Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 9/07 էջ 2
  • Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2007)
  • Ենթավերնագիրներ
  • Սեպտեմբեր 10–ով սկսող շաբաթ
  • Սեպտեմբեր 17–ով սկսող շաբաթ
  • Սեպտեմբեր 24–ով սկսող շաբաթ
  • Հոկտեմբեր 1–ով սկսող շաբաթ
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2007)
թծ 9/07 էջ 2

Ծառայութեան Ժողովի Յայտագիր

Սեպտեմբեր 10–ով սկսող շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 21

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Գործածելով էջ 4–ի թելադրութիւնները կամ ժողովքի թաղամասին յարմար եղող այլ ներկայացումներ, Դիտարան 1 Հոկտեմբեր եւ Զարթի՛ր Սեպտեմբեր թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրէ։ Իւրաքանչիւր պարագային, երկու պարբերաթերթերը պէտք է ներկայացուին, թէեւ անոնցմէ մէկուն մասին պիտի խօսուի։

15 վյրկ. «Հարցումի տուփ»։ Երէց մը նիւթը կը քննարկէ ներկաներուն մասնակցութեամբ։ Ժամանակին ներած չափով նշուած համարները կարդա՛ ու քննարկէ։

20 վյրկ. «Յիսուսի օրինակին հետեւէ»։a Ներկաներէն խնդրէ որ պատմեն թէ ուրիշներու լաւ օրինակը իրենց ի՛նչպէս օգտակար եղած է։

Երգեցողութիւն թիւ 113 եւ փակման աղօթք։

Սեպտեմբեր 17–ով սկսող շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 13

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։

15 վյրկ. ԱՆՑԵԱԼ ՏԱՐԻ Ի՞ՆՉ ԻՐԱԳՈՐԾԵՑԻՆՔ։ Ծառայութեան տեսուչը ծառայութեան անցեալ տարին աչքէ կ’անցընէ, ծառայութեան մէջ իրագործուած լաւ բաներուն վրայ կեդրոնանալով։ Պատշաճ գովասանք ներկայացուր։ Նշէ մէկ կամ երկու մարզ, որոնց ուշադրութիւն պէտք է ընծայուի ծառայութեան նոր տարուան ընթացքին։ Ռահվիրաներուն գործունէութեան մասին խօսէ, զիրենք գովելով իրենց ժրաջան աշխատանքին համար։ Ուշադրութեան յանձնէ անգործունեայ անհատներուն օգնելու համար թափուած ջանքերուն լաւ արդիւնքները։

20 վյրկ. ՄԻԱՑԵԱԼ ԵՂԲԱՅՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ։ Դասախօսութիւն եւ ներկաներուն մասնակցութեամբ քննարկութիւն, հիմնուած՝ Կազմակերպուած՝ Եհովայի կամքը ընելու գրքին 16–րդ գլուխին վրայ։

Երգեցողութիւն թիւ 127 եւ փակման աղօթք։

Սեպտեմբեր 24–ով սկսող շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 162

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Կարդա՛ հաշիւի տեղեկագիրը եւ նուիրատուութիւններու ընկալագիրները։

15 վյրկ. Տեղական կարիքներ։

20 վյրկ. ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԳԻՏՆԱԼ ԹԵՐԹԻԿԸ ԳՈՐԾԱԾԷ ՀՈԿՏԵՄԲԵՐԻՆ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՍԿՍԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ։ Հոկտեմբերին Դիտարան ու Զարթի՛ր պարբերաթերթերը պիտի ներկայացնենք։ Հոն ուր հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերուի, Աստուածաշունչը գիտնալ թերթիկը կրնայ գործածուիլ, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսելու համար։ Հակիրճօրէն թերթիկը նկատի առ, բայց ասիկա ընելէ առաջ թող հիւրընկալները զայն ներկաներուն բաշխեն, եթէ մատչելի է։ Բացատրէ թէ կարելի է առաջին հանդիպումին կամ վերայցելութեան, թերթիկը տանտիրոջ հետ ամբողջութեամբ կամ մասնակի նկատի առնել։ Գործածելով էջ 4–ի թելադրութիւնները կամ ժողովքի թաղամասին յարմար եղող այլ ներկայացումներ, Դիտարան 1 Հոկտեմբեր եւ Զարթի՛ր Հոկտեմբեր թիւերը ներկայացնելու կերպը ցուցադրէ։ Ցուցադրութիւններէն մէկուն մէջ, հրատարակիչը այս թերթիկը տանտիրոջ կու տայ, երբ ան պարբերաթերթերը կը մերժէ։ Երկրորդ ցուցադրութեան մէջ, տանտէրը պարբերաթերթերը ընդունելէ յետոյ, հրատարակիչը անոր կու տայ թերթիկը, նկատի կ’առնէ 5–րդ էջը, կը նշէ էջ 6–ի վրայ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գրքին ակնարկող կտրօնը, ապա կ’առաջարկէ վերադառնալ գիրքը բերելու համար։

Երգեցողութիւն թիւ 222 եւ փակման աղօթք։

Հոկտեմբեր 1–ով սկսող շաբաթ

Երգեցողութիւն թիւ 204

10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած ծանուցումներ։ Հրատարակիչներուն յիշեցուր որ Սեպտեմբեր ամսուան դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրները ներկայացնեն։

15 վյրկ. Մասնաճիւղին նամակը։ Դասախօսութիւն եւ ունկնդիրներուն մասնակցութեամբ քննարկութիւն, հիմնուած՝ այս թիւին առաջին էջին վրայ։ Ներկաներէն խնդրէ որ փորձառութիւններ պատմեն վերջերս տեղի ունեցած արշաւէն, երբ «Քրիստոսի հետեւեցէք» բնաբանով նահանգային համաժողովին անհատներ հրաւիրեցին։

20 վյրկ. «Մեր ծառայութեան մէջ աւելնանք»։b Պարփակէ այն եղբայրներուն ու քոյրերուն մեկնաբանութիւնները, որոնք իրենց ծառայութիւնը կ’աւելցնեն։ Անոնք թող բացատրեն թէ ի՛նչպէս կը շարունակեն կերպեր փնտռել իրենց ծառայութեան մէջ աւելնալու համար։ Կարելի է մէկ կամ երկու մեկնաբանութիւններ կանխաւ կարգադրել։

Երգեցողութիւն թիւ 102 եւ փակման աղօթք։

[Ստորանիշներ]

a Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։

b Բացման խօսքը մէկ վայրկեանէն նուազ թող ըլլայ, ապա հարց–պատասխանով շարունակէ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել