Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի վերաքաղ
Հետեւեալ վերաքաղի հարցումները նկատի պիտի առնուին Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մէջ, Ապրիլ 28–ով սկսող շաբթուան ընթացքին։ Դպրոցի տեսուչը 30 վայրկեան տեւող վերաքաղ մը պիտի վարէ, ծածկելով 3 Մարտէն մինչեւ 28 Ապրիլ 2008 շաբաթներուն նշանակումները։
ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
1. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ մեր դասախօսութիւնը կերտենք նշանակուած նիւթին շուրջ, եւ ասիկա ի՞նչպէս կրնանք ընել։ [կօ էջ 234 պարբ. 1–էջ 235 պարբ. 1]
2. Հարցումները ինչո՞ւ շատ արժէքաւոր են երբ կ’ուսուցանենք։ [կօ էջ 236 պարբ. 1-5]
3. Հարցումները ի՞նչպէս ունկնդիրներուն կ’օգնեն որ նիւթին շուրջ պատճառաբանեն։ [կօ էջ 237 պարբ. 3–էջ 238 պարբ. 1]
4. Ուսուցանելու ատեն, հարցումներու ճարտար գործածութիւնը ինչո՞ւ կարեւոր է, որպէսզի ունկնդիրը իր ներքին զգացումները արտայայտէ։ (Առ. 20։5. Մատ. 16։13-16. Յովհ. 11։26) [կօ էջ 238 պարբ. 3-5]
5. Ուսուցումի մէջ նմանութիւններու գործածութիւնը ի՞նչ արժէք ունի։ (Ծննդ. 22։17. Երեմ. 13։11) [կօ էջ 240 պարբ. 1-3]
ԹԻՒ 1 ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ
6. Ի՞նչ են Մարկոս գիրքին նշած կարգ մը սկզբունքները, որոնք մեզի պիտի օգնեն Աստուծոյ Թագաւորութեան ներքեւ կեանք ստանալու։ [si էջ 186 պարբ. 32]
7. Սուրբ հոգին ներկայիս ի՞նչպէս կ’օգնէ Աստուծոյ ծառաներուն։ (Յովհ. 14։25, 26) [կօ էջ 19 պարբ. 2-3]
8. Ընթերցանութեան մեծագոյն օգուտը ի՞նչ է։ [կօ էջ 21 պարբ. 3]
9. Ուսումնասիրութիւնը ի՞նչ կը պարփակէ։ [կօ էջ 27 պարբ. 3–էջ 28 պարբ. 1]
10. Ղուկասի Աւետարանը Եբրայերէն Գրութիւններուն ներշնչուած ըլլալուն հանդէպ ի՞նչպէս վստահութիւն կը կերտէ։ [si էջ 192 պարբ. 30-31]
ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՇԱԲԱԹԱԿԱՆ ԸՆԹԵՐՑԱՆՈՒԹԻՒՆ
11. Յիսուս ինչո՞ւ սրբագրեց մարդ մը, որ զինք «բարի վարդապետ» կոչեց։ (Մար. 10։17, 18) [դ08 2/1 «Եհովայի խօսքը կենդանի է՝ Մարկոսի գիրքէն աչքառու կէտեր»]
12. Յիսուս թզենին գործածեց՝ Իսրայէլ ազգին նկատմամբ ի՞նչ լուսաբանելու համար։ (Մար. 11։12-14, 20, 21) [w03 5/15 էջ 26 պարբ. 2-3]
13. Գաբրիէլ հրեշտակը ի՞նչ ըսել ուզեց, երբ Մարիամի ըսաւ. «Ահա՛ պիտի յղանաս որովայնիդ մէջ . . . Սուրբ Հոգին պիտի գայ վրադ, ու Ամենաբարձրին զօրութիւնը հովանի պիտի ըլլայ քեզի»։ (Ղուկ. 1։30, 31, 34, 35, ԱՎ) [դ08 3/1 «Եհովայի խօսքը կենդանի է՝ Ղուկասի գիրքէն աչքառու կէտեր». it-2 էջ 56 պարբ. 2]
14. Յիսուսի աշակերտները իսկապէս կ’ընէի՞ն ‘ինչ որ արտօնուած չէր ընել Շաբաթ օրերը’։ (Ղուկ. 6։1, 2) [մմ 31]
15. Մարթայի տուած Յիսուսի խրատէն ի՞նչ կրնանք սորվիլ։ (Ղուկ. 10։40-42) [w99 9/1 էջ 31]