Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 9/07 էջ 4
  • Յիսուսի օրինակին հետեւէ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Յիսուսի օրինակին հետեւէ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2007)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Մեր ժողովները ինչո՞ւ կարեւոր են
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2016
  • Հեզերուն սորվեցուր Աստուծոյ ճամբային մէջ քալել
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2006)
  • Քրիստոնէական ժողովները շինիչ դարձնելու մէջ բաժին կը բերե՞ս
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2010
  • Պատանիներուն Օգտակար Եղող Ժողովներ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2000)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2007)
թծ 9/07 էջ 4

Յիսուսի օրինակին հետեւէ

1. Յիսուս ի՞նչ օրինակ հանդիսացաւ։

1 Երբ աշակերտելու գործին մասնակցինք պէտք է ի մտի ունենանք թէ մեր օրինակը կրնայ մեզ դիտողներուն վրայ զօրաւոր ազդեցութիւն ունենալ։ Յիսուս խօսքով ու գործով սորվեցուց։ Զինք դիտողները կրնային տեսնել իր նախանձախնդրութիւնը, մարդոց հանդէպ իր սէրը, իր Հօր անունը սրբացնելու իր խոր փափաքը, եւ իր Հօր կամքը կատարելու վճռականութիւնը։—Ա. Պետ. 2։21

2. Մեր օրինակը ի՞նչ կերպերով կ’ազդէ ծառայութեան մէջ մեզի ընկերակցողներուն։

2 Երբ տունէ տուն կը ծառայենք. Ինչպէս Յիսուսի պարագային, նոյնպէս մեր օրինակը մեզի հետ ծառայողներուն վրայ ազդեցութիւն ունի։ Երբ նորեկ ու նուազ փորձառու հրատարակիչներ ծառայութեան մէջ մեր նախանձախնդիր մասնակցութիւնը տեսնեն, անոնք քարոզչութեան մէջ իրենց բերած մասնակցութեան որակին մասին պիտի մտածեն։ Երբ անոնք տեսնեն մեր ուրախութիւնը եւ ուրիշներուն հանդէպ մեր անկեղծ հետաքրքրութիւնը, իրենց ծառայութեան մէջ այսպիսի յատկութիւններ ցուցաբերելու կարեւորութեան պիտի գիտակցին։ Երբ անոնք նկատեն մեր ջանասիրութիւնը Սուրբ Գրութիւնները գործածելու, վերայցելութիւններ ընելու, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ վարելու մէջ, պիտի մղուին նոյնը ընելու։

3. Մեր օրինակը ի՞նչպէս կրնայ Աստուածաշունչի աշակերտներուն ուղղութիւն տալ, եւ անոնք ի՞նչ կրնան սորվիլ։

3 Երբ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ կը վարենք. Մեր Աստուածաշունչի աշակերտները յատկապէս մեր վարմունքը պիտի նկատեն։ Օրինակ, թէեւ կրնանք անոնց բացատրել ուսումնասիրութեան նախապատրաստուելու, համարները բանալու եւ բանալի կէտերը ընդգծելու կարեւորութիւնը, սակայն անոնք պիտի նկատեն թէ մենք նախապատրաստուած ենք կամ ոչ։ (Հռովմ. 2։21) Եթէ անոնց հետ ուսումնասիրելու ժամադրութիւնը յարգենք, անոնք նուազ հակամէտ պիտի ըլլան թոյլ տալու որ այլ գործունէութիւններ Աստուածաշունչի իրենց ուսումնասիրութիւնը խանգարեն։ Անկասկած, անոնք նաեւ պիտի նկատեն ծառայութեան հանդէպ մեր անձնազոհ հոգին եւ մեր հաստատ հաւատքը։ Զարմանալի չէ որ Յիսուսի օրինակին սերտօրէն հետեւող անհատներուն աշակերտները, յաճախ նախանձախնդիր ու արդիւնաբեր աւետարանիչներ եղած են։

4. Երբ ժողովքային հանդիպումներուն ներկայ կը գտնուինք, մեր օրինակով ի՞նչ կը սորվեցնենք։

4 Երբ ժողովքային հանդիպումներուն ներկայ կը գտնուինք. Քրիստոնէական ժողովքին բոլոր անդամները կրնան ժողովքային հանդիպումներուն իրենց օրինակով սորվեցնել։ Հետաքրքրուած անհատներ որոնք կը սկսին ժողովներու ներկայ գտնուիլ, ժողովքին մէջ իրենց տեսած լաւ օրինակներէն կ’օգտուին։ Անոնք պիտի նկատեն ջերմ եղբայրութիւնը, քրիստոնէական միութիւնը եւ համեստ հագուելակերպն ու յարդարանքը։ (Սաղմ. 133։1) Անոնք պիտի նկատեն նաեւ ժողովքային հանդիպումներուն մեր հաւատարիմ ներկայութիւնը եւ հոն կատարած մեր հաւատքին հանրային յայտարարութիւնը։ Այցելու մը նկատեց թէ աղջնակ մը ո՛րքան արագօրէն կրցաւ իր Աստուածաշունչին մէջ գտնել նշուած համար մը եւ ո՛րքան ուշի–ուշով հետեւեցաւ անոր ընթերցանութեան։ Անոր օրինակը զինք մղեց Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը խնդրելու։

5. Ինչո՞ւ մեր օրինակին արժէքը երբեք թեթեւի պէտք չէ առնենք։

5 Սուրբ Գրութիւնները մեզ կը քաջալերեն որ իւրաքանչիւրս միւսին դրական օրինակը ընդօրինակենք։ (Փիլ. 3։17. Եբր. 13։7) Հետեւաբար, պէտք չէ մոռնանք թէ, եթէ սերտօրէն Յիսուսի օրինակին հետեւինք, ուրիշներ ասիկա պիտի նկատեն եւ դրականօրէն պիտի ազդուին։ Ասոր գիտակցելով, թող Ա. Տիմոթէոս 4։16–ի խօսքերուն անսանք. «Զգուշութիւն ըրէ քու անձիդ ու վարդապետութեանդ»։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել