Շրջանային համաժողովի նոր յայտագիր
Եհովա փառաւորուելու արժանի է։ Զինք ի՞նչպէս կը փառաւորենք։ Ոմանք այս առնչութեամբ ի՞նչ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւեն։ Աստուած փառաւորողները ի՞նչ օրհնութիւններ կը վայելեն։ Այս հարցումներուն գոհացուցիչ պատասխաններ պիտի հայթայթէ՝ 2008–ի ծառայութեան տարուան շրջանային համաժողովի յայտագիրը։ Անոր բնաբանն է՝ «Ամէն բան Աստուծոյ փառքին համար ըրէք»։ (Ա. Կորն. 10։31) Նկատի առ թէ հոգեւոր ճոխ ուսուցումի երկու օրերը մեզի համար ի՛նչ վերապահած են։
Նահանգային տեսուչը պիտի խօսի հետեւեալ նիւթերուն շուրջ. «Աստուծոյ ինչո՞ւ փառք տալ» եւ «Աստուծոյ պահանջները գոհացնելու մէջ օրինակելի եղիր»։ Ան պիտի ներկայացնէ հանրային դասախօսութիւնը՝ «Աստուած փառաւորող ժողովուրդը ո՞վ է», եւ փակման դասախօսութիւնը՝ «Համայն աշխարհի մէջ միութեամբ Աստուած փառաւորել»։ Ան նաեւ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցը պիտի վարէ։ Շրջանային տեսուչը պիտի խօսի հետեւեալ բնաբաններուն շուրջ. «Աստուծոյ փառքը արտացոլացնելէն հաճոյք առ», «Շրջանին կարիքներուն ուշադրութիւն ընծայել» եւ «‘Ճշմարտութեան վրայ հաստատուած’ մնացէք», որ հիմնուած է Բ. Պետրոս 1։12–ի վրայ։ Ասկէ զատ, պիտի սորվինք թէ ի՛նչպէս «Ռահվիրայական ծառայութիւնը Աստուած կը փառաւորէ»։ «Աստուած փառաւորենք մեր կեանքին բոլոր երեսակներուն մէջ», որ միտք գրգռող երկու ելոյթաշարերուն առաջինն է, Ա. Կորնթացիս 10։31–ի ներշնչեալ խօսքերուն խորը պիտի թափանցէ։ «Սրբազան ծառայութիւն մատուցանենք՝ Եհովան փառաբանելու համար» ելոյթաշարը մեր պաշտամունքին այլազան երեսակները պիտի քննարկէ։ Կիրակի օրը Դիտարան–ի ամփոփումէն եւ օրուան համարին քննարկումէն հաճոյք պիտի առնենք։ Նաեւ մկրտուելու պատեհութիւն պիտի ըլլայ։
Մարդկութեան մեծամասնութիւնը կը մերժէ Աստուած ընդունիլ։ Շատեր մարդկային ծրագիրներով ա՛յնքան զբաղած են որ Եհովայի փառաւորութեան մասին մտածելու ժամանակ չունին։ (Յովհ. 5։44) Բայց մենք համոզուած ենք թէ «Ամէն բան Աստուծոյ փառքին համար ըրէք» բնաբանով համաժողովին ներկայ գտնուիլը մեծ արժէք ունի։ Ծրագրէ ներկայ գտնուիլ եւ չորս նիստերէն լիովին օգտուիլ։