Ուսումնասիրութիւն 19
Քաջալերել Սուրբ Գիրք Գործածել
ՄԵՐ փափաքն է բոլոր մարդոց ուշադրութիւնը Աստուծոյ Խօսքին՝ Աստուածաշունչին՝ ուղղել։ Մեր քարոզած պատգամը հիմնուած է այդ սրբազան գրքին վրայ, եւ կ’ուզենք որ մարդիկ գիտակցին թէ ի՛նչ որ կ’ըսենք մեզմէ չէ, հապա Աստուծմէ է։ Մարդիկ պէտք է վստահութիւն զարգացնեն Աստուածաշունչին հանդէպ։
Դաշտի Ծառայութիւն Մէջ։ Երբ դաշտի ծառայութեան կը պատրաստուիք, միշտ մէկ կամ երկու համար ընտրեցէք, որպէսզի մտիկ ընել փափաքողներուն հետ բաժնէք զանոնք։ Նոյնիսկ երբ կը ծրագրէք հակիրճ կերպով սուրբ գրային գրականութիւն մը ներկայացնել, յաճախ օգտակար կ’ըլլայ յարմար համար մը կարդալ Աստուածաշունչէն։ Աստուածաշունչը շատ աւելի մեծ զօրութիւն ունի ոչխարանման անհատները ուղղելու, քան մեր ըսած որեւէ բանը։ Ե՛րբ որ կարելի չէ կարդալ Աստուածաշունչէն, նախընտրելի է որ անկէ մէջբերէք։ Առաջին դարուն, սուրբ գրային գալարներու կրկնօրինակներ դիւրամատչելի չէին։ Այսուհանդերձ, Յիսուս եւ իր առաքեալները միշտ անոնցմէ մէջբերում կ’ընէին։ Մենք ալ պէտք է ջանանք համարներ գոց սորվիլ, եւ տեղին զանոնք գործածել մեր ծառայութեան մէջ, երբեմն պարզապէս մէջբերելով զանոնք։
Երբ կարելիութիւն ունենաք Աստուածաշունչէն կարդալու, զայն ա՛յնպէս բռնեցէք որ տանտէրը կարենայ հետեւիլ՝ մինչ կը կարդաք։ Եթէ տանտէրը իր անձնական Աստուածաշունչէն հետեւի, իր կարդացածին հանդէպ իր ընդառաջումը աւելի մեծ կրնայ ըլլալ։
Սակայն պէտք է գիտակցիք որ Աստուածաշունչի կարգ մը թարգմանիչներ ազատութիւն առած են Աստուծոյ Խօսքին հետ։ Կրնայ ըլլալ որ իրենց թարգմանածը լիովին չի համապատասխաներ Աստուածաշունչի նախնական լեզուին մէջ եղածին։ Արդի թարգմանութիւններէն շատեր Աստուծոյ անձնական անունը հանած են, մեռելներու վիճակին մասին նախնական լեզուին մէջ ըսուածը մութի մէջ ձգած են, եւ երկրին նկատմամբ Աստուծոյ նպատակը թաքցուցած են։ Որպէսզի կարենաք անհատի մը ցոյց տալ ինչ որ կատարուած է, պէտք է բանալի համարները տարբեր Աստուածաշունչերէ, կամ նոյն լեզուին մէջ աւելի հին թարգմանութիւններէ ցոյց տաք։ Շատ մը նիւթերու շուրջ, Սուրբ Գրութիւններով Պատճառաբանել գիրքը յաճախ գործածուած համարներու մէջ գտնուած բանալի արտայայտութիւնները կը բաղդատէ տարբեր թարգմանութիւններու հետ։ Ճշմարտութիւնը սիրող ոեւէ անհատ երախտապարտ պիտի ըլլայ իրողութիւնները գիտնալուն համար։
Ժողովքի Հանդիպումներուն։ Բոլորին քաջալերութիւն պէտք է տրուի որ ժողովներու ընթացքին իրենց Աստուածաշունչը գործածեն։ Ասիկա կարգ մը կերպերով օգտակար է։ Ունկնդիրներուն ուշադրութիւնը ըսուածներուն վրայ կը պահէ։ Դասախօսին կողմէ տրուած բերանացի ուսուցումին վրայ կ’աւելցնէ տեսողութեան ազդեցութիւնը։ Նաեւ նոր հետաքրքրուող անհատներուն մտքին մէջ կը դրոշմէ թէ մեր հաւատալիքներուն աղբիւրը իրապէս Աստուածաշունչն է։
Ունկնդիրներուն իրենց Աստուածաշունչէն ձեր կարդացած սուրբ գրային համարներուն հետեւիլը մեծաւ մասամբ կախեալ է ձեր տուած քաջալերութենէն։ Ուղղակի հրաւէր տալը լաւագոյն կերպերէն մէկն է։
Ո՛վ դասախօս, ձեզի կ’իյնայ որոշել թէ ո՛ր համարները կ’ուզէք շեշտել, ունկնդիրներուն բանալ տալով զանոնք։ Նախընտրելի է կարդալ ա՛յն համարները, որոնք ձեր գլխաւոր կէտերը մշակելու պիտի նպաստեն։ Ապա, ժամանակին ներած չափով, քանի մը ուրիշ համարներ ալ աւելցուցէք, որոնք ձեր պատճառաբանութեան թիկունք կը կանգնին։
Անշուշտ, պարզապէս համարին տեղը յիշելը, կամ ունկնդիրներուն հրաւէր տալը որ համար մը բանան, ինքնին բաւարար չէ։ Եթէ համար մը կարդաք, ապա միւսին անցնիք, նախ քան թերեւս որ ձեր ունկնդիրները ժամանակ ունենան առաջինը գտնելու, անոնք շուտով պիտի յուսահատին եւ այլեւս Աստուածաշունչէն պիտի չհետեւին ձեզի։ Նկատառու եղէք։ Երբ մեծամասնութիւնը գտած է համարը, այն ատեն կարդացէք զայն։
Նախապէս մտածեցէք։ Համարը կարդալէն բաւական առաջուընէ ըսէք տեղը։ Ասիկա պիտի նուազեցնէ համար գտնելու համար ունկնդիրներուն կողմէ պատճառուած ժամանակի կորուստը։ Թէեւ համարները բանալու համար ունկնդիրներուն ժամանակ տալով աւելի քիչ նիւթ պիտի ծածկուի, բայց օգուտը նկատի ունենալով՝ կ’արժէ ասիկա ընել։