Աստուածաշունչը հմտօրէն գործածէ
1. Աստուածաշունչը ինչո՞ւ շատ օգտակար է։
1 Աստուծոյ ներշնչեալ Խօսքը հմտօրէն գործածելը, մեզ կարող կը դարձնէ որ յստակօրէն ճշմարտութիւնը ծանուցանենք ու սորվեցնենք, եւ սուտ ուսուցումներն ու մարդկային աւանդութիւնները քօղազերծենք (Բ. Տիմ. 2։15. Ա. Պետ. 3։15)։
2. Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ համարները հմտութեամբ գտնելու։
2 Աւելի քաջատեղեակ եղիր։ Ինչպէս է պարագան որեւէ գործիք գործածելուն, հմտութիւնը յառաջ կու գայ՝ աւելի քաջատեղեակ ըլլալով։ Աստուածաշունչը կողքէ կողք կարդալը, անոր բնաբանին մասին ընդհանուր պատկեր մը կու տայ քեզի։ Ասիկա նաեւ կ’օգնէ, որ համարներ յիշես ու դիւրաւ գտնես։ Սուրբ Գրութիւններուն աւելի քաջատեղեակ դառնալով, աւելի նախանձախնդրութեամբ ու համոզումով պիտի խօսիս, երբ անպաշտօն կերպով եւ դաշտի ծառայութեան մէջ ուրիշներու կը վկայես (Ա. Թես. 1։5)։
3, 4. ա) Աստուածաշունչին աւելի քաջատեղեակ ըլլալու կարգ մը կերպերը ի՞նչ են։ բ) Սուրբ Գրութիւններուն աւելի քաջատեղեակ ըլլալու այլ կերպեր գործածա՞ծ ես։
3 Ժողովքային հանդիպումներուն ընթացքին Աստուածաշունչդ բանալն ու կարդացուած համարներուն հետեւիլը սովորութիւն դարձուր։ Երբ անձնական ուսումնասիրութիւն կ’ընես ու ժողովներուն նիւթերը կը պատրաստես, նշուած համարները բաց եւ անոնց կիրարկման վրայ խորհրդածէ։ Շատեր նկատած են, թէ համարները ուղղակի Աստուածաշունչէն կարդալը, փոխանակ՝ համակարգիչի պաստառէն կամ տպօնէ, յետագային զանոնք գտնելը կը դիւրացնէ (Յովհ. 14։26)։
4 Կարգ մը ընտանիքներ ժամանակ յատկացուցած են համարներ գոց սորվելու։ Ասիկա կարելի է ընել քարտեր գործածելով, որոնց մէկ կողմը համարին տեղը գրուած է, իսկ միւս կողմը՝ համարին բովանդակութիւնը։ Անոնք կարգով այս քարտերը կը գործածեն տեսնելու, թէ կրնա՞ն համարը մէջբերել կամ անոր տեղը նշել։ Դաշտի ծառայութեան ներկայացումներ եւ Աստուածաշունչը գործածելով առարկութեան կամ հարցումի մը պատասխանելու փորձ ընելն ալ մեր հմտութիւնը կ’աւելցնէ։
5. Ինչո՞ւ կ’ուզենք Աստուածաշունչը գործածելու մէջ աւելի հմուտ դառնալ։
5 Ուրիշ ոչ մէկ գիրք կրնայ Աստուածաշունչին արժէքը ունենալ։ Միայն անիկա կրնայ մարդիկը «իմաստուն ընել. . . փրկուելու» (Բ. Տիմ. 3։15)։ Որովհետեւ մեր թաղամասին մէջ մարդոց մեծամասնութիւնը չի գիտեր Աստուածաշունչին բովանդակած թանկարժէք գանձերը, մեր հմտութիւնը աւելցնելու վաւերական պատճառ ունինք, որպէսզի անոնց ցոյց տանք թէ Աստուածաշունչը իրապէս ի՛նչ կը մատուցանէ (Առ. 2։1-5)։