«Իմ լուծս ձեր վրայ առէք»
1 Ճնշումներով ու մտահոգութիւններով լեցուն աշխարհի մը մէջ, իսկական հանգստութիւն գտած ենք՝ ընդունելով իր լուծին տակ գալով թարմանալու Յիսուսի հրաւէրը։ (Մատ. 11։29, 30) Աշակերտ ըլլալու լուծը ընդունիլը կը պարփակէ՝ մասնակցիլ գործի մը որ ո՛չ միայն դժուար է, այլ նաեւ՝ թարմացուցիչ։ Անիկա կը պարփակէ՝ Թագաւորութեան բարի լուրը քարոզել եւ ուրիշներուն օգնել որ Յիսուսի քաղցր լուծին տակ մեզի հետ թարմացում գտնեն։—Մատ. 24։14. 28։19, 20
2 Ծառայութենէն ձեռք ձգուած թարմացում. Յիսուս իր հետեւորդներէն չխնդրեց որ իրենց կրած բեռին վրայ իր բեռն ալ աւելցնեն։ Ան զիրենք հրաւիրեց որ իրենց ծանր բեռը փոխարինեն իր թեթեւ բեռով։ Այլեւս ծանրաբեռնուած չենք իրերու այս դրութեան մտահոգութիւններով ու յուսահատութեամբ. ո՛չ ալ անստոյգ հարստութեան համար կ’աշխատինք։ (Ղուկ. 21։34. Ա. Տիմ. 6։17) Թէեւ զբաղած ենք եւ կ’աշխատինք մեր առօրեայ պէտքերը ձեռք ձգելու համար, սակայն Աստուծոյ պաշտամունքը մեր կեանքին առանցքը դարձուցած ենք։ (Մատ. 6։33) Եթէ պատշաճ հայեցակէտ մը ունինք թէ ի՛նչն է ամենակարեւորը, այն ատեն ծառայութիւնը միշտ թարմացուցիչ պիտի ըլլայ եւ ո՛չ թէ բեռ մը։—Փիլ. 1։10
3 Բնականաբար, մեր սրտին սիրելի եղող որեւէ բանի մասին խօսելէ հաճոյք կ’առնենք։ (Ղուկ. 6։45) Բոլոր Քրիստոնեաները խորապէս հետաքրքրուած են Եհովա Աստուծմով եւ իր խոստացած օրհնութիւններով։ Հետեւաբար, ո՜րքան թարմացուցիչ է ծառայութեան ընթացքին «բարի բաներու աւետիս»ին մասին խօսիլ եւ մեր առօրեայ հոգերը մեր ետին ձգել։ (Հռով. 10։15) Անշուշտ, բան մը ո՛րքան աւելի ընենք, ա՛յնքան աւելի հմուտ կ’ըլլանք եւ աւելի ուրախութիւն կը զգանք։ Հետեւաբար, ծառայութեան աւելի ժամանակ յատկացնելը, եթէ կարող ենք, յաւելեալ թարմացում պիտի տայ։ Իսկ ո՜րքան ոգեւորիչ է երբ անհատներ մեր քարոզչութեան ընդառաջեն։ (Գործք 15։3) Նոյնիսկ երբ անտարբերութեան կամ հակառակութեան հանդիպինք, ծառայութիւնը հոգեւոր թարմացում պիտի տայ եթէ ի մտի ունենանք թէ մեր ջանքերը Եհովան կը հաճեցնեն եւ թէ որեւէ դրական արդիւնք իր օրհնութեան շնորհիւ է որ պիտի ըլլայ։—Գործք 5։41. Ա. Կոր. 3։9
4 Յիսուսի հրաւէրը ընդունելով, որպէս Եհովայի Վկաներ իր կողքին ծառայելու առանձնաշնորհումը պիտի վայելենք։ (Եսա. 43։10. Յայտ. 1։5) Ասկէ աւելի թարմացուցիչ բան չկայ։