Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 10/06 էջ 7
  • Ծանուցումներ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծանուցումներ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2006)
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2006)
թծ 10/06 էջ 7

Ծանուցումներ

◼ Ներկայացուելիք հրատարակութիւններ Հոկտեմբեր 1-15. Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը։ Երբ անհատը հետաքրքրութիւն ցուցաբերէ, Արթո՛ւն կեցէք գրքոյկը ներկայացուցէք ու ջանացէք Աստուածաշունչի հանդէպ անոր հետաքրքրութիւնը աւելցնել։ Հոկտեմբեր 16–Նոյեմբեր 12. Մասնայատուկ արշաւ՝ «Սուտ կրօնքին վախճանը մօտ է» խորագրով Թագաւորութեան լուրեր թիւ 37 թերթիկը բաշխելու։ Նոյեմբեր 13-30. Մեծ Ուսուցիչէն սորվէ՛։ Եթէ անհատը ըսէ թէ զաւակներ չունի, ներկայացուցէք Կը փափաքէի՞ք Աստուածաշունչին մասին աւելին գիտնալ թերթիկը։ Դեկտեմբերին. Ցարդ ապրած մեծագոյն մարդը։ Որպէս փոխընտրութիւն՝ կրնաք ներկայացնել Աստուածաշունչը—Աստուծո՞յ խօսքն է, թէ՝ մարդոց, Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ, կամ Դուք կրնաք յաւիտեան ապրիլ երկրային դրախտի մը մէջ։ Յունուարին. Գիտութիւն գիրքը կամ 1991–էն առաջ լոյս տեսած որեւէ գիրք որ ժողովքը ունի։ Եթէ չունիք, հաճեցէք մօտակայ ժողովքներէն հին հրատարակութիւններ խնդրել, որպէսզի զանոնք գործածէք։ Հին գիրքեր չունեցող ժողովքները կրնան Արթո՛ւն կեցէք գրքոյկը ներկայացնել։

◼ Դեկտեմբեր ամիսը հինգ լման շաբաթավերջեր ունենալով, կրնայ օժանդակ ռահվիրայութեան համար հոյակապ ամիս մը ըլլալ։

◼ Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին այս թիւին յաւելուածը՝ «2007–ի Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի յայտագիր»ն է, եւ պէտք է պահուի գործածուելու համար 2007–ի ընթացքին։

◼ Բժշկութիւնը կը դիմագրաւէ արիւն չգործածելու մարտահրաւէրը խորագրով տեսաերիզը նկատի պիտի առնուի Ծառայութեան Ժողովի մը մէջ՝ Յունուարի ընթացքին։ Ի պահանջել հարկին, ժողովքին միջոցով կրնաք DVD–ն կամ տեսաերիզը ապսպրել՝ կարելի եղածին չափ շուտ։

◼ 2007–ի Յիշատակատօնի շրջանին հանրային մասնաւոր դասախօսութիւնը պիտի ներկայացուի Կիրակի՝ Ապրիլ 15–ին։ Դասախօսութեան բնաբանը հետագային պիտի ծանուցանուի։ Այդ շաբաթավերջին շրջանային տեսուչի այցելութիւնը կամ համաժողով ունեցող ժողովքները, մասնաւոր դասախօսութիւնը յաջորդ շաբաթ պիտի ունենան։ Որեւէ ժողովք մասնաւոր դասախօսութիւնը Կիրակի՝ Ապրիլ 15–էն առաջ պէտք չէ ունենայ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել