէի՞ր թէ նոյնիսկ Յիսուսի առաքեալները այս հարցումը ուղղեցին։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա կարդա՛ Մարկոս 4։41–ը։] Այս պարբերաթերթը կը քննէ թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ Յիսուսի իսկական ինքնութեան մասին»։
ԴԻՏԱՐԱՆ Մայիս 1
«Երբ սիրելի մը մեռնի, բնական է որ փափաքինք զինք դարձեալ տեսնել. չե՞ս համաձայնիր։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Աստուածաշունչի յարութեան խոստումը շատերը մխիթարած է։ [Կարդա՛ Յովհաննու 5։28, 29–ը։] Այս պարբերաթերթը նկատի կ’առնէ թէ յարութիւնը ե՛րբ տեղի պիտի ունենայ եւ որո՛նք անկէ պիտի օգտուին»։
May 8
«Ծնողներէն շատեր իրենց զաւակներուն դիտելիք բաները կ’ընտրեն։ Ընտանիքիդ յարմար եղող շարժապատկերներ գտնելու մէջ դժուարութիւն կ’ունենա՞ս։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա կարդա՛ Եփեսացիս 4։17–ն։] Այս պարբերաթերթը նկատի կ’առնէ թէ ծնողներ ի՛նչպէս կրնան իրենց զաւակներուն օգնել որ օգտակար ժամանցներ ընտրեն»։