Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք հրատարակութիւններ Սեպտեմբերին. Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ։ Մասնայատուկ ջանք թափեցէք՝ առաջին հանդիպումին Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար։ Եթէ տանտէրը արդէն այս գիրքը ունի, ցոյց տուէք թէ ի՛նչպէս կրնայ անկէ օգտուիլ՝ համառօտաբար Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը ցուցադրելով։ Հոկտեմբերին. Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը։ Երբ տանտէրը հետաքրքրուի, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսելու նպատակով՝ ներկայացուցէք Կը փափաքէի՞ք Աստուածաշունչին մասին աւելին գիտնալ թերթիկը։ Նոյեմբերին. Մեծ Ուսուցիչէն սորվէ՛։ Եթէ անհատը ըսէ թէ զաւակներ չունի, ներկայացուցէք Արթո՛ւն կեցէք գրքոյկը։ Դեկտեմբերին. Ցարդ ապրած մեծագոյն Մարդը։ Որպէս փոխընտրութիւն՝ կրնաք ներկայացնել Եհովայի մօտեցիր կամ Ընտանեկան ուրախութեան գաղտնիքը գիրքը։
◼ Որովհետեւ Սեպտեմբեր ամիսը հինգ լման շաբաթավերջեր ունի, կրնայ օժանդակ ռահվիրայութեան համար հոյակապ ամիս մը ըլլալ։
◼ Ժողովքները իրենց յաջորդ հրատարակութիւններու ապսպրանքին հետ պէտք է սկսին խնդրել 2007–ի Դիտարան–ի եւ Զարթի՛ր–ի կազմուած հատորները, 2007–ի Դիտարանի հրատարակութիւններու նիւթերու ցանկ, եւ Դիտարանի գրադարան՝ 2007–ի հրատարակութիւն խտասկաւառակը։ Ամէն ամիս յղուած «Ծանուցում՝ բոլոր ժողովքներուն» խորագրով նամակին մէջ պիտի նշուի թէ այս հրատարակութիւնները ո՛ր լեզուներով մատչելի են։ Հաճեցէք ի մտի ունենալ թէ Դիտարանի գրադարան՝ 2007–ի հրատարակութիւն–ը ժողովքի մկրտուա՛ծ անդամներուն համար է եւ ձեռք կը ձգուի միայն ժողովքին միջոցով։
◼ Եհովայի Վկաները կազմակերպուած են՝ բարի լուրը քարոզելու տեսաերիզը նկատի պիտի առնուի Ծառայութեան Ժողովի մը մէջ՝ Դեկտեմբերի ընթացքին։ Ի պահանջել հարկին, ժողովքին միջոցով կրնաք զայն ապսպրել՝ կարելի եղածին չափ շուտ։
◼ 2008–ի Յիշատակատօնի շրջանին հանրային մասնաւոր դասախօսութիւնը պիտի ներկայացուի Մարտ 31–ով սկսող շաբթուան ընթացքին։ Դասախօսութեան բնաբանը հետագային պիտի ծանուցանուի։ Շրջանային տեսուչի այցելութիւն կամ շաբաթավերջը համաժողով ունեցող ժողովքները, մասնաւոր դասախօսութիւնը յաջորդ շաբաթ պիտի ունենան։ Որեւէ ժողովք մասնաւոր դասախօսութիւնը Մարտ 31–էն առաջ պէտք չէ ունենայ։
◼ Վերակացու տեսուչը, կամ իր կողմէ նշանակուած անհատ մը, ժողովքին հաշիւները պէտք է ստուգէ՝ Յունիս, Յուլիս եւ Օգոստոս ամիսներուն համար։ Ասիկա կատարելէ յետոյ, ժողովքին ծանուցում մը ըրէք, հաշիւի յաջորդ տեղեկագիրը ներկայացնելէ ետք։—Տես՝ Ժողովքի հաշուապահութեան մասին ցուցմունքներ (S-27)։