Դաշտի ծառայութեան ժողովներէն լիովին օգտուէ
1. Դաշտի ծառայութեան ժողովները ի՞նչպէս կրնան մեզի օգնել։
1 Դաշտի ծառայութեան ազդու ժողովները, ծառայութեան մեկնելէ առաջ իսկական քաջալերութիւն ու գործնական ուղղութիւններ կը հայթայթեն։ Անոնք մեզ կարող կը դարձնեն խմբովին վկայելու, որպէսզի կարենանք փոխադարձ աջակցութիւն ու մարզում վայելել։ (Առ. 27։17. Ժող. 4։9, 10) Այս ժողովներէն լիովին օգտուելու համար ի՞նչ կրնանք ընել։
2. Վարիչը ի՞նչ բաներ կրնայ նկատի առնել։
2 Վարիչը. Սովորաբար այս ժողովներուն համար, մասնայատուկ տեղեկութիւններ չեն նշանակուած։ Հետեւաբար լաւ նախապատրաստութիւնը անհրաժեշտ է։ Ինքնաբերաբար մի՛ ծրագրեր օրուան համարը նկատի առնել։ Կրնաս զայն պարփակել, եթէ ուղղակի առնչուած է ծառայութեան։ Խորհէ թէ այդ օրը վկայութեան մասնակցողներուն ի՛նչ բան գործնական օգնութիւն պիտի հայթայթէ։ Օրինակ, թերեւս ուզես ներկայացում մը քննարկել կամ ցուցադրել։ Թերեւս որոշես Պատճառաբանել գիրքէն, Ծառայութեան դպրոց գիրքէն կամ Ծառայութեան Ժողովի վերջին մէկ բաժինէն որոշ կէտեր վերաքաղ ընել։ Ուրիշ անգամ, կրնաս նկատի առնել ժողովքի թաղամասին մէջ ծագող մարտահրաւէրի մը հետ վարուելու կերպը, կամ՝ խօսիլ հետաքրքրութիւն մշակելու ու Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու մասին, մանաւանդ եթէ ներկաներէն շատեր վերայցելութիւններ պիտի ընեն։ Ի՛նչ որ ալ քննարկես, խանդավառ ու դրական եղիր։
3. Ժողովը որքա՞ն պէտք է տեւէ, եւ այդ միջոցին ի՞նչ պէտք է իրագործուի։
3 Ժողովը ճիշդ ժամանակին սկսէ, նոյնիսկ եթէ գիտես որ ոմանք պիտի ուշանան։ Լաւ դատողութիւն գործածելով ներկաները բաժնէ եւ թաղամասեր նշանակէ անոնց՝ որ չունին։ Ժողովը պէտք չէ տեւէ աւելի քան 10-15 վայրկեան, իսկ աւելի կարճ՝ եթէ ժողովքային հանդիպումէ մը ետք է։ Ժողովը փակելէ առաջ, ամէն ոք պէտք է գիտնայ թէ որո՛ւ հետ է եւ ո՛ւր պիտի քարոզէ։ Ժողովը աղօթքով պէտք է եզրափակուի։
4. Ի՞նչ բաներ պիտի օգնեն բոլորին որ դաշտի ծառայութեան ժողովներէն լիովին օգտուին։
4 Կրնա՛ս օգնել. Ինչպէս ժողովքային միւս հանդիպումներուն պարագային, Եհովայի հանդէպ յարգանք եւ ուրիշներուն հանդէպ նկատառութիւն կը ցուցաբերենք՝ ժամանակին հասնելով։ Քննարկութեան մէջ բաժին բեր։ Կրնաս թոյլ տալ որ վարիչը որոշէ ընկերակիցդ, կամ կրնաս ժողովէն առաջ քու անձնական կարգադրութիւններդ ընել։ Եթէ կը նախընտրես անձնական կարգադրութիւններ ընել, ջանա՛ ‘սիրտդ լայնցնել’՝ զանազան հրատարակիչներու հետ աշխատելով, փոխանակ ամէն անգամ սերտ բարեկամներուդ հետ ծառայելու։ (Բ. Կորն. 6։11-13) Ժողովը եզրափակուելէ ետք, կարգադրութիւնները մի՛ փոխեր եւ անմիջապէս թաղամաս մեկնէ։
5. Դաշտի ծառայութեան ժողովներուն նպատակը ի՞նչ է։
5 Դաշտի ծառայութեան ժողովներուն նպատակը ժողովքային հանդիպումներուն նպատակին նման է։ Անոնց միջոցով կրնանք ‘իրարու հոգ տանիլ՝ սիրոյ եւ բարեգործութեան մղելով’։ (Եբր. 10։24, 25) Եթէ ջանանք այս ժողովներէն օգտուիլ, պիտի կարենանք մեր ծառայութիւնը կատարել, որ արդարեւ ‘բարեգործութիւն’ մըն է։