Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր
Յունիս 13–ով սկսող շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 14
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած ծանուցումներ։ Գործածելով էջ 8–ի վրայ գտնուած թելադրութիւնները (եթէ թաղամասիդ կը յարմարին), Դիտարան 1 Յուլիս եւ Զարթի՛ր 22 Յունիս թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրէ։ Կարելի է այլ իրատես ներկայացումներ գործածել։ Ցուցադրութիւններէն մէկուն մէջ, պարբերաթերթերը անպաշտօն կերպով ներկայացնելու կերպը ցոյց տուր։
15 վյրկ. Ուրիշներուն օգնէ որ չմկրտուած հրատարակիչներ ըլլան։ Երէցի մը կողմէ դասախօսութիւն եւ ներկաներուն հետ զրոյց, հիմնուած՝ Կազմակերպուած՝ Եհովայի կամքը ընելու գիրքին վրայ, էջ 79-81։ Քննարկէ թէ ի՛նչպէս կ’որոշուի թէ Աստուածաշունչի աշակերտը ժողովքին հետ դաշտի ծառայութեան մասնակցելու աստուածաշնչական պահանջներուն գոհացում կու տա՛յ թէ ոչ։ Յառաջիկայ շաբաթ նկատի պիտի առնենք թէ Աստուածաշունչի որակեալ աշակերտները ի՛նչպէս կրնանք մարզել որ սկսին տունէ տուն ծառայութեան մասնակցիլ։
20 վյրկ. «Քարոզչութիւնը մեզի կ’օգնէ տոկալու»։a Ժամանակին ներած չափով, ներկաները հրաւիրէ որ նշուած համարներուն մասին մեկնաբանեն։
Երգեցողութիւն թիւ 32 եւ փակման աղօթք։
Յունիս 20–ով սկսող շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 46
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Յուլիս 2003–ի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին 4–րդ էջի գլխաւոր կէտերը վերաքաղ ըրէ։ Բացատրէ թէ հրատարակիչները ի՛նչպէս կրնան օտար լեզուով գրականութիւններ ստանալ, եւ այս տեղեկութիւնը ի՛նչպէս կը կիրարկուի տեղական թաղամասին։ Օտար լեզուով գրականութիւնները պէտք է ապսպրուին գրականութեան ծառային միջոցով, նոյնիսկ եթէ ապսպրանքը մէ՛կ գրականութիւն է, որպէսզի անտեղի ուշացում չըլլայ։
15 վյրկ. Աստուծոյ խօսքը զօրեղ է։ (Եբր. 4։12) Դասախօսութիւն, հիմնուած՝ Դիտարան 1 Դեկտեմբեր 2003 թիւին վրայ, էջ 9, պարբերութիւն 13-17։ Փորձառութիւններ պատմէ, որոնք ցոյց կու տան թէ Աստուածաշունչի ուսուցումը ի՛նչպէս կրնայ մարդիկը մղել որ իրենց կենցաղը փոխեն։ (դ00 1/1 էջ 3-5) Բոլորը քաջալերէ որ Աստուածաշունչը գործածեն ծառայութեան բոլոր երեսակներուն մէջ։
20 վյրկ. «Աստուածաշունչի յառաջդիմական ուսումնասիրութիւններ վարենք՝ Մաս 10»։b Փորձի նիստ մը ցուցադրէ։ Մինչ աշակերտը ներկայացումը փորձ կ’ընէ, դաս վարողը, որ տանտիրոջ դերը կը խաղայ, սովորական առարկութիւն մը կը յարուցանէ, եւ երբ աշակերտը կը տատամսի, ան կը բացատրէ թէ այս պարագան ի՛նչպէս կարելի է ձեռք առնել։ Ասկէ զատ, կանխաւ կարգադրէ որ մէկ կամ երկու հոգի խօսին իրենց ստացած մարզումին մասին, երբ սկսան տունէ տուն քարոզել։
Երգեցողութիւն թիւ 162 եւ փակման աղօթք։
Յունիս 27–ով սկսող շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 113
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հրատարակիչներուն յիշեցուր որ Յունիս ամսուան դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները ներկայացնեն։ Հաշիւի տեղեկագիրը եւ նուիրատուութիւններու ընկալագիրները կարդա՛։ Գործածելով էջ 8–ի վրայ գտնուած թելադրութիւնները (եթէ թաղամասիդ կը յարմարին), Դիտարան 1 Յուլիս կամ Զարթի՛ր 8 Յուլիս թիւը ներկայացնելու կերպը ցուցադրէ։ Կարելի է այլ իրատես ներկայացում գործածել։ Ցուցադրութենէն ետք, տանտիրոջ հետաքրքրութիւնը արթնցնելու համար գործածուած բացման խօսքերը կրկնէ։
15 վյրկ. Տեղական կարիքներ։
20 վյրկ. Յուլիսին եւ Օգոստոսին գրքոյկներ ներկայացնել։ Դասախօսութիւն եւ ներկաներուն հետ զրոյց, հիմնուած՝ յաւելուածականին վրայ։ Համառօտակի բացատրէ յաւելուածականը գործածելու կերպը, աչքառու դարձնելով էջ 3–ի շրջանակը եւ Յունուար 2005–ի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին 8–րդ էջի գլխաւոր կէտերը։ Նկատի առ թելադրութիւններ, որոնք յարմար են տեղական թաղամասին, առաջին հանդիպումին գրքոյկներ ներկայացնելով։ Ցուցադրէ երկու կամ երեք ներկայացումներ, պարփակելով դեռատի հրատարակիչ մը։
Երգեցողութիւն թիւ 63 եւ փակման աղօթք։
Յուլիս 4–ով սկսող շաբաթ
Երգեցողութիւն թիւ 34
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։
15 վյրկ. Ընտանեկան յայտագրէ մը կ’օգտուի՞ս։ Վերաքաղ ըրէ Մայիս 2005–ի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին յաւելուածականին թելադրութիւնները, եւ ներկաներէն խնդրէ որ խօսին այս թելադրութիւնները կիրարկելու համար իրենց թափած ջանքերուն եւ քաղած օգուտներուն մասին։
20 վյրկ. «Հանրային վայրերու մէջ ազդուօրէն վկայենք»։c Նիւթը տեղական թաղամասին կիրարկէ։ Հրատարակիչներուն յիշեցուր որ Հաճեցէք հետապնդել (S-43) պատճենը գործածեն, երբ յարմար է։—Տես՝ Փետրուար 2005–ի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկը, էջ 6։
Երգեցողութիւն թիւ 21 եւ փակման աղօթք։
[Ստորանիշներ]
a Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։
b Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։
c Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։