Խնամատան մէջ եղողները յիշէ
1. Ինչո՞ւ խնամատան մէջ ապրողներուն բարի լուրը հասցնելու կարիք կայ։
1 Շատեր ծերութեան տկարացուցիչ ազդեցութիւններէն կը տառապին (Ժող. 12։1-7)։ Կարգ մը տարեցներ խնամատուներու մէջ կ’ապրին, ուստի միշտ կարելի չէ իրենց դռնէ դուռի քարոզչութեամբ հասնիլ։ Պարագան այսպէս է նաեւ այն երկիրներուն մէջ, ուր սովորաբար տարեց ծնողներ իրենց զաւակներուն կամ ազգականներուն տունը կը փոխադրուին։ Թէեւ կրնայ ըլլալ որ խնամատան մէջ ապրող տարեցները եւ ուրիշներ ֆիզիքական սահմանափակումներ կամ յիշողութեան տկարութիւն ունին, բայց տակաւին կրնա՛ն Եհովային մասին սորվիլ, զինք գնահատել եւ սկսիլ սիրել։ Ինչպէ՞ս կրնանք «երջանիկ յոյսին» բարի լուրը անոնց հասցնել։
2. Ինչպէ՞ս կրնանք խնամատուներու ցանկ մը պատրաստել։
2 Պատրաստուիլ։ Ընդհանրապէս, տեղական հեռաձայնի ուղեգիրքին միջոցաւ կրնաս խնամատուներու ցանկ մը պատրաստել։ Ուղեգրքին մէջ պրպտէ հետեւեալին նման բաժիններ, ինչպէս՝ «խնամատուներ», «հանգստեան տուներ», «ծերանոցներ» եւ «անկելանոցներ»։ Ծառայութեան տեսուչը կրնայ ընտրել որակեալ հրատարակիչներ, որոնք խնամատուները պիտի այցելեն։ Լաւ ծրագրումով եւ Եհովային ապաւինելով, յաճախ կարելի է Աստուածաշունչի խմբային ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ (Առ. 21։5. Ա. Յովհ. 5։14, 15)։
3, 4. ա) Խմբային ուսումնասիրութիւն մը առաջարկելու նկատմամբ, որո՞ւն պէտք է մօտենանք։ բ) Ինչպէ՞ս կրնանք ուսումնասիրութեան կարգադրութիւնը ամփոփ կերպով նշել։
3 Ուսումնասիրութիւն առաջարկելու կերպը կախեալ է խնամատան տեսակէն։ Բազմաթիւ բնակիչներ եւ անձնակազմի անդամներ ունեցող հսկայ հաստատութիւններու մէջ, լաւագոյն բանն է՝ մօտենալ ընդունարանի պաշտօնեային եւ հարցնել, թէ արդեօք կարելի՛ է պատասխանատուին հետ խօսիլ։ Իսկ փոքր խնամատուներու պարագային,– ուր թիւով քիչ անհատներ կը մնան մէկ կամ երկու հոգատարներու հետ,– շատ լաւ կ’ըլլայ որ ժամադրուիս՝ ուղղակի հաստատութեան տիրոջ հետ խօսելու համար։
4 Երկու պարագաներուն ալ, բացատրէ թէ կամաւորաբար ժամանակ կը յատկացնես քաջալերելու այն անհատները, որոնք կը սիրեն Աստուածաշունչի պատմութիւնները կարդալ եւ քննարկել։ Անոր հարցուր թէ արդեօք կա՛ն անհատներ, որոնք թերեւս փափաքին Աստուածաշունչի խմբային քննարկութիւններու մասնակցիլ, շաբաթը մօտ 30 վայրկեան։ Զանազան հրատարակութիւններ կրնան գործածուիլ, բայց շատեր նկատած են, որ Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ եւ Ցարդ ապրած մեծագոյն մարդը գիրքերը լաւ ընդունելութիւն կը գտնեն։ Թերեւս փափաքիս հրատարակութիւնները պատասխանատուին ցոյց տալ։ Դուն եւ պատասխանատուն կրնաք որոշել օրը, ժամն ու սենեակը. եւ յայտագիրը սովորաբար խնամատան գործունէութիւններու օրացոյցին վրայ պիտի դրուի։ Մի՛ ամչնար դուն քեզ որպէս Եհովայի վկայ ծանօթացնելու։ Միեւնոյն ժամանակ, պատասխանատուին հասկցուր, թէ այցելութիւններուդ նպատակը կրօնական արարողութիւն մը կատարել պիտի չըլլայ, այլ՝ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն քաջալերել։
