Հոկտեմբեր 12–ով սկսող շաբթուան յայտագիրը
ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 12–ՈՎ ՍԿՍՈՂ ՇԱԲԱԹԸ
Երգեցողութիւն 114
□ Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն
«Աստուծոյ սէրը» գլուխ 11 պարբ. 10-19
□ Աստուածպետական ծառայութեան դպրոց
Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. Բ. Օրինաց 4-6
Թիւ 1. Բ. Օրինաց 4։15-28
Թիւ 2. Եհովան ու իր Որդին յիշել (lr գլուխ 37)
Թիւ 3. Ե՞րբ կրնայ ըսուիլ թէ քիչ բանը աւելի լաւ է (Առ. 15։16)
□ Ծառայութեան ժողով
Երգեցողութիւն 13
5 վյրկ. Ծանուցումներ։
10 վյրկ. ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՏՆԱՅԻՆ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՎԱՐԵԼ։ Դասախօսութիւն հիմնուած՝ Կազմակերպուած գրքին վրայ, էջ 98, պարբերութիւն 1–էն մինչեւ էջ 99, պարբերութիւն 1։ Հրատարակիչներէն խնդրէ որ հակիրճօրէն խօսին այն ուրախութեան մասին, զոր վայելած են՝ անհատի մը սորվեցնելով ճշմարտութիւնը։
10 վյրկ. ՀՈԿՏԵՄԲԵՐԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԵԼԻՔ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ։ Երկու ցուցադրութիւն պարփակէ։ Մէկուն մէջ հարցում մը կ’ուղղուի, որուն պատասխանը վերայցելութեան ընթացքին պիտի տրուի։ Միւսը ցոյց կու տայ, թէ առաջին հանդիպումին ի՛նչպէս կարելի է Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը առաջարկել։ Իւրաքանչիւր ցուցադրութենէ ետք, ներկաներուն հետ քննարկէ նշուած կէտերը։
10 վյրկ. «Անպաշտօն վկայութեան համար պատրա՞ստ ես»։ Հարց–պատասխանով քննարկում։
Երգեցողութիւն 14