Սգաւորները մխիթարէ
1. Սգաւորները ինչո՞ւ մխիթարութեան կարիք ունին։
1 Սիրելիի մը մահը ցնցիչ փորձառութիւն մըն է, մանաւանդ անոնց համար որոնք Թագաւորութեան յոյսը չունին։ (Ա. Թես. 4։12) Շատեր յաճախ հարց կու տան. ‘Մարդիկ ինչո՞ւ կը մեռնին։ Անոնք ո՞ւր կ’երթան։ Մահացած սիրելիս անգամ մը եւս պիտի տեսնե՞մ’։ Հետեւեալները կարգ մը թելադրութիւններ են մխիթարելու համար ազգականի կամ բարեկամի մը մահուան համար սգացող անհատները, որոնց կը հանդիպինք դաշտի ծառայութեան մէջ։—Եսա. 61։2
2. Եթէ տանտէրը մեզի ըսէ թէ ինք սգաւոր է, պէ՞տք է միշտ փորձենք յաւելեալ վկայութիւն մը տալ։
2 Դռնէ դուռ. Թերեւս տանտէր մը մեզի ըսէ թէ իր ընտանիքին մէկ անդամը նոր մահացած է։ Անհատը զգացականօրէն կը տառապի՞։ Տունը սգաւոր ազգականներո՞վ լեցուն է։ Այսպիսի պարագաներուն, լաւագոյն բանն է մեր այցելութիւնը չերկարել։ (Ժող. 3։1, 7) Թերեւս կարենանք մեր ցաւակցութիւնը յայտնել, յարմար թերթիկ, պարբերաթերթ կամ գրքոյկ մը տալ ու մեկնիլ։ Կրնանք աւելի յարմար ժամանակ մը վերադառնալ, Աստուածաշունչէն յաւելեալ մխիթարութիւն մատուցանելու համար։
3. Եթէ պարագաները թոյլատրեն, վշտահար տանտիրոջ մը ո՞ր համարները կրնանք ցոյց տալ։
3 Այլ առիթներով, թերեւս զատորոշենք թէ առաջին այցելութեան ընթացքին կարելի է աւելի բաներ խօսիլ։ Թէեւ ասիկա սխալ տեսակէտները հերքելու ժամանակը չէ, բայց կրնանք անոնց կարդալ յարութեան նկատմամբ Աստուածաշունչի խոստումները։ (Յովհ. 5։28, 29) Կամ կրնանք անոնց ըսել թէ Աստուածաշունչը մեռելներու վիճակին մասին ի՛նչ կ’ըսէ։ (Ժող. 9։5, 10) Յարութեան մասին Աստուածաշունչի պատմութեան մը ակնարկելը նոյնպէս կրնայ մխիթարել։ (Յովհ. 11։39-44) Այլ ընտրանք մըն է նկատի առնել հաւատարիմ Յոբի խօսքերը, որոնք Եհովայի հանդէպ յոյս կը յայտնեն։ (Յոբ 14։14, 15) Մեկնելէ առաջ կրնանք ներկայացնել՝ Ի՞նչ կը պատահի մեզի երբ կը մեռնինք, Երբ սիրելի մը մեռնի. . . , կամ այլ յարմար գրքոյկ կամ թերթիկ մը։ Կամ ալ կրնանք Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ գիրքը ներկայացնել, 6–րդ գլուխին մէջ եղող տեղեկութիւնը ուշադրութեան յանձնել, եւ կարգադրութիւն ընել որ յաջորդ այցելութեան այս նիւթին մասին աւելի խօսինք։
4. Մխիթարելու ուրիշ ի՞նչ առիթներ ունինք։
4 Այլ առիթներով. Եթէ Թագաւորութեան Սրահին մէջ յուղարկաւորութիւն կամ թաղման արարողութիւն մը տեղի կ’ունենայ, հոն անհաւատներ ներկայ պիտի ըլլա՞ն։ Կարելի է անոնց մատչելի դարձնել մխիթարութիւն մատուցանող հրատարակութիւններ։ Կարգ մը գերեզմանատուներ գնահատութիւն յայտնած են, երբ անոնց առաջարկուած է սգաւոր ընտանիքները մխիթարող հրատարակութիւններ տրամադրել։ Երբեմն, լրագիրներուն մէջ լոյս տեսնող մահազդներ ճամբան հարթած են ընտանիքի սգաւոր անդամներուն մխիթարական հակիրճ նամակ մը գրելու։ Առիթով մը, թերթիկներու հետ մէկտեղ նամակ մը ստանալէ ետք, այրի մարդ մը ու իր դուստրը հրատարակիչներուն քով գացած եւ անոնց հարցուցած են. «Այս նամակը ղրկողը դո՞ւք էիք։ Եթէ այո՛, կ’ուզեմ Աստուածաշունչին մասին աւելին գիտնալ»։ Մարդն ու իր դուստրը համաձայնեցան Աստուածաշունչը ուսումնասիրել եւ սկսան ժողովներուն ներկայ գտնուիլ։
5. Սգաւորները մխիթարելու առիթները օգտագործելու նկատմամբ ինչո՞ւ պէտք է արթուն ըլլանք։
5 Ժողովող 7։2–ը կ’ըսէ. «Սուգի տուն երթալը կոչունքի տուն երթալէն աղէկ է»։ Սգաւորը սովորաբար աւելի տրամադրութիւն կ’ունենայ Աստուծոյ Խօսքը մտիկ ընելու քան՝ կոչունքի մէջ եղողը։ Բոլորս ալ պէտք է արթուն ըլլանք զատորոշելու այն առիթները, երբ կրնանք սիրելիի մը կորուստը սգացող անհատները մխիթարել։