5. Ո՞ր գործնական առաջարկները ուսումնասիրութիւնը հաճոյալի եւ օգտակար պիտի դարձնեն։
5 Ուսումնասիրութիւնը վարել։ Ուսումնասիրութիւնը վարելու կերպը հաստատութեան մէջ տիրող վիճակէն եւ պարագաներէն կախեալ է, ուստի դիւրաթեք եւ խորագէտ եղիր։ Ուսումնասիրութիւնը վարողը պէտք է նկատի առնուելիք հրատարակութենէն քանի մը օրինակ բերէ եւ ուսումնասիրութեան վերջաւորութեան զանոնք հաւաքէ։ Թերեւս հարկ ըլլայ որ կարգ մը անհատներու համար հրատարակութիւնը մեծ գիրերով բերես։ Պարբերութիւնները կրնան կարդացուիլ, հարցումները ուղղուիլ եւ պատասխանելու առիթ տրուիլ մեզի ծանօթ կերպով։ Անոնք որոնք կ’ուզեն եւ կարողութիւն ունին, կրնան պարբերութիւնները կամ Աստուածաշունչի հատուածները կարդալ։ Ուսումնասիրութեան ընթացքին, զուարճալի, դրական եւ բարեկամական եղիր։ Պատասխանատուին թոյլտուութեամբ, կրնաս ատեն–ատեն ցուցադրել կազմակերպութեան տեսաերիզներէն մէկը, որ Աստուածաշունչին հանդէպ հաւատք կը կերտէ կամ Աստուածաշունչի մէկ պատմութենէն քաղուած դասերը կ’ընդգծէ։ Կարելի է ուսումնասիրութիւնը սկսիլ եւ փակել հակիրճ աղօթքով մը։ Կարգ մը հրատարակիչներ նոյնիսկ ունկնդրել տուած են Թագաւորութեան երգեր։
6. Ինչպէ՞ս կրնաս առարկութիւն մը ձեռք առնել։
6 Ի՞նչ կարելի է ընել, եթէ բնակիչներէն մէկը կէտի մը շուրջ առարկէ։ Խորագիտութեամբ պատասխանէ (Կող. 4։6)։ Թերեւս կրնաս բանալ համար մը, որ իր հարցումին յստակ կերպով կը պատասխանէ։ Եթէ այս մէկը գործնական չթուի, կրնաս իրեն առաջարկել որ հարցը դասէն ետք միասնաբար նկատի առնէք։
7. Ի՞նչ կրնաս ընել եթէ խնամատան բնակիչներէն մէկը անձնական հարցում ուղղէ կամ մասնաւոր հետաքրքրութիւն ցուցաբերէ։
7 Խնամատան բնակիչներէն մէկը թերեւս հարցում մը ուղղէ կամ աւելին սորվելու փափաք յայտնէ։ Քոյր մը այս մօտեցումը կը գործածէ. «Ասիկա շատ աղուոր հարցում է։ Բայց քանի որ անձնական հարցումդ է, ի՞նչ կ’ըսես եթէ մեր ընթերցանութեան աւարտին՝ ես եւ դուն զայն նկատի առնենք»։ Յաճախ կարելի է հետաքրքրուած անհատներուն հետ Աստուածաշունչի անձնական ուսումնասիրութիւն մը վարել տարբեր ժամանակի ընթացքին եւ տարբեր պարագաներու մէջ։
8. Խմբային ուսումնասիրութիւններն ու անձնական ուսումնասիրութիւնները ինչպէ՞ս պէտք է տեղեկագրել։
8 Ընդհանրապէս աւելի լաւ է որ ամէն անգամ նո՛յն Վկաները հաստատութեան մէջ խմբային ուսումնասիրութիւն վարեն։ Ոեւէ հրատարակիչ որ կը մասնակցի, կրնայ ժամ հաշուել։ Մէյ մը որ ուսումնասիրութիւնը հաստատուի, առաջնորդութիւն առնող հրատարակիչը կրնայ հաշուել մէկ վերայցելութիւն՝ ամէն անգամ որ խմբային ուսումնասիրութիւնը վարուի եւ մէկ ուսումնասիրութիւն ամէն ամիս։ Իսկ եթէ հոն անձնական ուսումնասիրութիւններ հաստատուին բնակիչներու հետ, որոնք հասկնալու եւ սորվելու կարողութիւն ունին, սովորական կերպով կարելի է տեղեկագրել։
