Հարցումի Տուփ
◼ «Հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» կը հաւանի՞ որ Վկաներու անջատ խումբեր, քով–քովի գալով աստուածաշնչական պրպտումներ կամ բանարկութիւններ ընեն։—Մատթ. 24։45, 47
Ո՛չ, ան հաւանութիւն չի տար։ Այսուհանդերձ աշխարհի զանազան շրջաններու մէջ, մեր կազմակերպութեան ընկերակցող կարգ մը անհատներ խմբակներ կազմած են, աստուածաշնչական նիւթերու շուրջ անկախ պրպտումներ ընելու համար։ Ոմանք Աստուածաշունչի Եբրայերէնը ու Յունարէնը խմբովին կ’ուսումնասիրեն, Նոր աշխարհի թարգմանութեան ճշգրտութիւնը վերլուծելու համար։ Ուրիշներ կը հետազօտեն Աստուածաշունչի հետ կապ ունեցող գիտական նիւթեր։ Անոնք ցանցակայքեր եւ ցանցազրոյցի սենեակներ ստեղծած են, իրենց տեսակէտները փոխանակելու եւ քննարկելու համար։ Անոնք նաեւ բանակցութիւններ վարած են եւ հրատարակութիւններ ի լոյս ընծայած են, իրենց գիւտերը ներկայացնելու եւ մեր քրիստոնէական ժողովներուն մէջ ու մեր հրատարակութիւններուն միջոցաւ հայթայթուած տեղեկութիւնները ամբողջացնելու համար։
Աշխարհի տարածքին, Եհովայի ժողովուրդը առատ հոգեւոր ցուցմունք ու քաջալերութիւն կը ստանայ՝ ժողովքային հանդիպումներուն եւ համաժողովներուն, ինչպէս նաեւ Եհովայի կազմակերպութեան հրատարակութիւններուն միջոցաւ։ Իր սուրբ հոգիին առաջնորդութեան ներքեւ եւ իր ճշմարտութեան Խօսքին հիման վրայ, Եհովա հարկ եղածը կը հայթայթէ, որպէսզի իր ամբողջ ժողովուրդը «մէկ մտքի ու մէկ խորհուրդի վրայ հաստատուած» ըլլայ եւ «հաւատքին մէջ հաստատուած» մնայ։ (Ա. Կորն. 1։10. Կող. 2։6, 7) Վստահաբար երախտապարտ ենք այս վերջին օրերուն մէջ Եհովայի հոգեւոր հայթայթումներուն համար։ Արդ, «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառան» հաւանութիւն չի տար իր վերատեսչութեան ներքեւ չհրատարակուած կամ չկազմակերպուած որեւէ ժողովի, հրատարակութեան կամ ցանցակայքի։—Մատթ. 24։45-47
Գովելի է որ անհատներ փափաքին իրենց մտածելու կարողութիւնը գործածել՝ բարի լուրին թիկունք կանգնելու համար։ Սակայն ո՛չ մէկ անձնական հետապնդում պէտք է մեր ուշադրութիւնը շեղէ այն բանէն, զոր Յիսուս Քրիստոս երկրի վրայ ներկայիս կ’իրագործէ իր ժողովքին միջոցով։ Առաջին դարուն, Պօղոս առաքեալ զգուշացուց մաշեցուցիչ ու ժամանակ սպառող նիւթերով զբաղելէ, ինչպէս՝ ուշադրութիւն դարձնել «անվերջանալի ազգաբանութիւններու, որոնք կը պատճառեն վէճեր՝ փոխանակ Աստուծոյ հաճելի շինութեան, որ կ’ըլլայ հաւատքով»։ (Ա. Տիմ. 1։3-7, ԱՎ) Բոլոր Քրիստոնեաները պէտք է ջանան հեռու կենալ «յիմար վէճերէն, ազգաբանութիւններէն, հակառակութիւններէն եւ Օրէնքին շուրջ եղած կռիւներէն, որովհետեւ անօգուտ են ու փուճ»։—Տիտ. 3։9, ԱՎ
Անոնք որ կը փափաքին Աստուածաշունչի յաւելեալ ուսումնասիրութիւն եւ պրպտում ընել, կը յանձնարարենք որ հետազօտեն Խորաթափանց ակնարկ Սուրբ Գրութիւններուն վրայ, «Բոլոր գիրքը Աստուծոյ շունչն է եւ օգտակար է» եւ մեր այլ հրատարակութիւնները, ինչպէս՝ Դանիէլի, Եսայիի եւ Յայտնութեան գիրքերը քննարկող հրատարակութիւնները։ Ասոնք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան եւ խորհրդածութեան ճոխ նիւթեր կը հայթայթեն, որոնց միջոցաւ կրնանք ‘լեցուած ըլլալ Աստուծոյ կամքին գիտակցութեամբ՝ ամբողջ իմաստութեամբ ու հոգեւոր ըմբռնումով, որպէսզի ընթանանք Տէրոջ արժանավայել կերպով՝ հաճեցնելով զինք ամէն բանի մէջ, պտղաբեր ըլլալով ամէն տեսակ բարի գործով, եւ աճելով Աստուծոյ ճանաչումով’։—Կող. 1։9, 10, ԱՎ