Նահանգային համաժողովի յիշեցումներ
◼ Յայտագրին ժամերը. Յայտագիրը երեք օրերուն ալ պիտի սկսի առաւօտեան ժամը 9։20–ին։ Դռները պիտի բացուին առաւօտեան ժամը 8։00–ին։ Մինչ բացման երաժշտութիւնը կը նուագուի, բոլորս մեր տեղերը պէտք է գրաւենք, որպէսզի յայտագիրը յարգալից կերպով սկսի։ Ուրբաթ եւ Շաբաթ յայտագիրը պիտի աւարտի կէսօրէ ետք ժամը 4։55–ին, իսկ Կիրակի՝ 4։00–ին։
◼ Կառավայր. Այն համաժողովը, ուր կառավայրի վրայ վերահսկելը մեզի վստահուած է, ինքնաշարժ շարելու տեղերը անվճար մատչելի պիտի ըլլան առաջին հասնողներուն, իրենց ինքնութիւնը բնորոշելով համաժողովի լանջանշանով։ Միայն ան որ իր ինքնաշարժին վրայ օրինաւոր արտօնագիր կը կրէ թէ ֆիզիքապէս անկարող է, պիտի կարենայ զայն շարել հո՛ն ուր անկարողներուն վերապահուած է։
◼ Նստարաններ ապահովել. Կարելի է աթոռներ ապահովել միմիայն ձեզի հետ ինքնաշարժով ճամբորդողներուն կամ ձեզի հետ նոյն տան մէջ ապրողներուն։
◼ Կէսօրուան ճաշ. Հաճեցէք ձեր ճաշը ձեզի հետ բերել, փոխանակ կէսօրուան դադարին համաժողովի վայրը ձգելու՝ այլուր ճաշելու համար։ Կրնաք պզտիկ պաղարան մը գործածել, որ կրնայ ձեր աթոռին տակ դրուիլ։ Մեծ պաղարաններ, ապակեայ պահեստամաններ եւ ոգելից ըմպելիներ, համաժողովի շէնքերէն ներս արտօնուած չեն։
◼ Նուիրատուութիւն. Կրնանք մեր գնահատութիւնը ցոյց տալ՝ համաշխարհային գործին ի նպաստ նուիրատուութիւններ ընելով, մեր Թագաւորութեան Սրահին կամ համաժողովի վայրին մէջ։ Համաժողովի վայրին մէջ վճարագրով եղած նուիրատուութիւնները, «Դիտարան»ին անունով պէտք է ըլլան։
◼ Արկածներ եւ շտապ օգնութիւն. Շտապ օգնութեան կեդրոնները գանգատած են թէ ոմանք աննշան հարցերու համար բջիջային հեռախօսով կը հեռաձայնեն։ Եթէ համաժողովի վայրին մէջ շտապ օգնութեան պարագայ մը ծագի, հաճեցէք ամենամօտ հիւրընկալին հետ խօսիլ, որ իր կարգին անմիջապէս Նախնական Դարմանումի Բաժանմունքին պիտի իմացնէ, որպէսզի որակեալ անհատներ պարագային լրջութիւնը արժեւորեն ու հարկ եղած օգնութիւնը մատակարարեն։ Եթէ անհրաժեշտ է, անոնք 911 թիւին պիտի հեռաձայնեն։
◼ Լսողութեան տկարութիւն. Լսարանին մէջ յայտագիրը պիտի ձայնասփռուի FM–ի ալիքի մը վրայ։ Այս կարգադրութենէն օգտուելու համար, ձեզի հետ պէտք է բերէք պզտիկ FM ռատիօ մը եւ ընկալուչներ։
◼ Մանուկներու կառքեր եւ ետեւ թեքուող աթոռներ. Մեր համաժողովի վայրերուն մէջ մանուկներու կառքեր եւ ետեւ թեքուող աթոռներ պէտք չէ բերուին։ Սակայն ինքնաշարժի մէջ գործածուող մանուկներու աթոռներ, որոնք կրնան ծնողքին քովի աթոռին վրայ ամրացուիլ, ընդունելի են։
◼ Անուշահոտութիւն. Շատ մը համաժողովներ տեղի կ’ունենան գոց վայրերու մէջ, ուր մեքենական օդափոխութիւն կը գործածուի։ Հետեւաբար ազնուութիւն է սահմանափակել զօրաւոր անուշահոտերու գործածութիւնը, որոնք կրնան ժխտական ազդեցութիւն ունենալ շնչառական կամ յարակից խնդիրներէ տառապող անհատներու վրայ։—Ա. Կոր. 10։24
◼ Հաճեցէք հետապնդել պատճենները. Հաճեցէք հետապնդել (S-43) պատճենը պէտք է գործածուի տեղեկութիւն հայթայթելու ոեւէ անհատի մասին, որ համաժողովի ընթացքին հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ՝ անպաշտօն վկայութեան շնորհիւ։ Հրատարակիչները իրենց հետ մէկ կամ երկու պատճեն պէտք է բերեն։ Պատճենները լեցնելէ ետք, կրնաք զանոնք յանձնել Հրատարակութիւններու Բաժանմունքին, կամ՝ ժողովքի քարտուղարին, երբ վերադառնաք։—Տես՝ Փետրուար 2005–ի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկը, էջ 6։
◼ Ճաշարաններ. Ճաշարաններուն մէջ ընտիր վարքովդ Եհովայի անունը պատուէ։ Բազմաթիւ վայերու մէջ սովորութիւն է 15-20 առ հարիւր ձեռաձիր ձգել, սպասարկութեան որակին համաձայն։
◼ Պանդոկներ. (1) Հարկ եղածէն աւելի սենեակներ մի՛ վերապահէք, եւ ձեր սենեակը արտօնուած թիւէն աւելի անհատներ մի՛ ունենաք։ (2) Եթէ ձեր վերապահումը պիտի ջնջէք, անմիջապէս պանդոկը տեղեակ պահեցէք։ (3) Պայուսակներ փոխադրող կառքը առէք միա՛յն, երբ զայն պիտի գործածէք, եւ անմիջապէս վերադարձուցէք, որպէսզի ուրիշներ զայն գործածեն։ (4) Եփել արգիլուած սենեակներուն մէջ մի՛ եփէք։ (5) Ամէն օր ձեռաձիր ձգեցէք սենեակին հոգ տանողին։ (6) Քրիստոնեաներ ըլլալով, անվճար նախաճաշը, սուրճը կամ սառը վստահաբար պիտի չշահագործենք. անոնք իջեւանողներուն համար են, մինչ պանդոկին մէջ են։ (7) Պանդոկի անձնակազմին հանդէպ ամէն ատեն հոգիին պտուղը ցուցաբերեցէք։ (8) Յանձնարարուած իջեւանի ցանկին վրայ նշուած սենեակին սակը մէկ օրուան սակն է, բացի տուրքէն։ Եթէ ձեր չխնդրած կամ չգործածած բանին համար ձեզմէ յաւելեալ գումար պահանջուի, մերժեցէք վճարել եւ անմիջապէս համաժողովի Իջեւանի Բաժանմունքը տեղեկացուցէք։ (9) Եթէ ձեր պանդոկի սենեակին վերաբերեալ խնդիր մը ծագի, Իջեւանի Բաժանմունքը տեղեկացուցէք մինչ համաժողովի էք։