Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 10/06 էջ 2
  • Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2006)
  • Ենթավերնագիրներ
  • Հոկտեմբեր 9–ով սկսող շաբաթ
  • Հոկտեմբեր 16–ով սկսող շաբաթ
  • Հոկտեմբեր 23–ով սկսող շաբաթ
  • Հոկտեմբեր 30–ով սկսող շաբաթ
  • Նոյեմբեր 6–ով սկսող շաբաթ
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2006)
թծ 10/06 էջ 2

Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր

Հոկտեմբեր 9–ով սկսող շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 138

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած ծանուցումներ։ Գործածելով էջ 8–ի թելադրութիւնները կամ ժողովքի թաղամասին յարմար եղող այլ ներկայացումներ, Դիտարան 1 Նոյեմբեր եւ Զարթի՛ր Հոկտեմբեր թիւերը, Թագաւորութեան լուրեր թիւ 37 թերթիկին հետ մէկտեղ, ներկայացնելու կերպը ցուցադրէ։

15 վյրկ. «Ուրիշներուն օգնէ Աստուծոյ բարեկամները ըլլալու»։a Ունկնդիրներէն խնդրէ որ մեկնաբանեն թէ ուրիշներուն օրինակը եւ սրտագին աղօթքը ի՛նչպէս իրենց օգնած են յառաջդիմելու եւ մկրտութեան քայլը առնելու։

20 վյրկ. ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԼՈՒՐԵՐ ԹԻՒ 37 ԹԵՐԹԻԿԸ ԲԱՇԽԵԼՈՒ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԷ։ Դասախօսութիւն եւ ունկնդիրներուն մասնակցութեամբ քննարկում։ Վերաքաղ ըրէ արշաւին կարգադրութիւնները, որոնք նշուած են Սեպտեմբեր 2006–ի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին մէջ։ Բոլորը յորդորէ որ լիովին մասնակցին։ Աստուածաշունչի յառաջդիմական ուսումնասիրութիւններ ունեցողները քաջալերէ որ նկատի առնեն թէ իրենց աշակերտները որակեա՞լ են այս արշաւին մասնակցելու որպէս չմկրտուած հրատարակիչներ։ Ծնողներն ալ նոյնպէս կրնան նկատի առնել թէ իրենց զաւակները որակեա՞լ են։ Հակիրճօրէն բացատրէ պահանջները, ինչպէս նշուած են Կազմակերպուած՝ Եհովայի կամքը ընելու գիրքին մէջ, էջ 79-81։

Երգեցողութիւն թիւ 14 եւ փակման աղօթք։

Հոկտեմբեր 16–ով սկսող շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 28

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։

20 վյրկ. ԺՈՂՈՎՔԻ ԳԻՐՔԻ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵՆԷՆ ՕԳՏՈՒԻԼ։ Դասախօսութիւն եւ ունկնդիրներուն մասնակցութեամբ քննարկում, հիմնուած՝ Կազմակերպուած՝ Եհովայի կամքը ընելու գիրքին վրայ, էջ 69–ի ենթագլուխէն մինչեւ էջ 72–ի առաջին ենթագլուխը։

15 վյրկ. «Ի՞նչ բան առաջին տեղը կը դնես»։b Նախապէս ընտրուած հրատարակիչներէ խնդրէ որ մեկնաբանեն թէ ի՛նչպէս իրենց յայտագիրը յարմարցուցած են՝ Թագաւորութեան շահերը առաջին տեղը դնելու համար, եւ որպէս արդիւնք՝ ի՛նչ օրհնութիւններ վայելած են։

Երգեցողութիւն թիւ 172 եւ փակման աղօթք։

Հոկտեմբեր 23–ով սկսող շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 33

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Կարդա՛ հաշիւի տեղեկագիրը եւ նուիրատուութիւններու ընկալագիրները։ Գործածելով էջ 8–ի թելադրութիւնները կամ ժողովքի թաղամասին յարմար եղող այլ ներկայացումներ, Դիտարան 1 Նոյեմբեր եւ Զարթի՛ր Նոյեմբեր թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրէ։ Ցուցադրութիւններէն մէկուն մէջ ցոյց տուր թէ ի՛նչ կը պատասխանենք, եթէ տանտէրը ըսէ. «Ինչո՞ւ յաճախ կ’այցելէք»։—Տես Պատճառաբանել գիրքը, էջ 20։

15 վյրկ. Տեղական կարիքներ։

20 վյրկ. «Դաշտի ծառայութեան ժողովներէն լիովին օգտուէ»։c Երբ 3–րդ պարբերութիւնը նկատի կ’առնես, պարփակէ կարգ մը կէտեր Սեպտեմբեր 2001–ի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկէն, «Հարցումի տուփ», պարբերութիւն 4, որոնք կը լուսաբանեն այն պարագաները, երբ ժողովը վարող որակեալ եղբայրներ ներկայ չեն։

Երգեցողութիւն թիւ 143 եւ փակման աղօթք։

Հոկտեմբեր 30–ով սկսող շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 162

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հրատարակիչներուն յիշեցուր որ դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները ներկայացնեն, եւ անոնց ետեւը նշեն իրենց բաշխած Թագաւորութեան լուրեր թիւ 37 թերթիկներուն քանակը։

15 վյրկ. Ի՞ՆՉՊԷՍ ԿՐՆԱՄ ԴՊՐՈՑԱԿԻՑՆԵՐՈՒՍ ՔԱՐՈԶԵԼ։ Դասախօսութիւն եւ ունկնդիրներուն մասնակցութեամբ քննարկում, հիմնուած՝ Զարթի՛ր 22 Մարտ 2002 թիւին վրայ, էջ 10-12։ Ունկնդիրներէն ոմանք թող պատմեն հետաքրքրական փորձառութիւններ, զորս վայելած են՝ իրենց դպրոցակիցներուն քարոզելով։

20 վյրկ. ԹԱԳԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԼՈՒՐԵՐ ԹԻՒ 37 ԹԵՐԹԻԿԸ ԲԱՇԽԵԼՈՒ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԻՒՆՆԵՐ։ Հրատարակիչներէն խնդրէ որ Թագաւորութեան լուրեր թիւ 37 թերթիկը բաշխելու ընթացքին իրենց ձեռք ձգած քաջալերական արդիւնքներուն մասին խօսին։ Տեղեկագրէ թէ ցարդ թաղամասին ո՛րքանը ծածկուած է, եւ մինչեւ 12 Նոյեմբեր զայն ամբողջովին ծածկելու համար ի՛նչ պէտք է ընել։ Ցուցադրէ վերայցելութիւն մը, գործածելով Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը։ Հրատարակիչներուն յիշեցուր որ վերադարձնեն Թագաւորութեան լուրեր թերթիկները, զորս պիտի չկարենան բաշխել մինչեւ արշաւին վերջը, որպէսզի ուրիշներ զանոնք բաշխեն։

Երգեցողութիւն թիւ 195 եւ փակման աղօթք։

Նոյեմբեր 6–ով սկսող շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 13

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Գործածելով Յունուար 2005–ի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին 3-4–րդ էջերուն թելադրութիւնները կամ ժողովքի թաղամասին յարմար եղող այլ ներկայացումներ, Նոյեմբերի երկրորդ կիսուն ընթացքին Մեծ Ուսուցիչէն սորվէ՛ գիրքը ներկայացնելու կերպը ցուցադրէ։ Ժամանակին ներածին չափով, ունկնդիրներէն խնդրէ որ պատմեն թէ այս հրատարակութիւնը դաշտին կամ իրենց ընտանիքին մէջ գործածելով ի՛նչ լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգած են։

15 վյրկ. ՁԵՐ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԵԱՆ ՕՐՈՒԱՆ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԼՐՋՈՒԹԻՒՆԸ ԱՒԵԼՑՈՒՑԷՔ։ Երէցի մը կողմէ դասախօսութիւն, հիմնուած՝ Դիտարան 1 Նոյեմբեր 2006 թիւին վրայ, էջ 14-17։

20 վյրկ. ԽՕՍՔԸ ՔԱՐՈԶԵԼԸ ԿԸ ԹԱՐՄԱՑՆԷ։ Դասախօսութիւն եւ ունկնդիրներուն մասնակցութեամբ քննարկում, հիմնուած՝ Դիտարան 15 Յունուար 2002 թիւին վրայ, էջ 8-9 (Անգլ.)։ Ունկնդիրներէն խնդրէ որ մեկնաբանեն թէ ծառայութիւնը ի՛նչպէս կը թարմացնէ զիրենք։ Կարելի է մէկ կամ երկու մեկնաբանութիւններ նախապէս կարգադրել։

Երգեցողութիւն թիւ 21 եւ փակման աղօթք։

[Ստորանիշ]

a Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։

b Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։

c Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել