Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի վերաքաղ
Հետեւեալ հարցումները նկատի պիտի առնուին Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մէջ, Հոկտեմբեր 30–ով սկսող շաբթուան ընթացքին։ Դպրոցի տեսուչը 30 վայրկեան տեւող վերաքաղ մը պիտի վարէ, ծածկելով 4 Սեպտեմբերէն մինչեւ 30 Հոկտեմբեր 2006 շաբաթներուն նշանակումները։ [Նշում. երբ հարցումէն ետք աղբիւրներ չկան, պատասխանները գտնելու համար անձամբ պրպտում պէտք է ընես։—Տես՝ Ծառայութեան դպրոց, էջ 36-37։]
ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
1. Խօսելու ատեն հաւասարակշռութիւնը ինչո՞ւ կարեւոր է, եւ ի՞նչպէս կրնանք մեր ջղագրգռութիւնը նուազեցնել։ [կօ էջ 135 պարբ. 5–էջ 137 պարբ. 2, շրջանակներ]
2. Երբ մեր հաւատալիքներուն մասին հարցուի, ինչո՞ւ պէտք է ջանանք Աստուածաշունչը գործածելով պատասխանել։ [կօ էջ 143 պարբ. 1-3]
3. Ի՞նչպէս կրնանք Աստուածաշունչը գործածելու մէջ աւելի հմուտ ըլլալ։ [կօ էջ 144, շրջանակ]
4. Երբ ծառայութեան մէջ կը սորվեցնենք, ինչո՞ւ Աստուածաշունչը յաճախ գործածելը կարեւոր է, եւ ի՞նչպէս կրնանք անոր գործածութիւնը քաջալերել ժողովքային հանդիպումներուն։ [կօ էջ 145-146, շրջանակներ]
5. Համար մը ներկայացնելու մեր երկու նպատակները ի՞նչ են։ [կօ էջ 147 պարբ. 2]
ԹԻՒ 1 ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ
6. Սաղմոսաց գիրքը ի՞նչ ազդու պատգամ մը կը բովանդակէ։ [si էջ 104 պարբ. 23]
7. Առակաց գիրքը ե՞րբ գրուեցաւ եւ անոր հատուածները մէկտեղուեցան։ [si էջ 107 պարբ. 5]
8. Ի՞նչ է առակը, եւ Առակաց գրքին Եբրայերէն խորագիրը ինչո՞ւ յարմար է։ [si էջ 107 պարբ. 6]
9. Առակաց 2։1-5–ի մէջ ի՞նչ կէտ կը շեշտուի, քաջալերութիւն տալով որ ‘արծաթի ու ծածուկ գանձերու պէս’ փնտռենք գիտութիւն, հասկացողութիւն ու խորատեսութիւն։ [կօ էջ 38 պարբ. 4]
10. Առակաց գիրքը ի՞նչպէս իր օգտակար նպատակը կը գիտցնէ։ [si էջ 109 պարբ. 19]
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՇԱԲԱԹԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑԱՆՈՒԹԻՒՆ
11. Դաւիթ ի՞նչպէս ‘իր անձը հանդարտեցուց ու հանգստացուց՝ իր մօր կաթէն կտրուած մանուկի մը պէս’, եւ ի՞նչպէս կրնանք զինք ընդօրինակել։ (Սաղմ. 131։1-3)
12. Սաղմոս 139։7-12–ի ներշնչեալ խօսքերով ի՞նչպէս կրնանք մխիթարուիլ։
13. Սաղմոս 145–ի մէջ, ի՞նչ են Եհովայի մեծութեան կարգ մը օրինակները, որոնց համար կրնանք զինք փառաբանել մեր աղօթքներուն եւ հանրային ծառայութեան մէջ։ (Սաղմ. 145։3)
14. Ի՞նչ առումով Եհովայի վախը ‘գիտութեան սկիզբն է’ եւ ‘իմաստութեան սկիզբն է’։ (Առ. 1։7, ՆԱ. 9։10)
15. Առակաց 7։1, 2–ի մէջ, «իմ խօսքերս» եւ «իմ պատուիրանքներս» արտայայտութիւնները ի՞նչ կը պարփակեն։