Անպաշտօն վկայութեան համար պատրա՞ստ ես
1. Ո՞ր օրինակը ցոյց կու տայ, թէ անպաշտօն վկայութիւնը կրնայ ազդու ըլլալ։
1 Անպաշտօն վկայութիւնը կրնայ շատ ազդեցիկ ըլլալ։ Աստուածաշունչը կը բովանդակէ լաւ արդիւնք տուող անպաշտօն վկայութեան բազմաթիւ օրինակներ (Յովհ. 4։7-15)։ Այս տեսակ վկայութեան պատրաստուելու համար ի՞նչ կրնանք ընել։
2. Մեր հագուստն ու յարդարանքը ի՞նչպէս կրնան մեզի օգնել վկայութիւն մը տալու։
2 Հագուստ ու յարդարանք։ Մեր հագուստին ու յարդարանքին ամէն ատեն պատշաճ ուշադրութիւն ընծայելը թոյլ պիտի տայ, որ մեր հաւատքը ուրիշներուն հետ ազատօրէն բաժնենք (Ա. Տիմ. 2։9, 10)։ Եթէ մեր երեւոյթին նկատմամբ անհանգիստ կը զգանք, հաւանաբար վկայութիւն մը տալէ ետ պիտի կենանք։ Միւս կողմէ, մեր կոկիկ ու մաքուր դրսերեւոյթը ինքնին կրնայ ուրիշներու հետաքրքրութիւնը արթնցնել։ Օրինակ, ճամբորդութեան ընթացքին, վայելչազգեստ Վկայ ամոլ մը մահմետական մարդու մը կողքին նստած էր։ Անոնց արտաքին երեւոյթը նկատելով, մարդը հարցուց թէ քրիստոնեանե՛ր էին։ Ասիկա դուռ բացաւ, որ անոնք երեք ժամ Աստուածաշունչի շուրջ խօսակցին։
3. Յիսուսի օրինակին հետեւելով, ի՞նչպէս խօսակցութիւն մը սկսած ես։
3 Խօսակցութիւններ սկսիլ։ Երբ Յիսուս Յակոբի ջրհորին մօտ սամարացի կնոջ հանդիպեցաւ, ան խօսակցութիւնը սկսաւ պարզապէս խնդրելով որ իրեն խմելու ջուր տայ։ Նոյնպէս, կրնանք խօսակցութիւն մը սկսիլ՝ հակիրճ խօսք մը ըսելով կամ պարզ հարցում մը ուղղելով։ Թէեւ երբեմն կրնանք վարանիլ, բայց Եհովայի օգնութեան ապաւինելով կրնանք ‘համարձակութիւն ունենալ’ խօսակցութիւն մը սկսելու (Ա. Թես. 2։2)։
4. Ի՞նչպէս կրնանք անպաշտօն վկայութիւն մը տալու համար պատրաստուիլ։
4 Պատեհութիւններ ստեղծել։ Բազմաթիւ հրատարակիչներ անպաշտօն կերպով վկայելու կերպեր գտած են։ Պարագաներդ աչքէ անցուր, եւ խորհէ թէ ամէն օր սովորաբար որո՛նց կը հանդիպիս։ Քեզի հետ կրէ յարմար հրատարակութիւններ եւ պզտիկ Աստուածաշունչ մը։ Ուշադիր եղիր եւ շուրջդ գտնուող անհատներով հետաքրքրուէ։ Նախապէս մտածելով թէ օրուան ընթացքին ի՛նչ պատեհութիւններ կրնաս ունենալ, հաւանաբար աւելի պատրաստ պիտի ըլլաս լաւ վկայութիւն մը տալու (Փլպ. 1։12-14. Ա. Պետ. 3։15)։
5. Անպաշտօն վկայութիւնը ինչո՞ւ դիպուածի պէտք չէ ձգուի։
5 Անպաշտօն կերպով վկայելու պատեհութիւնները օգտագործելու երկու վաւերական պատճառներ ունինք,– Աստուծոյ սէրը եւ դրացիին սէրը (Մատ. 22։37-39)։ Քարոզչութեան ստիպողականութեան ի տես, կարելի չէ անպաշտօն վկայութիւնը դիպուածի ձգել։ Պէտք է պատրաստ ըլլանք ամէն յարմար պատեհութիւն օգտագործելու, որպէսզի Թագաւորութեան բարի լուրը ուրիշներու հաղորդենք, մինչ տակաւին ժամանակ կայ (Հռով. 10։13, 14. Բ. Տիմ. 4։2)։