Բացումներ՝ պարբերաթերթերը ներկայացնելու համար
ԴԻՏԱՐԱՆ Ապրիլ 1
«Կը փափաքիմ այս շատ ծանօթ համարին մասին կարծիքդ առնել։ [Կարդա՛ Յովհաննէս 3։16–ը։] Բնաւ հարց տուա՞ծ ես թէ մէկ մարդու մահը ի՛նչպէս կրնայ պատճառ ըլլալ որ ուրիշներ յաւիտենական կեանք ստանան։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Այս պարբերաթերթը յստակ ու գոհացուցիչ բացատրութիւն մը կու տայ, Յիսուսի մահէն ի՛նչպէս օգտուելու մասին»։
Apr.
«Շատ ընելիքներ ունենալով, շատեր Աստուծոյ պաշտամունքին ժամանակ յատկացնելը դժուար կը գտնեն։ Դուք ալ ասիկա դժուար կը գտնէ՞ք։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա կարդա՛ Եփեսացիս 5։15-17–ն։] Այս յօդուածը Աստուածաշունչի տրամաբանական պատասխանը կու տայ այն հարցին շուրջ թէ՝ Աստուած մեզմէ ո՞րքան ժամանակ ու կորով կ’ակնկալէ որ իրեն յատկացնենք»։ Ներկայացուր Էջ 20–ի վրայ սկսող յօդուածը։
ԴԻՏԱՐԱՆ Մայիս 1
«Կը փափաքի՞ս այս մարգարէութեան կատարումը տեսնել։ [Կարդա՛ Եսայի 2։4–ը։ Ապա թոյլ տուր որ պատասխանէ։] Նկատի առ թէ Աստուած մարդկային հարցերուն միջամուխ պիտի ըլլայ եւ ‘պիտի յանդիմանէ’։ Աստուածաշունչը կը նշէ թէ Աստուած Արմագեդոն կոչուած պատերազմ մը պիտի մղէ, որ բոլոր պատերազմներուն վերջ պիտի դնէ։ Այս պարբերաթերթը կը բացատրէ թէ Արմագեդոնը ի՛նչ է եւ ինչո՛ւ անոր պէտք է սպասենք»։
May
«Ներկայիս շատեր ապագայէն կը վախնան։ Ի՞նչ կը խորհիս, վիճակները պիտի բարելաւուին թէ ոչ պիտի վատթարանան։ [Թոյլ տուր որ պատասխանէ։ Ապա կարդա՛ Յայտնութիւն 21։3, 4–ը։] Այս պարբերաթերթը կը բացատրէ թէ ինչո՛ւ կրնանք վստահ ըլլալ թէ Աստուած շուտով պիտի լուծէ այն խնդիրները զորս մարդկութիւնը չէ կրցած լուծել»։