Անոնք ի՞նչպէս պիտի լսեն
1. Քարոզչութիւնը ինչո՞ւ կրնայ մարտահրաւէր մը ըլլալ, իսկ ինչո՞ւ կը յարատեւենք։
1 Եհովայի օրուան արագօրէն մօտենալուն ի տես, ստիպողական կարիք կայ որ անհամար անհատներու օգնենք, Աստուծոյ մասին ու մարդկութեան նկատմամբ իր նպատակին մասին ճշգրիտ գիտութիւն ձեռք ձգելու (Յովհ. 17։3. Բ. Պետ. 3։9, 10)։ Ասիկա երբեմն կրնայ դժուար ըլլալ, քանի որ շատեր անտարբեր են կամ մեր քարոզչութեան պատճառաւ մեզ կը ծաղրեն (Բ. Պետ. 3։3, 4)։ Այսուհանդերձ ամէն պատճառ ունինք հաւատալու, թէ մեր թաղամասին մէջ տակաւին կան անհատներ, որոնք բարի լուրը պիտի ընդունին՝ անգամ մը որ զայն լսեն։ Այսպիսիներ ի՞նչպէս պիտի լսեն առանց մէկուն քարոզելուն (Հռով. 10։14, 15)։
2. Պօղոս առաքեալի օրինակը ի՞նչպէս մեզ կը քաջալերէ։
2 Հակառակութիւն դիմագրաւել։ Թագաւորութեան պատգամը լսելու կամեցողութիւն ունեցողները ի մտի ունենալով, քարոզելէ պէտք չէ ետ կենանք։ Եւրոպայի մէջ Փիլիպպէ առաջին քաղաքն էր, ուր Պօղոս առաքեալ բարի լուրը քարոզեց։ Իր եւ Շիղայի դէմ սուտ ամբաստանութիւններ ուղղուելով, երկուքն ալ գաւազաններով ծեծուեցան ու բանտը դրուեցան (Գործք 16։16-24)։ Սակայն այս ցաւալի փորձառութիւնը պատճառ չեղաւ որ Պօղոս վախնալով ետ քաշուի։ Երբ միսիոնարական շրջապտոյտը շարունակելով յաջորդ քաղաքը՝ Թեսաղոնիկէ այցելեց, ան ‘համարձակութիւն ունեցաւ Աստուծմով’ (Ա. Թես. 2։2)։ Պօղոսի օրինակը մեզ չի՞ քաջալերեր որ ծառայութեան մէջ անխախտ մնանք (Գաղ. 6։9)։
3. Ի՞նչ բան կրնայ պատճառ ըլլալ որ նախապէս չհետաքրքրուած անհատներէն ոմանք իրենց սրտի կեցուածքը փոխեն։
3 Շատեր, որոնք տարիներ մերժած են մտիկ ընել, իրենց սրտի կեցուածքը փոխած են։ Տնտեսական ձախորդութիւն, հիւանդութիւն, ընտանիքին մէջ մահ կամ աշխարհի տարածքին տեղի ունեցած խռովեցուցիչ դէպքերու տեղեկագրութիւնները կրնան այսպիսի փոփոխութիւն մը յառաջացնել (Ա. Կոր. 7։31)։ Շատեր, որոնց ծնողները հակառակ էին, այժմ չափահաս են ու կ’ուզեն ականջ տալ։ Մեր քարոզչութիւնը շարունակելը պատեհութիւն կու տայ անոնց, որ ‘Տէրոջը անունը կանչեն’, ուշ ըլլալէ առաջ (Հռով. 10։13)։
4. Ի՞նչ բան մեզ կը խթանէ որ շարունակենք ‘անդադար’ քարոզել։
4 ‘Չդադարիլ’։ Աստուծոյ ու դրացիին հանդէպ սէրը մեզ պիտի խթանէ, որ քարոզելու եւ աշակերտելու գործին մէջ ‘չդադարինք’, ճիշդ ինչպէս որ առաջին դարուն առաքեալները ըրին (Գործք 5։42)։ Շատեր ներկայ ‘բոլոր պղծութիւններուն համար կը հառաչեն ու կ’ողբան’ (Եզեկ. 9։4)։ Անոնք բարի լուրը լսելով, ի՜նչ յոյս եւ հանգստութիւն կ’ունենան։ Նոյնիսկ երբ մարդոց մեծամասնութիւնը կը մերժէ մտիկ ընել, աստուածաշնչական երաշխիք ունինք, թէ Եհովա մեր ջանքերուն կը հաճի (Եբ. 13։15, 16)։