Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 4/08 էջ 6
  • Հարցումի Տուփ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Հարցումի Տուփ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2008)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Խնամատան մէջ եղողները յիշէ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2014)
  • ՁԵՐ ԶԱՒԱԿՆԵՐԸ ԱՐԵԱՆ ՆԵՐԱՐԿՈՒՄԷՆ ՊԱՀՊԱՆԵՑԷՔ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1992)
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2008)
թծ 4/08 էջ 6

Հարցումի Տուփ

◼ Պատշա՞ճ է որ Եհովայի Վկայ մը դարման կամ խնամք ստանայ կրօնական կազմակերպութեան մը հովանաւորութեան ներքեւ գործող հիւանդանոցի մը կամ խնամատան մը մէջ։

Բժշկական դարման կամ երկարատեւ խնամք հայթայթող կարգ մը հիւանդանոցներ կամ խնամատուներ կրօնական զանազան կազմակերպութիւններու հովանաւորութեան ներքեւ կը գործեն։ Ընդհանրապէս, այսպիսի հիմնարկներու նպատակը չէ ուղղակիօրէն Մեծ Բաբելոնի շահերը յառաջ քշել։ (Յայտ. 18։2, 4) Կրնայ ըլլալ որ սկիզբը անոնք հիմնուած ըլլան կրօնական կազմակերպութեան մը ի նպաստ եկամուտ հայթայթելու համար։ Ներկայիս, կարգ մը հիւանդանոցներու միայն անունը կրօնական է, մինչ ուրիշներու անձնակազմին մէկ մասը տակաւին կրօնաւորներ են։

Եթէ Եհովայի Վկաներէն մէկը, հիւանդանոց կամ խնամատուն մտնելու կարիք ունենայ, ան պէտք է անձամբ որոշէ թէ կ’ուզէ՞ ուղղուիլ հիմնարկ մը, որ թերեւս կրօնական կազմակերպութեան մը առնչուած է։ Անհատի մը խիղճը կրնայ իրեն թոյլ տալ, մինչ ուրիշի մը խիղճը կրնայ արգելք հանդիսանալ։ (Ա. Տիմ. 1։5) Կան որոշ պարագաներ, որոնք կրնան անհատի մը որոշումին վրայ ազդեցութիւն ունենալ, եւ օգտակար է զանոնք նկատի առնել։

Օրինակ, կրօնական անուն մը կրող հիւանդանոց կամ խնամատուն մը կրնայ շրջանին մէջ միակը ըլլալ։ Կամ, եթէ մօտակայքը կայ ուրիշ մը, կրնայ ըլլալ որ կրօնական կապեր ունեցող հիմնարկը գերազանց սպասարկութիւն ունենալու համբաւը կը վայելէ։ Կրօնական անուն մը կրող հիւանդանոցը կրնայ միակը ըլլալ որ հարկ եղած դարմանը հայթայթելու սարքերը ունի, կամ թէ անիկա միակ հիւանդանոցն է ուր ձեր բժիշկը կամ վիրաբոյժը արտօնութիւն ունի ձեզ դարմանելու։ Նաեւ, երբեմն կրօնական կապեր ունեցող հիւանդանոցներ արիւնի գործածութեան շուրջ ձեր քրիստոնէական տեսակէտը կը յարգեն, մինչ անձնական կամ պետական այլ հիւանդանոցներ ասիկա չեն ըներ։ Ուստի ասոնք կարգ մը ազդակներ են, զորս կրնաք նկատի առնել երբ կ’որոշէք ո՛ր հիմնարկը գործածել։

Եթէ որոշէք գործածել կրօնական կապեր ունեցող հիւանդանոց կամ խնամատուն մը, թերեւս այնպէս մը սեպէք թէ դուք պարզապէս ձեզի մատուցուած սպասարկութիւններուն փոխարէնը կը վճարէք։ Կրնաք հարցը նկատել իբրեւ թէ կրօնական կազմակերպութիւն մը որոշ գործ մը կը դարձնէ եւ անկէ սպասարկութիւն մը գնելով, ուղղակիօրէն սուտ կրօնքին ի նպաստ յօժարակամ նուիրատուութիւն մը ըրած չէք ըլլար, այլ պարզապէս ապրանքի մը կամ սպասարկութեան մը փոխարէնը վճարած կ’ըլլաք։

Անշուշտ, որպէս Քրիստոնեայ մը, այսպիսի պարագաներուն վստահ պէտք է ըլլաս որ սուտ պաշտամունքի առնչուած որեւէ արարքի միջամուխ չես ըլլար։ Նաեւ կրօնական ծանօթ տիտղոսներ պիտի չգործածես, ինչպէս «Հայր» կամ «Քոյր», այդ հիմնարկին մէջ աշխատող կամ զայն այցելող անհատներուն հետ խօսելու ատեն։ (Մատ. 23։9) Զգոյշ պէտք է ըլլաս որ այս եղածը գործի ծիրին մէջ պահես, որուն միջոցաւ դարման ու սպասարկութիւն կը ստանաս եւ ուրիշ ոչինչ։

Երբ հիւանդանոց կը մտնես, կրնաս նշել թէ Եհովայի Վկայ մըն ես եւ թէ կ’ուզես որ թոյլ տրուի որ տեղական ժողովքի երէցները քեզի այցելեն։ Ասիկա պիտի երաշխաւորէ որ կեցութեանդ ընթացքին պատշաճ հոգեւոր օգնութիւն ստանաս։—Ա. Թես. 5։14

Ընտանիքի հաւատացեալ անդամները, ժողովքի երէցները եւ ժողովքի միւս անդամները պէտք է պատասխանատու կերպով հոգ տանին ոեւէ տարեց եղբօր կամ քրոջ որ խնամատան մը մէջ կ’ապրի, մանաւանդ եթէ անիկա կրօնական կազմակերպութեան մը հովանաւորութեամբ կը գործէ։ Այս մարզին մէջ ժրաջան ըլլալը մեծապէս պիտի քաջալերէ այս տարեցները, եւ արգելք պիտի ըլլայ որ անոնք սխալմամբ պարփակուին այս հիմնարկներուն մէջ տեղի ունեցող կրօնական պատարագներու, տօներու կամ նման գործունէութիւններու մէջ։

Այս կէտերը ի մտի ունենալով, իւրաքանչիւրը նկատի պիտի առնէ առնչուած բոլոր պարագաները, ապա իր որոշումը պիտի կայացնէ թէ ո՛ր հիւանդանոցը կամ խնամատունը պիտի գործածէ։—Գաղ. 6։5

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել