Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցի վերաքաղ
Ներքոյիշեալ հարցումները նկատի պիտի առնուին Աստուածպետական ծառայութեան դպրոցին մէջ, հոկտեմբեր 26–ով սկսող շաբթուան ընթացքին։
1. Բաղաամի ըսելէ ետք որ Բաղակի մարդոց հետ երթայ, Եհովա ինչո՞ւ Բաղաամի դէմ բարկացաւ, երբ անոնց հետ գնաց (Թուոց 22։20-22)։ [դ04 8/1 էջ 21 պարբ. 2]
2. Եհովայի համար Փենէհէսի ‘նախանձախնդիր ըլլալը’ ի՞նչպէս մեզի կ’օգնէ, որ մեր նուիրումին մասին խորհրդածենք (Թուոց 25։11)։ [դ95 6/1 էջ 16 պարբ. 13]
3. Յեսու ինչո՞ւ Մովսէսի յաջորդ ընտրուեցաւ (Թուոց 27։15-19)։ [w02 12/1 էջ 12 պարբ. 1]
4. Թուոց 31։27–ն ներկայիս ի՞նչպէս կրնայ քրիստոնեաները քաջալերել։ [դ05 4/1 էջ 31]
5. Ապաստանի քաղաքներու կարգադրութիւնը ի՞նչ կերպերով իսրայէլացիներուն օգտակար եղաւ (Թուոց 35։11, 12)։ [դ96 3/1 էջ 24 պարբ. 17]
6. Խոհականութիւնը ինչո՞ւ քրիստոնէական կարեւոր յատկութիւն մըն է, եւ անոր օգուտները ի՞նչ են (Բ. Օր. 1։13)։ [w03 1/15 էջ 30. դ00 10/1 էջ 32 պարբ. 1-3]
7. Մովսիսական օրէնքը ի՞նչ կերպերով Աստուծոյ արդարութիւնը դրսեւորեց (Բ. Օր. 4։8)։ [դ02 6/1 էջ 21-22 պարբ. 8-10]
8. Բ. Օրինաց 6։16-18–ի հետ ներդաշնակ, բացատրէ Եհովան փորձելու շիտակ կերպը եւ սխալ կերպը։ [դ04 10/1 էջ 20 պարբ. 3]
9. Եհովայի խօսքերը ի՞նչպէս իսրայէլացիներուն կարիքներուն գոհացում տուին, եւ այսօր ի՞նչպէս կրնան մեզ սնուցանել (Բ. Օր. 8։3)։ [w99 8/15 էջ 25-26]
10. Բ. Օրինաց 12։16, 24–ը ի՞նչպէս կ’ազդէ մեր տեսակէտին՝ այն բժշկական գործընթացներուն հանդէպ, որոնք հիւանդի՛ն արիւնը կը գործածեն։ [դ00 10/15 էջ 30 պարբ. 7]