Ծանուցումներ
◼ Ներկայացուելիք հրատարակութիւններ Ապրիլին եւ Մայիսին. Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը։ Մասնայատուկ ջանք պիտի թափուի՝ նոր հետաքրքրուած անհատներու այցելելու, որոնք Յիշատակատօնին կամ հանրային մասնաւոր դասախօսութեան ներկայ գտնուեցան, բայց ժողովքին հետ գործօն կերպով չեն ընկերակցիր։ Այս այցելութիւններուն նպատակն է՝ Աստուածաշունչի տնային ուսումնասիրութիւններ սկսիլ։ Յունիսին. Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ։ Ջանացէք Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսիլ։ Յուլիսին. Արթո՛ւն կեցէք։ Եթէ այս գրքոյկը չունիք, հաճեցէք զայն խնդրել մօտակայ ժողովքներէն։ Այլապէս, ժողովքին ունեցած յարմար մէկ գրքոյկը ներկայացուցէք։
◼ Ապրիլէն սկսեալ, 2008–ի նահանգային համաժողովի լանջանշանները ինքնաբերաբար պիտի ղրկուին հրատարակութիւններու առաքումին հետ։ Զանոնք ապսպրելու հարկ չկայ։ Եթէ ժողովքը յաւելեալ լանջանշաններու պէտք ունենայ, զանոնք պէտք է ապսպրէք գործածելով jw.org ցանցակայքը, կամ եթէ ասիկա կարելի չէ, Հրատարակութիւններու ապսպրանքի պատճենով (S-14)։ Ժողովքէն անոնք որ կը փափաքին լանջանշանի ձեւընկալ պատեաններ ունենալ, պէտք է ապսպրեն զանոնք։
◼ Ժողովքի քարտուղարը հետեւեալ պատճեններէն բաւարար քանակ պէտք է ունենայ. Կանոնաւոր ռահվիրայական ծառայութեան դիմումնագիր (S-205) եւ Օժանդակ ռահվիրայական ծառայութեան դիմումնագիր (S-205b)։ Ասոնք կրնան ապսպրուիլ գործածելով jw.org ցանցակայքը, կամ եթէ ասիկա կարելի չէ, Հրատարակութիւններու ապսպրանքի պատճենով (S-14)։ Առնուազն մէկ տարուան պահեստ ունեցէք։ Կանոնաւոր ռահվիրայութեան բոլոր դիմումնագիրները մասնաճիւղ ուղարկելէ առաջ, վստահ եղէք որ անոնք ամբողջացած են։
◼ Մասնաճիւղին համար անհրաժեշտ է ունենալ բոլոր վերակացու տեսուչներու եւ քարտուղարներու ընթացիկ հասցէներն ու հեռաձայնի թիւերը։ Եթէ որեւէ ատեն փոփոխութիւն մը ըլլայ, Ժողովքի Ծառայութեան Յանձնախումբը՝ Վերակացու տեսուչի/քարտուղարի հասցէի փոփոխութիւն (S-29) պատճեն մը պէտք է լեցնէ, ստորագրէ եւ փութով մասնաճիւղ ուղարկէ։ Ասիկա կը պարփակէ նաեւ հեռաձայնի քոտերու որեւէ փոփոխութիւն։
◼ Երբ ճամբորդելու ձեր անձնական ծրագիրները կը պարփակեն ուրիշ երկրի մը մէջ ժողովքային հանդիպումներու, շրջանային կամ նահանգային համաժողովներու ներկայ գտնուիլ, թուականներու, ժամերու կամ հասցէներու նկատմամբ տեղեկութիւններ ստանալու ձեր խնդրանքները պէտք է ուղարկուին այդ երկրին մէջ գործին վրայ վերահսկող մասնաճիւղը։ Մասնաճիւղերուն հասցէները կը գտնուին ընթացիկ Տարեգիրքին վերջին էջին վրայ։