9, 10. Այս գործունէութեան մասնակցողները ի՞նչ կարեւոր յատկութիւններ պէտք է ունենան. բացատրէ՛։
9 Յարատեւէ։ Լաւ է որ խմբային ուսումնասիրութիւններու համար օր եւ ժամ որոշուի։ Բնակիչներն ու անձնակազմը պիտի ակնկալեն որ ատիկա կանոնաւորաբար տեղի ունենայ եւ նշանակուած ժամուն սկսի եւ աւարտի (Մատ. 5։37)։ Ուստի, հարկ է որ ըլլանք յանձնառու, ժրաջան եւ կարգապահ։ Փորձառաբար ի յայտ եկած է որ լաւագոյն բանն է որ երկու որակեալ հրատարակիչներ միասնաբար խմբային ուսումնասիրութիւնը վարեն (Ժող. 4։9, 10)։ Հսկայ հաստատութիւններու մէջ, թերեւս աւելի հրատարակիչներու կարիք ըլլայ։
10 Բարեկամական ըլլալն ու անձնական հետաքրքրութիւն ցուցաբերելն ալ կարեւոր են (Փլպ. 2։4)։ Առաջին այցելութեան, ժամանակ տրամադրէ ուսումնասիրութեան ներկայ գտնուող իւրաքանչիւր անհատի հետ տեսակցելու։ Անոնց անունները գրի առ եւ փորձէ զանոնք գոց սորվիլ յաջորդ ուսումնասիրութենէն առաջ։ Բայց եւ այնպէս, կարգ մը տարեցներ կը վիրաւորուին երբ օտար մը զիրենք պզտիկ անունով կանչէ։ Համբերատար ու կարեկից ըլլալով, հրատարակիչը բոլորին զգալ պիտի տայ, թէ սիրով ընդունուած եւ գնահատուած են։
11. Խմբային ուսումնասիրութիւն վարողները ինչպէ՞ս կրնան հաստատութեան անձնակազմին եւ բնակիչներուն ազգականներուն հանդէպ յարգանք ցուցաբերել։
11 Նաեւ, կարեւոր է հաստատութեան անձնակազմին եւ բնակիչներուն ազգականներուն հանդէպ յարգանք ցուցաբերել եւ անոնց հետ ազնուութեամբ վարուիլ։ Անգամ մը որ ուսումնասիրութեան կարգադրութիւնը հաստատուի, իմաստութիւն չէ անոր ժամը կամ կերպը փոխել առանց հարցը նախ պատասխանատուին հետ քննարկելու։ Ատեն–ատեն պատասխանատուին հարցուր թէ ուսումնասիրութիւնը ինչպէ՛ս կ’ընթանայ։ Եթէ ազգականներ ուսումնասիրութեան ընթացքին այցելեն, նախաձեռնութիւնը առ զանոնք դիմաւորելու։ Աստուածաշունչը ուսումնասիրելու այս յայտագրին նպատակը անոնց բացատրէ։ Անոնց վստահեցուր թէ անկեղծօրէն հետաքրքրուած ես իրենց ընտանիքի անդամով։ Զիրենք հրաւիրէ որ նստին եւ ուսումնասիրութիւնը ունկնդրեն։
12, 13. Պատմէ փորձառութիւններ, որոնք խնամատուներու մէջ վկայելուն օգուտները կ’ընդգծեն։
12 Արդիւնքները։ Շրջագայող տեսուչներ եւ ժողովքներ այս ձեւի ծառայութեան մասին քաջալերական արդիւնքներ տեղեկագրած են։ Օրինակ, խնամատան մը մէջ, շուրջ 20 բնակիչներ առաջին քննարկութեան ներկայ գտնուեցան։ Առ ի արդիւնք, 6 բնակիչներ սկսան անհատապէս Աստուածաշունչը ուսումնասիրել։ Ի վերջոյ անոնցմէ մէկը մկրտուեցաւ։ Ուրիշ խնամատան մը մէջ, ուսումնասիրութեան մը շնորհիւ, 85 տարեկան կին մը մղուեցաւ տեղական ժողովքին հետ ընկերակցելու եւ մկրտուելու իր փափաքը յայտնեց։ Իսկ ուրիշ հաստատութիւն մը երբ որոշեց իր գործունէութիւնները միախմբել,– Եհովայի վկաներուն վարած խմբային ուսումնասիրութիւնը չեղեալ ընելով,– բնակիչները պատասխանատուին գանգատեցան։ Ի վերջոյ, ուսումնասիրութիւնը վերսկսաւ եւ անկէ ետք 25–էն 30 անհատներ անոր ներկայ գտնուեցան։
13 Խնամատան բնակիչներուն հանդէպ մեր ցուցաբերած սէրը խոր տպաւորութիւն կը ձգէ ոչ միայն անոնց վրայ, այլեւ՝ ուրիշներուն։ Օրինակ, կրնայ ըլլալ որ անձնակազմի անդամներ ալ ուսումնասիրութեան ընթացքին նստին եւ նոյնիսկ մասնակցին անոր։ Խնամատան մէջ եղողներուն հանդէպ անձնական հետաքրքրութիւն ցուցաբերելու մեր ջանքը նաեւ նպաստաւոր վկայութիւն կու տայ համայնքին (Ա. Պետ. 2։12)։ Երբ պատասխանատուի մը ուսումնասիրութեան նպատակը բացատրուեցաւ, ան ըսաւ. «Ո՞ւր էիք դուք մինչեւ հիմա։ Ե՞րբ կրնաք սկսիլ»։ Ուրիշ պատասխանատու մը գրեց. «Սրտանց կը յանձնարարեմ որ այս խմբային ուսումնասիրութիւնները տեղի ունենան շրջանին բոլոր խնամատուներուն մէջ։ Եհովայի վկաները կը մատակարարեն այս ձրի ծառայութիւնը, որպէս իրենց քարոզչութեան մէկ երեսակը»։ Հաուայիի մէջ, խնամատուն մը Եհովայի վկաները պարգեւատրեց վկայագիրով մը, որուն մէջ գոված էր զիրենք իրենց կամաւոր ծառայութեան համար, զանոնք նկարագրելով որպէս՝ «թանկարժէք գանձ»։
14. Ինչո՞ւ պէտք է ուզենք խնամատան մէջ եղողներուն աջակցիլ։
14 Եհովան տարեցները կը հրաւիրէ որ զինք գովաբանեն (Սաղ. 148։12, 13)։ Խնամատան մէջ եղողներն ալ պարփակուած են։ Թաղամասիդ մէջ կա՞ն խնամատուներ, որոնց մէջ գտնուող տարեցները բարի լուրը լսելով կրնան օգտուիլ։ Տեղական երէցներու եւ խնամատուներու պատասխանատուներուն օգնութեամբ կրնանք լաւ վկայութիւն տալ խնամատուներու մէջ եղողներուն։ Տարեցները յիշելով, Եհովան կ’ընդօրինակենք (Սաղ. 71։9, 18)։
[Շրջանակ՝ էջ 4]
Խմբային քննարկութիւններ՝ խնամատան մէջ
• Ընդունարանի պաշտօնեային եւ հաստատութեան պատասխանատուին լուր տուր ամէն անգամ որ յայտագրուած նիստին համար խնամատուն հասնիս։
• Խումբին համար, ուսումնասիրուելիք հրատարակութիւնը բաւարար թիւով բեր։ Զանոնք կոկիկ պայուսակի մը մէջ զետեղէ եւ ուսումնասիրութեան աւարտին զանոնք հաւաքէ։
• Հանդարտ, ընկերային եւ զուարճալի եղիր։ Բնակիչները անունով կանչէ։
• Պարբերութիւնները մէկ առ մէկ կարդա եւ քննարկէ։
• Հակիրճ հարցումներ ուղղէ։ Ջերմօրէն բոլորը գովէ իրենց պատասխաններուն համար։
• Վարդապետական կամ վիճաբանութեան դուռ բացող հարցումներուն անմիջապէս մի՛ պատասխաներ, հապա զանոնք ետքը հարցնողին հետ առանձին նկատի առ։
• Անձնակազմին եւ բնակիչներուն ազգականներուն հարցումներուն պարզ եւ ուղղակի կերպով պատասխանէ։
• Ամէն պատեհութիւն օգտագործէ՝ Աստուածաշունչի անձնական ուսումնասիրութիւններ սկսելու բնակիչներուն, անոնց ազգականներուն եւ անձնակազմի անդամներուն հետ։